«ՕՏԱՐԱԽՕՍ ՀԱՅԵՐԸ»
«Օտարախօս հայերը» վերնագիրը, Հրաչեայ Աճառեանի «Հայ բարբառագիտութիւն - Ուրուագիծ եւ դասաւորութիւն հայ բարբառների» (1911) ընդարձակ աշխատասիրութեան ենթաբաժանումներէն մէկուն խորագիրն է։ Արդարեւ, հայուն հայերէն չխօսիլը ընդհանրապէս զբաղեցուցած է միտքեր՝ որոնք այս հակասութեան պատճառը ուզած են հասկնալ։ Միթէ «հակասութիւն» չէ՞ «հայ» ըլլալ, բայց «հայերէն» չգործածել, հայերէն չխօսիլ, չգրել եւ չկարդա՛լ։ Ես ինծի միշտ հարցուցած եմ, թէ կա՞յ արդեօք աշխարհի վրայ ուրիշ ժողովուրդ մը՝ որ ընտելացած չըլլայ իր սեփական լեզուին եւ չգործածէ զայն, երբեմն նոյնիսկ յամառ ու կամապաշտ կեցուածք մը ցոյց տալով՝ չգործածելու իր սեփական լեզուն…։
Մշակոյթի ամսուան առթիւ երբ կը թղթատէի գրադարանիս գիրքերը՝ հանդիպեցայ Հրաչեայ Աճառեանի վերոյիշեալ գիրքին։ Կարդացի եւ մեծ մասամբ պատասխան գտայ հարցումիս։ Ուստի փափաքեցայ հատուած մը բաժնել գիրքէն իմ սիրելի ընթերցող բարեկամներու հետ։
ՕՏԱՐԱԽՕՍ ՀԱՅԵՐԸ
Հայերէնը, թէեւ հայութեան ամենամեծ մասին խօսած լեզուն է, բայց հայոցմէ շատերը մոռցած են զայն եւ տիրող ազգերու ազդեցութեամբ՝ իւրացուցած են օտար լեզուները։ Օտարախօս հայերը գլխաւորապէս կը գտնուին Հայաստանի եւ անոր սահմանէն դուրս՝ զանազան օտար երկիրներու մէջ. սակայն բուն Հայաստանի ծայրագաւառներուն մէջ ալ կան տեղեր, ուր հայերէնը օտար լեզուներուն տեղի տուած է։ Ընդհակառակը ամբողջ գաղթական հայերն ալ մոռցած չեն հայերէնը, եւ շատ տեղեր, ինչպէս Նոր-Ջուղա, Աստրախան, Զմիւռնիա, Նիկոմիդիա, Պոլիս, Սուչավա եւ այլն կը խօսին աւելի մաքուր հայերէն բարբառները, քան թէ բուն Հայաստանի հայերէն ոմանք։
Սակայն շեշտելու է այն հանգամանքը, որ ամէն տեղ ալ հայը (նոյն իսկ Հայաստանի մէջ), եթէ իր մայրենի լեզուն կորսնցուցած չէ, առ նուազն երկու լեզու գիտէ, հայերէնի հետ թուրքերէն կամ քրդերէն կամ պարսկերէն կամ ռուսերէն։ Իգական սեռն է որ այս մասին կը կաղայ եւ առհասարակ աւելի հաւատարիմ է իր մայրենի լեզուին, քան արական սեռը։ Հայոց այս երկլեզուութիւնը՝ որ յառաջացած է իրեն բնակակից եւ թուով գրեթէ հաւասար օտար ժողովուրդներէն, մեծ ազդեցութիւն ունեցած է եւ ունի հայերէն լեզուի վրայ։
Օտարախօս հայոց իւրացուցած լեզուները հետեւեալներն են.
