ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Թիֆլիզի մէջ, ուր երէկ անպաշտօն հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէի հետ։ Երեւան-Թիֆլիզ առանցքին վրայ բուն քննարկումները տեղի կ՚ունենան այսօր։ Վարչապետներու հանդիպման զուգահեռ՝ տեղի կ՚ունենայ Հայաստան-Վրաստան միջկառավարական տնտեսական համագործակցութեան յանձնաժողովի նիստը։

Դէպի Թիֆլիզ ուղեւորութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանին կ՚ընկերանան՝ Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեան, տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան եւ արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան։

Երէկուան անպաշտօն հանդիպումէն վերջ, այս առաւօտ տեղի ունեցաւ վարչապետներու առանձնազրոյցը, որուն յաջորդեցին յանձնաժողովի բանակցութիւնները։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու՝ Փաշինեան եւ Քոպախիծէ քննարկեցին երկկողմանի ռազմավարական յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ մը։ Կարեւորուեցաւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան հետեւողական զարգացումն ու ընդլայնումը երկու հարեւան երկիրներու միջեւ։ Վարչապետները կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային հարցերու շուրջ՝ կարեւորելով խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման ուղղեալ քայլերու շարունակականութիւնը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2026