ՉԵՐԵՒՑՈՂ ԾՈՒԽԵՐԸ
Պատերազմ է:
Դարձեալ ու կրկին՝ պատերազմ:
Հեռաձայնները մեր ձեռքերուն մէջ՝ կը թուի այնպէս, որ բոլորս, ամբողջ աշխարհը նո՛յն պատերազմին մէջ է:
Դեռ շատ չէր անցած Կազզէի դպրոցներուն, հիւանդանոցներուն ու ամբողջ քաղաքի քարուքանդ տեսարաններէն: Միջնորդներ հաւաքուեցան, համաձայնութիւններ կնքուեցան, խաղաղութիւններ հաստատուեցան, բայց մարդիկ դե՛ռ իրենց աւերուած տուները չդարձան:
Տեղահանուածները, չդարձողները շա՜տ…
Ահա եւ նո՛ր պատերազմ: Ահա եւ բան մը սորվելու համար դպրոց գացած եւ տուն չվերադարձած՝ սպաննուած մանուկներ:
Ո՞վ հաշիւ պիտի տայ այս մանուկներու ծնողներուն: Այս հրթիռները արձակողները՞: Ամպիոնի մը վրայ հպարտ ժպիտով «Օրը ձե՛ր օրն է, ժամը ձե՛ր ժամն է» ըսելով, ժողովուրդի մը երկա՜ր սպասուած «ազատութիւնը» յայտարարող ղեկավարին վզի՞ն է անոնց ահը:
Հոն՝ դրախտին մէջ, Աստուած անոնց պիտի կարենա՞յ համոզել, թէ ինչու հեռացան իրենց սիրած տեղերէն, թէ՞ իրօք դրախտին աւելի լաւ տեղ ըլլալը իրենց աչքերով պիտի տեսնեն ու պիտի չպահանջեն վերադառնալ…
Հոգեւոր խոկումի օրերու մէջ չե՞նք, կը գրեմ, ու ինքս կը ծիծաղիմ՝ դառնօրէն: Որո՞ւն մասին է խօսքը: Մարդո՞ւն: Սրտերը դատողը Աստուած է. ի՞նչ գիտենք, զոհուող մարդոց ու մանուկներուն մէջ ծոմ պահողներ կային թերեւս… ի՞նչ օգուտ: Մեր հեռաձայններու բազմամիլիոն ներբեռնում ունեցող խաղերուն օրինակով՝ մարդիկ նոյնը չե՛ն: Աշխարհի մէջ ե՛րբ, ի՛նչ ըլլալը որոշող մարդիկ կան եւ, ինչ խօսք, որ ճակատագրական որոշումներ ընդունող այդ մարդիկ անբարոյ, անբան, անգէտ, անտեղեակ, լպիրշ, քմահաճ, անսանձ, աներես ու բացասական ածականներու երկա՜ր շարքի մը մարմնացումը կրնան ըլլալ, «տանջուող ուրի՛շ մը փրկելու» հերոսութեան դրօշին տակ կրնան ստել ու ոճիրնե՜ր գործել:
Ճշմարտութեան ու արդարութեան պէս բարոյական արժէքներու մասին կը խօսինք մանուկներուն. «ընկերոջդ գրչատուփին մէջինին, հագածին, կօշիկին մի՜ նայիր» կ՚ըսենք. մանուկը կը հաւատայ, իր գրչատուփին մէջինով, հագածով ու կօշիկով գոհունակ՝ դպրոց կ՚երթայ, անտեղի, անպատճառ ու անարդար հռթիրով մը կը սպաննուի…
Ահա՛ մեր աշխարհը, ահա՛ մեր սորվեցուցածը, ահա՛ մեր ըրածը:
Կը թուի այնպէս, որ բոլորս պատերազմի մէջ ենք գրեցի սկիզբը. շատ ճշմարտացի ու դիպուկ է «կը թուի»ն, քանի որ մեր թաղերուն մէջ չե՛ն երեւիր հեռաձայններու «ռիլ»երուն ու նկարներուն մէջ երեւցած ծուխերը: Հեռու ենք մենք. գործի ենք, դպրոց ու համալսարանն ենք, տունն ենք, խոհանոցն ենք. տեղէ մը երեւցող ծուխ չկա՛յ: Քաղաքագէտներուն մեկնաբանութիւններուն կը նայինք, եթէ՜ հարցը մեզ կը յուզէ, առանց նայելու ալ կրնանք լսել, մէկ վայրկեան, երկու վայրկեան, կը սահեցնենք՝ կ՚երթայ, շատ արագ, դիւրին ճաշ մը պատրաստող կին մը կու գայ, կտրտուած երգ մը կ՚ելլէ, փիլիսոփայական իմաստուն խօսքեր ըսող մը կը հանդիպի… ու մենք շատ յաճախ չենք սահեցներ զանոնք.
