ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒԻ ԿՈՂՄԷ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու ե­րէկ խմբագ­րու­թեանս հետ կապ հաս­տա­տեց՝ լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ տա­լու հա­մար Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) վեր­ջին ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ու­նե­ցած ե­լոյ­թին շուրջ։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին խօ­սած էր մեր կրթա­կան հա­մա­կար­գի առ­կայ հրա­տապ հար­ցե­րուն շուրջ եւ այս ամ­բող­ջին մէջ անդ­րա­դար­ձած՝ կարգ մը վար­ժա­րան­նե­րը միաց­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին։ Օ­րի­նակ­ներ մէջ­բե­րե­լու ժա­մա­նակ ան ը­սած էր, թէ «Թոփ­գա­բուի վար­ժա­րա­նի պա­րա­գա­յին ալ ի զուր ջան­քեր գոր­ծադ­րուած են, հա­մայն­քի մի­լիոն­նե­րը մսխուած են»։

Ե­րէ­կուան մեր հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու յայտ­նեց, թէ այդ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը եւ մէջ­բե­րուած օ­րի­նա­կին կա­պակ­ցու­թեամբ բա­նա­ձե­ւուած միտ­քը ար­դէն գե­րա­զան­ցած են ի­րենց նպա­տա­կը։ Ա­տե­նա­պետ Շի­րի­նօղ­լու ը­սաւ.

«Ա­ռա­ւել եւս ցաւ զգա­ցի, որ նման հարց մը խնդրոյ ա­ռար­կայ դար­ձաւ մա­նա­ւանդ Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի պա­րա­գա­յին, ո­րու գո­յա­տեւ­ման հա­մար մեծ ջան­քեր գոր­ծադ­րած է մեր հա­մայն­քի գլխա­ւոր բա­րե­րար­նե­րէն Ա­րէտ-Մո­նիք Եր­կա­նեան ա­մո­լը։ Բա­ցար­ձա­կա­պէս չեմ ու­զեր Եր­կա­նեան ա­մո­լը դառ­նաց­նել եւ ան­տե­սել ա­նոր կող­մէ հա­մայն­քին ի նպաստ ներդ­րուած հսկա­յա­կան ջան­քե­րը, ա­պա­հո­վուած նպաս­տը։ Այս հար­ցին շուրջ ես մէկ­տե­ղուե­ցայ նաեւ Մո­նիք Եր­կա­նեա­նին հետ, որ Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի գլուխն անց­նե­լով փրկեց Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նը։ Ան այ­սօր թէեւ պաշ­տօ­նի գլուխ չէ, սա­կայն բո­լորս բա­րո­յա­կան պարտք մը ու­նինք ի­րեն նկատ­մամբ։ Ես Մո­նիք Եր­կա­նեա­նին ալ ցաւ յայտ­նե­ցի իմ այդ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար։ Ան­կեղ­ծօ­րէն նե­րո­ղու­թիւն կը խնդրեմ իմ այդ խօս­քե­րուս կա­պակ­ցու­թեամբ ու չեմ փա­փա­քիր, որ այս հար­ցին վե­րա­բե­րեալ իմ մօ­տե­ցում­նե­րը սխալ ըն­կա­լուին կամ թիւր տպա­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծեն մեր հա­մայն­քին մօտ»։

 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2015