ԱՆՄԱՀ ԼԵԶՈՒԱԲԱՆ ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՅՈՒՇԱԴՐԱՄ

Հայաստանի կեդրոնական դրամատունը վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ դրած է՝ անմահ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին ձօնուած արծաթէ յուշադրամ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս յուշադրամի դիմերեսին վրայ կը գտնուի Հրաչեայ Աճառեանի հեղինակած «Հայերէնի արմատական բառարան»ի կողքը եւ հատուած մը իր ձեռագրէն։ Յուշադրամի դարձերեսին վրայ կը գտնուի Հրաչեայ Աճառեանի դիմանկարը՝ կրաֆիքի ձեւաչափով, նաեւ անոր ստորագրութիւնը։ Էսքիզներու հեղինակներն են՝ Յարութիւն Սամուէլեան (դիմերես) եւ Անի Աճառեան (դարձերես)։ 

Յուշադրամը հատուած է Հոլանտայի Արքայական փողերանոցին մէջ։ Այս յուշադրամի անուանական արժէքն է 1000 հայկական դրամ։ Նիւթը արծաթ է, ծանրութիւնը՝ 33,6 կրամ։ Տրամագիծը կը կազմէ 40 մմ. եւ թողարկուած է 300 հատ։ 2026 թուականի դրութեամբ կատարուած է յուշադրամի թողարկումը։ 

Հրաչեայ Աճառեան (1876-1953) ականաւոր հայ լեզուաբան, բառարանագիր եղած է, նաեւ ակադեմիկոս։ Ան ծնած է Պոլսոյ մէջ, աւարտած է Կեդրոնական վարժարանը։ Մասնագիտական կրթութիւն ստացած է Սթրազպուրկի եւ Սորպոնի համալսարաններուն մէջ՝ աշակերտելով ժամանակաշրջանի մեծանուն հայագէտներուն։

1898-1923 թուականներուն մանկավարժական գործունէութիւն ծաւալած է Էջմիածնի, Շուշիի, Կարինի, Թաւրիզի եւ ժամանակաշրջանի այլ կարեւոր հայաբնակ կեդրոններու մէջ։ Շրջելով հայկական գաւառները՝ ուսումնասիրած է բարբառներ, հաւաքած է հայագիտութեան տարբեր ճիւղերուն վերաբերեալ նիւթեր։ 

1923 թուականին Հրաչեայ Աճառեան հրաւիրուած է դասաւանդել Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս՝ հնարաւորութիւն ստանալով զբաղելու գիտական գործունէութեամբ։ 1924 թուականին ստացած է փրոֆեսէօրի գիտական կոչում, ապա գլխաւորած է համալսարանի Արեւելեան լեզուներու ամպիոնը եւ վարած է տարբեր դասընթացքներ՝ հայոց լեզուի պատմութեան, համեմատական քերականութեան, գրաբարի, բարբառագիտութեան, հայ հին մատենագրութեան, ֆրանսերէնի, պարսկերէնի, արաբերէնի, սանսկրիտերէնի եւ այլ լեզուներու շուրջ։

Հրաչեայ Աճառեան հեղինակած է շուրջ 200 գիտական աշխատութիւն՝ ներառեալ «Հայ բարբառագիտութիւն»ը, «Հայերէնի արմատական բառարան»ը, «Հայոց անձնանուններու բառարան»ը, «Հայոց լեզուի պատմութիւն»ը, «Հայոց լեզուի լիակատար քերականութիւն»ը։ Իր հեղինակած գիրքերուն առընթեր, բազմահազար ուսումնասիրութիւններ կատարած է եւ անոնք արժէքաւոր են ո՛չ միայն հայերէնագիտութեան, այլեւ համաշխարհային լեզուաբանութեան տեսակէտէ։ 

Հրաչեայ Աճառեան անդրադարձած է նաեւ պատմական ոլորտի հարցերուն՝ մանաւանդ հեղինակելով «Հայ գաղթականութեան պատմութիւն» գիրքը։

Այսօր Հրաչեայ Աճառեանի անունով կը կոչուի Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Լեզուի կաճառը։ Իր անունով Երեւանի մէջ կը գտնուի նաեւ բնակելի թաղամաս մը եւ մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ փողոց մը։

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2026