Ա.- Թուրքերէն՝ իր երկու մեծ բարբառներով, այն է՝ արեւմտեան թուրքերէն եւ օսմաներէն եւ արեւելեան թուրքերէն կամ Ազէրպայճանի։ Այս լեզուն տարածուած է
1.- գրեթէ ամբողջ Արեւմտեան Փոքր-Ասիոյ մէջ՝ սկսեալ Քասթամունիի քովերէն մինչեւ Զիլէ, ասկէ հարաւ մինչեւ Կեսարիա եւ Կեսարիայէն հարաւ-արեւելք՝ Սիսի ու Այնթապի վրայով մինչեւ Եփրատ։ Այս սահմանագծէն արեւմուտք մինչեւ Մարմարայի, Արշիպեղագոսի եւ Միջերկրականի ծովեզերքները գտնուող բոլոր հայերը թրքախօս են։
Բացառութիւն կը կազմեն միայն Պոլսոյ, Նիկոմիդիոյ եւ Զմիւռնիոյ շրջանին հայերը, նոյնպէս Էնկիւրիի եւ Այտընի գիւղերէն մէկ քանի հատը, որոնք են՝ Սթանօզ, Նալլըհան, Սիվրիհիսար, Էօտէմիշ, Պուրտուր։ Լսած եմ թէ Եոզղատի գիւղերէն մէկ քանին ալ հայախօս են, բայց անոնց անունները յայտնի չեն ինձ։
2.- Նիքսար, Եւդոկիոյ հիւսիսային արեւելեան կողմը, որ թրքախօս հայոց կղզեակ մը կը ներկայացնէ։
3.- Կիպրոս կղզին. ասոր հին գաղթականութիւնը թրքախօս է, բայց նոր գաղթականութիւնը հայախօս է։
4.- Թրքախօս հայոց. շրջան մ՚է նմանապէս Եւրոպական Թուրքիա, Պուլղարիա եւ Արեւելեան Ռումէլի՝ սկսեալ Մարմարայի միւս երեսէն։ Բացառութիւն կը կազմեն միայն Ռոտոսթօ եւ Մալկարա։ Միւս հայաբնակ քաղաքները՝ ինչպէս Կէլիպօլու, Սիլիվրի, Չօրլու, Էրէյլի, Չաթալճա, Ադրիանուպոլիս, Տիմիթոքա, Կիւմիւլճինա եւ Տէտէ-Աղաճ թրքախօս են։ Պուլղարիոյ եւ Արեւելեան Ռումէլիի հին գաղթականութիւնը ամբողջովին թրքախօս էր, բայց աւելի վերջի շրջաններուն հոն գաղթող հայերը պատճառ եղան վերականգնելու մոռցուած հայերէնը, ի հարկէ միայն այն քաղաքներուն մէջ՝ ուր անոնք տեղաւորուեցան մեծ բազմութեամբ, ինչպէս Ֆիլիպպէ, Պուրկաս, Վառնա, Թրնովա, Ռուսճուք, եւ այլն։
Միւս քաղաքները՝ ինչպէս Սիլիստրէ, Ռազկրատ, Շումլա, Սլիվէն, Այթօս, Քարնապատ, Եամպօլի, Էսկի-Զաղրա, Խասքով եւ այլն կը մնան թրքախօս։
5.- Ռումանիոյ հայաբնակ քաղաքներէն անոնք որ նախապէս Պուլղարիայէն գաղթեր են, ինչպէս Պապատաղ, Թուլչա, Սուլինա։ Հոս ալ հայերը վերակենդանացուցին հայերէնը, ինչպէս՝ Կալացի, Իպրայիլի եւ Քէօսթէնճէի մէջ։
6.- Բեսարաբիա, նախապէս Ռումանիոյ պատկանելուն համար թրքախօս է, ինչպէս՝ Իսմայիլ, Բելցի, Բէնդէր, Քիշնեւ, Աքքիրման։ Նոյնպէս բեսարաբիացի հայոց գաղթավայրերը՝ ինչպէս Գիրիգորուպոլիս, Օդեսա ու Քերսոն թրքախօս են։
7.- Տրապիզոնի արեւելեան կողմը գտնուած այն հայերը՝ որ թուրքերու մէջ ցրուած են։
8.- Ախալքալաքի արեւմտեան կողմի գիւղերէն չորսը՝ որոնք են Բաւրա, Խուլգումա, Կարտիկար եւ Տուրս, թրքախօս են։
9.- Օլթիի շրջանին մէջ Օլթիէն 45 վերստ (=ճանապարհի չափ՝ 1067 մեթր) հեռու գտնուած Կալկոս գիւղը՝ 25 տուն թրքախօս է։
10.- Ուրմիոյ լճին հարաւային ափերը, յատկապէս Սավուշբուլաղի եւ Միանդաբի կամ մէկ բառով Պարսկական շրջանի մը սակաւաթիւ հայութիւնը թրքախօս է։
