ՏԽՈՒՐ ԷՐ… ՇԱ՜Տ ՏԽՈՒՐ
Պատերազմ է եւ հայր Բարսեղին թաղումը…
Տխուր էր, շա՜տ տխուր…
Տասնամեակներ… Ամբողջ կեանք մը եկեղեցիին նուիրած հայր Բարեղը արագ-արագ պիտի թաղուէր… Ի՛նչ կրնայինք ընել՝ պատերազմ է…
Արցունքը աչքէս չդադրեցաւ, որո՞ւն համար կու լայի, քաղաքական վիճակի՞ն, նոր անմեղ զոհերո՞ւն, պատերազմներու մէջ անցած մեր կեանքերո՞ւն, ո՛չ, այս անգամ հայր Բարսեղին համար էր եւ արցունքս շատ անկեղծ էր։
Տուն-տեղ, ընտանիք ձգած հայր Բարսեղը հազիւ տասնեւմէկ տարեկան կու գայ Երուսաղէմ, իրեն շատ սիրելի եւ երազ մնացած Քէսապէն, ուր այլեւս չդարձաւ։ Հոգեւորականի կոչումը այնքան զօրաւոր էր, որ չմտածեց, թէ ի՛նչ ձգած էր ետին։ Իր սէրը, կեանքի իմաստը Սուրբ Յակոբն էր…
Թաղման ամբողջ արարողութեան ժամանակ միտքս կու գային իր հետ ունեցած կարճ զրոյցներս, իր մտահոգութիւնները, որ քանիցս պոռթկացեր էր ինծի եւ ուզած էր կիսուիլ…
Յիշեցի իր ձեռնադրութիւնը, ուխտը ծառայելու Աստուծոյ, եկեղեցիին եւ դարձաւ անխոնջ աշխատողն ու պահապան հրեշտակը Սուրբ Յակոբ տաճարին։
«Անդրադարձ» ամսաթերթիս եօթներորդ թիւին մէջ շատ անկեղծացած էի մտահոգութիւններս կիսելով ընթերցողիս հետ։ Շաբաթօրեայ պատարագէն ետք երբ մօրս հետ եկեղեցիէն դուրս պիտի գայինք, հայր Բարսեղը մօտեցաւ. «Սպասեցէ՛ք, խօսելիք ունիմ»։
Քիչ մը զարմացած սպասեցինք…
-Շատ սիրեցի վերջին թերթդ, գրէ՛, պէտք է բարձրաձայնենք մեր մտահոգութիւնները, անհոգութիւնը կործանման կը տանի, անտարբերութիւնը բոյն դրած է բոլորին սրտերուն մէջ։ Շնորհակալ եմ քեզի, այս թերթդ սրտէս կը խօսի։
Եւ մօտաւորապէս կէս ժամ պահեց մեզ անդադար խօսելով եւ առիթ չտալով, որ մենք արտայայտուինք։
-Դո՛ւն մի՛ խօսիր, դուն ամէն բան գրած ես արդէն, ձգէ ես խօսիմ… Ի՛նչ պիտի ըլլանք մենք, մեր վերջաւորութիւնը։ Ազգին ցաւերը տեսակ մը, մարդկութեան ցաւերը տեսակ մը…
-Հայր Բարսեղ, վերջապէս կրցաւ խօսիլ մայրս, ամէն ժամանակ իր ցաւերը ունի, նաեւ ձեզի նման նուիրեալներ… Միութիւնը զօրութիւն է, սակայն, անհատներով առաջ կ՚երթայ ազգն ալ, մարդկութիւնն ալ…
-Չեմ գիտեր տիկին Արփինէ, բայց Անուշը պիտի գրէ, որ ապագային ալ կարդան…
Հայր Բարսեղը կը ճանչնամ մանկութենէս, այսպէս է Երուսաղէմը, մեծ ընտանիք մը առանց արիւնակցական կապերու։ Եղած է նաեւ հօրս աշակերտը, անոր համար ըսաւ.
-Հայրդ ողջ ըլլար՝ շա՜տ պիտի ցաւէր, մեր Հայոց պատմութեան ուսուցիչը եղած է եւ հայրենասիրութիւն սերմանած մեր մէջ։
Յարգանքս հայր Բարսեղին հանդէպ չմնաց պարզապէս յարգանք հոգեւորականի մը հանդէպ, ես իր մէջ տեսայ ազգի ցաւերով տառապող մը։ Անոր կողքին իր ծննդավայր Քէսապը, ուր անցուցած էր անկրկնելի մանկութեան առաջին մասը, իրեն համար «Երազային Հալէպը»ի նման մնաց «Երազային Քէսապ»։ Վերջին տասնամեակներուն Քէսապի ճակատագրով տառապեցաւ։ Տառապեցաւ Արցախով, Հայաստանով, հայուն ցաւերով…
Տարի մը առաջ անծանօթուհի մը հեռաձայնեց Աւստրալիայէն ըսելով.
