ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ՔԱՈՍ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ թանտեմին կողմէ Իրանի դէմ ձեռնարկուած յարձակումը արդէն հինգ օրէ ի վեր կը շարունակուի։ Երկիր մոլորակը գերեվարուած է ողբերգութեան ու քաոսի կողմէ, որոնց ճիրաններուն մատնուած մարդկութեան ամենայն յանդգնութեամբ կը մատուցուի պատերազմը՝ որպէս լուծման միջոց։ Թէեւ պատմութեան ընթացքին, ըստ էութեան, պատերազմները խնդիրները չեն լուծած, որպէս այդպիսին, սակայն, սա արգելք չ՚ըլլար, որ նոր պատերազմներ ծագին։ Այժմ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը կրակի մէջ է, իսկ համայն աշխարհ՝ փուշի վրայ։ Թէեւ միջազգային դերակատարները պատերազմը ժամ առաջ կասեցնելու համար ջանքեր կը գործադրեն, սակայն, խաղաղութեան որոնումները սկսած են ընկալուիլ պարզապէս՝ որպէս միամտութիւն։
ԱՄՆ եւ Իսրայէլ ծանրածանր ձեւով կը թիրախաւորեն Իրանը, իսկ այս վերջինը հրթիռներ կ՚արձակէ տարածաշրջանի այն երկիրներուն վրայ, ուր խնդրոյ առարկայ է ԱՄՆ-ի ռազմական ներկայութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, Իսրայէլ սկսած է ուղղակի լայնածաւալ յարձակման անցնիլ Լիբանանի վրայ։ Այսինքն, Իրանի քաղաքներուն եւ բնակավայրերուն նման տեսարաններ ստեղծուած են նաեւ Թել Աւիւի եւ Պէյրութի մէջ։
Ստեղծուած ծանր համայնապատկերին վրայ, երէկ, ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցը։ Երկու ղեկավարները, Ուաշինկթըն-Պերլին յարաբերութիւններուն առընթեր, Սպիտակ տան մէջ շօշափեցին նաեւ Իրանի դէմ յարձակումները։ Թրամփ յայտնեց, որ ինք զգացած էր, որ Իրան պիտի յարձակէր ԱՄՆ-ի վրայ, այս պատճառով ալ հրահանգած էր, որպէսզի անոր դէմ սկսին յարձակումներ։ Թրամփ նշեց, որ Իրան այս պահուն կ՚արձակէ հրթիռներ, սակայն, յարձակումներէն վերջ այդ ընդունակութիւնը պիտի կորսնցնէ։
Ամերիկացի ղեկավարը յայտարարութիւններուն մէջ դժգոհութիւն յայտնեց Անգլիայէն եւ Սպանիայէն, որոնք վերապահութեամբ կը մօտենան ԱՄՆ-ի քայլերուն։
Իր կարգին, Ֆրիտրիխ Մերցն ալ նշեց, որ Իրանի սարսափելի վարչակարգը պէտք է փուլ գայ։ Ան դիտել տուաւ, որ Թրամփի հետ կ՚անդրադառնան Իրանէ ներս հաւանական իշխանափոխութեան յաջորդելիք գործընթացին ու Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ
Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա բոլոր նախազգուշական միջոցները ձեռք կ՚առնէ հաւանական վտանգներու դէմ։ «Խաղաղութեան, անդորրութեան ու կայունութեան ուղղեալ մեր աշխատանքները կը շարունակենք վճռակամութեամբ», ըսաւ Էրտողան՝ դիտել տալով, որ Անգարա շարժման անցած է՝ արիւնահեղութիւնը կասեցնելու նպատակով։
Բաց աստի, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ալ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Թոմ Պարաքի հետ։ Ֆիտան նշեց, որ խաղաղութեան մթնոլորտի վերահաստատման համար Թուրքիա բազմաշերտ բանակցութիւններ յառաջ կը տանի՝ թէ՛ պատկան կողմերուն եւ թէ Եւրոպայի հետ։