Ինչո՞ւ:
Ծուխ չեն, ճի՛շդ է, բայց մեր մէջի ծուխերը կը ծածկեն:
Օ՜հ, չերեւցած մեր ծուխերը…
Պատերազմ է:
Տանդ մէջ, դիմացդ, թէ՛ մէջդ է ծուխը, հոս-հոն հնչող թմբուկներուն ձայները պէտք է լսես. երրորդ աշխարհամարտ, փակուող անցքեր, ահաբեկուած հոգեւոր ազդու առաջնորդ մը, միլիոնաւոր մարդոց հաւաքներ, ցոյցեր, մահ ցանկացող, դեսպանատուն պայթեցնող վրիժառուներ, ենթադրութիւններ, հակազդեցութիւններ, պատերազմին մէջ մտնելիք երկիրներ, կը տոկան, չեն տոկար՝ հարցադրումներ, փոխուելիք վարչակարգեր, սղելիք քարիւղ, պենզին, ոսկի, սղաճ, տագնապ, օտար երկիրներու մէջ ապրող իրենց համայնքներուն մասին մտածող պատասխանատու կառավարութիւններ, նախագահներ եւ…
Կ՚ուզէի, կ՚ուզե՛մ չտեսնել, նորէն ու կրկին անգամ չհիասթափուիլ, բայց փախուստ տալս, չտեսնելս ի՛նչ կը փոխէ…
Այս բոլորը պատահած պահուն, Իրանի Հանրապետութեան հարեւան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը, Ազգային ժողովի նախագահին եւ հոծ իր խմբակին հետ հանրաշարժի մը մէջ անհոգ եւ ուրախ նստած «փերաշքի» եւ կորեկ կ՚ուտեն, իրենց ուտելու պահը կը տեսագրեն, տեսանիւթին մէկ անկիւնն ալ «Նախաճաշ» գրած՝ զայն հանրութեան կը հրապարակեն…
Աս հանգստութեան անունը ի՞նչ է:
«Փերաշքի» ուտող մեր վարչապետին տեսանիւթին տակ՝ «ժողովուրդի ծոցէն եկած վարչապե՜տ» գրող կայ. ասո՞ր անունը ինչ է:
Պատերազմէն փախչելիք իրանցիները տուեալ պահուն ո՞ւր պէտք է երթան, Գանատա՞, թէ հարեւան Հայաստան ու Ատրպէյճան: Մեր տեղահանուածներուն խնդիրը լուծեցի՞նք, որ օտարին օգնենք: Հոն ապրող հազարաւոր հայերը՞: Պէ՞տք է անոնց մասին մտածել: Սուրիոյ երկա՜ր պատերազմի տարիներուն սուրիահայերուն համար ի՞նչ ըրաւ մեր հանրապետութիւնը, որ այսօր պարսկահայերուն համար ընէ…
Զգօն միտք, արթուն խիղճ ու բաբախող սիրտ պէտք է ասանկ բաներ մտածելու համար:
«Բարեւ ախպերս» ըսելով խանութ մը կը մտնէ մեր վարչապետը, խանութի տիրոջ «դո՜ւրս» ըսելէն ետք, մերժուած իր ձեռքը զարմանալի անտարբերութեամբ մը անոր քովինին կ՚երկարէ ան…
Ի՛նչ ըլլալիքը սպասելով՝ աշխարհին չքնացած գիշերը, Ազգային ժողովի մեր նախագահին նշանուելու լուրը կը հրապարակուի, երկնքի լազուր կապոյտին վրայ մեծ սրտաձեւ խաղաղութիւն կը գրուի…
Սրտիկներ, սրտիկներ…
Աշխարհը կ՚եռայ:
Ահա՛ մեր «Իրական» Հայաստանը:
Ո՛չ մէկ տեղէն կրակի ծուխ երեւցող մեր «խաղաղ պետութեան» մէջ ընտրարշաւի մասնակիցներուն մագիլները, ծրագիրները, յայտարարութիւնները, հետս, հետդ, հետը՝ կողմնակցութիւնները, լուծումները, առաջարկներն ու անոնց տարբեր մեկնաբանութիւնները կը սրին, թոշակները կը բարձրանան, սրտերը կը փափկին, ձայները կը բարձրանան, սուտ է, իրաւ է՝ վէճերն ու լուտանքները կը սաստկանան, պառակտուած մեր ազգը մէկ տեղ բերելիք, մէջտեղը գտնելիք միջնորդները կ՚անհետանան, աշխարհը չտեսնող Realıty մեր բացառիկ show-երը կը շարունակուին…
Մարդիկ սրտիկներ կը դնեն, ի՛նչպէս՝ չեմ գիտեր:
Աթոռի ժամանակ է, կը հասկնամ.
Անոնց միտքերուն մէջ օրօրուող խոստացուած խոստումները չեմ կրնար տեսնել, անկասկած, բայց…
Ողջ ու տրոփող սրտերուն մէջ վառած՝ անարժանապատիւ, անհայրենիք մեր իշխանութեան ազգակործան անտարբերութեան կրակին ամէն գնով ծածկուող ծուխերը կը տեսնեմ ու կը սպասեմ…
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