-Ծանօթ չենք մենք, սակայն, շատ կը սիրեմ ու հետաքրքրութեամբ կը կարդամ ձեր գրութիւնները։
Բնականաբար շոյուած զգացի։ Աւելցուց.
-Իմ զարմիկս Երուսաղէմ հոգեւորական է։
-Անո՞ւնը…
-Սերոբ…
-Սերոբ անունով հոգեւորական չունինք, ժամանակին եղած է Վանի որբերէն Սերովբէ սրբազանը, որ չեմ կարծեր կապ ունենայ ձեզի հետ։ Իսկ այժմ ունինք Վրաստանէն երտասարդ հայր Սերովբէ մը, որ նոյնպէս չեմ կարծեր կապ ունենայ ձեզի հետ։
-Սերոբը իր աւազանի անունն է…
Անմիջապէս յիշեցի…
-Հայր Բարսեղը ըսել կ՚ուզէք։
-Այո՛, քեռիիս տղան է, տասնմէկ տարեկանէն չեմ տեսած։ Նախ ինք չկրցաւ գալ ընտանիքը տեսնելու, իսկ մեզի համար պարզապէս անկարելիութիւն էր… Սուրիոյ պատերազմին մենք Աւստրալիա հաստատուեցանք։ Չորս տարիէ ի վեր աւտրալիական անցաթուղթ ունիմ եւ կը փափաքիմ Զատիկին գալ… Ա՜խ, այս պատերազմները՝ ոտքի կ՚ելլենք եւ դարձեալ յուսախաբ կ՚ըլլանք։
-Աղօթենք խաղաղութեան համար…
Այս առտու դարձեալ նոյն թիւով հեռաձայնս հնչեց, արդէն ծանօթներ ենք Շուշան Քազազեան Տէր-Սահակեանին հետ։ Չափազանց յուզուած էր։ Ցաւակցութիւն յայտնեցի, հարցուցի ընտանիքին մասին։
-Քոյրերը պատերազմէն փախած՝ ամէն մէկը մէկ տեղ է։ Ընտանիքնիս բաժան-բաժան եղաւ։
«Հատ մըն ալ հայու սեւ ճակատագիր», պիտի ըսէր Շահան Շահնուր, նոյն ցաւերով տառապող հայ մեծ գրողը…
-Այո, Շուշան, իւրաքանչիւրս տեղ մը կ՚ապրինք, իւրաքանչիւրս տեղ մը պիտի թաղուինք։
Ժամանակին տոհմական դամբարաններ կային, այսօր անոնք ինմաստ չունին այլեւս։
Անսասան թող մնայ Սուրբ Յակոբը իր շուրջը պահելով այս հայկական գաղութ մեծ ընտանիքը։
Հայր Բարսեղը քոյրերուն, եղբայրներուն, զարմիկներուն հետ չմեծցաւ, դեռ ոչ-պատանի եկաւ այստեղ, մենք եղանք իր ընտանիքը։ Ծնունդն ու Զատիկը ընտանիքին հետ չդիմաւորեց, բայց մենք միասին դիմաւորեցինք։ Սուրբ Յակոբ վանքի ուրախ օրերուն միասին ուրախացանք, տխուր օրերուն միասին տխրեցանք… Նոյն ցաւերով տառապեցանք։ Տարիներուն հետ մեր մազերը միաժամանակ ճերմկեցան, մեր դէմքերուն կնճիռները միաժամանակ գծագրուեցան… Սուրբ Յակոբի զանգերուն ունկնդրեցինք եւ խնկաբոյրը շնչեցինք, կեանք մը անցաւ Սուրբ Յակոբ վանքի կամարներուն տակ…
Միակ ազգականը՝ հօրեղբօրորդին, որ պիտի կարենար Հայաստանէն գալ եւ ներկայ ըլլար թաղումին՝ չեկաւ… Պատերազմը սկսաւ։ Հայր Բարսեղին կեանքն ամբողջ ենթարկուած էր պատերազմներու եւ թշնամի երկիրներու անհամաձայնութիւններու քմահաճոյքին։
Եւ ինք իր կեանքին իմաստը գտաւ Սուրբ Յակոբ տաճարի պատերէն ներս… Անձայն նուիրուեցաւ իր պաշտօնին։
Այս վերջին ամիսը միայն երեք անգամ հոլովուեցաւ իր անունը.
-Հայր Բարսեղը հիւանդանոցն է…
-Հայր Բարսեղը ծանր է…
-Հայր Բարսեղը վախճանեցաւ…
Պատերազմը դեռ կը շարունակուի…։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Մարտ 4, 2026, Երուսաղէմ