Հինգշաբթի 12, Մարտ 2026
ՄԻՋԻՆՔԸ՝ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Երէկ, Ֆէրիգիւղի մէջ նշուեցաւ Մեծ պահոց Միջինքը։ Թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները կէսօրին համախմբուեցան ճաշարանին մէջ, ուր ներկայ էին Տ. Կորիւն աւ. քհնյ. Ֆէնէրճեան, հիմնադրի ներկայացուցիչ Նուրհան Փալաքօղլու, վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղ, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ եւ այլ հիւրեր։ Թաղի հոգեւոր հովիւը բացատրութիւններ տուաւ Մեծ պահոց Միջինքի իմաստին մասին։ Ապա, կէսօրուան ճաշի աւարտին բոլորը միասնաբար համտեսեցին Միջինքի առթիւ պատրաստուած աւանադական ջէօրէքը։
Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2026