ՀԱՒԱՏՔ ԱՌ ԱՍՏՈՒԱԾ

Հաւատքը մարդուն համար այն դրամագլուխն է, որով ան կրնայ անկարելի թուացած բաները կարելիի վերածել, սահմանափակ բաները՝ անսահմանափակի, իսկ դժուարահասանելի բաները՝ դիւրամատչելի: 

Զգոյշ պէտք է ըլլանք սակայն, եւ հաւատքի հետ իբր նիւթական դրամագլուխ պէտք չէ վերաբերինք: Երբ նիւթական հասկացողութեամբ մօտենանք այդ դրամագլուխին, այն մեր դատապարտութեան դրամագլուխը կը դառնայ եւ ո՛չ թէ փրկութեան, մինչ հաւատքը առաջին հերթին մեր փրկութեան դրամագլուխն է:

Պօղոս առաքեալ Եբրայեցիներուն ուղղած նամակին 11-րդ գլուխին մէջ ընդարձակօրէն կը խօսի հաւատքի ինչութեան մասին եւ բամզաթիւ օրինակներ կու տայ նախնիներէն, որոնք իրենց ունեցած հաւատքի շնորհիւ հաւատքի կեանքի ախոյեաններ դարձած են:

Այդ օրինակներէն մէկը Աբրահամի իր զաւակը՝ Իսահակը զոհ մատուցելու դրուագն է, ուր կը կարդանք. «Հաւատքո՛վ է, որ Աբրահամ իր փորձութեան մէջ Իսահակը որպէս զոհ մատուցեց. եւ ան, ով խոստումը ընդունած էր, իր միամօրիկ որդին որպէս զոհ կը մատուցէր: Աբրահամին ըսուած էր, թէ՝ «Իսահակո՛վ քեզի սերունդ պիտի տրուի»: Աբրահամը իր միտքին մէջ մտածեց, թէ Աստուած կրնայ մեռելներէն ալ յարութիւն տալ Իսահակին: Հետեւաբար, որպէս նախօրինակ այդ բանին, ան ետ ստացաւ իր որդին» (Եբր 11.17-19):

Այո՛, Աբրահամը թէեւ մեծ տարիքին ունեցած էր այդ զաւակը, որ խոստումի զաւակ էր, երբեք չտատամսեցաւ զայն զոհաբերելու, երբ այդ բանը խնդրեց իրմէ Աստուած: Աբրահամի հաւատքը Աստուծոյ նկատմամբ այնքան մեծ էր, որ չվարանեցաւ այդ քայլին երթալու, համոզուած ըլլալով, որ Աստուած իրմէ գէշ բան մը պիտի չխնդրէ:

Այսօր մեզմէ շատեր նման իրավիճակներու դէմ յանդիման կը կանգնինք, այլ խօսքով, մեզմէ իւրաքանչիւրս իր առօրեայի ընթացքին փորձութիւններու կը հանդիպի: Անշուշտ, խօսքը հոգեւոր կեանքի ու հաւատքի կեանքի մասին է: Արդեօք ինչպէ՞ս կը վարուինք. մեր միտքին մէջ հազար ու մէկ հաշիւնե՞ր կը կատարենք, հարց ու փո՞րձ կ՚ընենք իմանալու համար հետեւանքները, թէ՞ առանց տատամսելու Աբրահամի օրինակով կը հնազանդինք Աստուծոյ ձայնին եւ առանց քննարկելու կամ հարցաքննելու կը կատարենք մեզմէ պահանջուածը:

Աբրահամի եւ միւս նահապետներուն հաւատքի կեանքը թող մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար դասեր ըլլան, մեր հաւատքի կեանքը Աստուծոյ հանդէպ վստահութեամբ ապրելու, հնազանդելու Անոր կամքին եւ համոզուած ըլլալու, որ Ան ինչ որ կ՚ընէ կամ կը պահանջէ մեզմէ, ապա մեր բարիքին ու շինութեան համար է:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 3, 2026