Ինչպէս կը տեսնուի, թրքախօս հայութիւնը ստուար թիւ մը կը կազմէ. բայց բարեբախտաբար այս թիւը օրէ օր պակսելու վրայ է. ամբողջ Անատօլուի գլխաւոր քաղաքներուն, ինչպէս Պրուսայի, Կեսարիայի, Եոզղատի նոր սերունդը՝ շնորհիւ դպրոցներու եւ Պոլիս պանդխտելու՝ արդէն հայախօս դարձած է։ Կիպրոսի, Արեւելեան Ռումէլիի եւ Պուլղարիոյ հայութեան մեծ մասը հայախօս դարձաւ նոր գաղթականներուն շնորհիւ։ Օսմանեան Կառավարութիւնը՝ ներկայապէս մտադրութիւն չունի հայերէնը ջնջելու եւ թուրքերէնը տիրող լեզու դարձնելու։ Բեսարաբիոյ մէջ թուրքերէնի տեղ ռուսերէնն է որ կը տարածուի հիմա. արդէն բոլոր ժողովուրդը ռուսերէն գիտէ եւ թուրքերէնը բոլորովին վերնալու վտանգին մէջ է կարճ ժամանակի մը մէջ։
Բ.- Վրացերէն՝ այս լեզուն կը խօսուի գրեթէ բոլոր վրահայոց մէջ. բացառութիւն կը կազմեն Թիֆլիսը եւ Սեւ ծովի եզերքի քաղաքները, ինչպէս՝ Բաթում, Փօթի, Սոխում եւ այլն։
Վրացախօս են Սղնտխի, Թելաւի, Գորիի, Քութայիսի եւ շրջակայ տեղերու հայերը։ Ախալքալաքի գիւղերէն՝ երկուքը՝ Վարգաւ եւ Խզաբաւրա նոյնպէս վրացախօս են։ Վլադիկաւկազի հայերը մեծաւ մասամբ Վրաստանէն գաղթած ըլլալով՝ նո՛յնպէս վրացախօս են։
Գ.- Պարսկերէն՝ կը խօսուի շատ փոքր սահմանի մը մէջ, այն է Շամախիի մօտ Մադրասա, եւ Ղուբայի մօտ Քիլվան եւ Խաչմաս գիւղերուն մէջ։ Մակար Վրդ. Բարխուդարեանց եւ Մեսրոպ Եպս. Սմատեան իրենց տեղեկագրութեանց մէջ այս գիւղերուն լեզուն կոչած են «լահճերէն» եւ «թաթերէն» անուններով. բայց այս տեսակ անուններով շփոթելու պէտք չկայ, որովհետեւ յիշեալ լեզուն պարսկերէնի շատ մաքուր եւ դիւրահասկնալի բարբառ մ՚է։
Դ.- Չերքէզերէն՝ կը խօսուի մի՛միայն Արմաւիրի մէջ՝ որ Քուբանեան շրջանին մէջ հայաբնակ գիւղ մ՚է։ Արմաւիրի հայերը գաղթեցին Չերքէզիստանէն եւ հիմնեցին այս գիւղը 1830 թուին։
Ե.- Քրդերէն՝ հարաւային հողամասերուն մէջ շատ տարածուած լեզու մ՚է, բայց մայրենի լեզու դարձած է փոքր սահմանի մը մէջ. այն է՝ Խիզանի գիւղերը, Բաղէշի կուսակալութեան մէջ Խարզան եւ Շիրվան գաւառակները, Տիգրանակերտի կուսակալութեան մէջ Մուֆարղին կամ Սլիվան, Պշէրիէ, Պոհտան գաւառակները, Կիլիկիոյ մէջ Սամսատ (հին Սամուսատ) ընդ ամէնը 100 գիւղէ աւելի։
Զ.- Արաբերէն՝ մայրենի լեզու դարձած է Սիւրիոյ, Պաղեստինի, Միջագետքի, Ասորեստանի հայոց մէջ։ Հալէպի, Դամասկոսի, Պէյրութի, Մէրտինի, Մուսուլի, Քէրքիւքի եւ Հայաստանի մէջ ալ Սղերդի հայերը արաբախօս են։
Է.- Ռումաներէն՝ մայրենի լեզու դարձած է ռումանահայ գաղթականութեան մեծագոյն մասին մէջ եւ մաս մ՚ալ Պուքովինայի հայութեան մէջ. միայն Ռումանիոյ արեւելեան ծովեզերեայ մասերը մինչեւ Կալաց թրքախօս՝ կամ նոր հայ գաղթականներու շնորհիւ հայախօս են։
Ը.- Լեհերէն՝ տարածուած է գրեթէ բոլոր լեհահայոց մէջ, բացի Գութերէն, որ հայախօս է։
Լեհաստանի հայերը արդէն ազգովին կորսուած կրնան համարուիլ։
Թ.- Հունգարերէն՝ իբրեւ մայրենի լեզու կը խօսուի բովանդակ Հունգարիոյ եւ Թրանսիլվանիոյ մէջ ցրուած հայերու մէջ, բացի Սամոշույվար կամ Հայաքաղաք եւ Կեռլա կամ Եղիսաբեթուպոլիս քաղաքներէն, որոնք հայախօս են։
Ժ.- Անգլիերէն՝ կը խօսուի հնդկահայ գաղթականութեան մէջ, մինչդեռ Անգլիոյ հայերը տակաւին նոր գաղութ մ՚ըլլալով՝ հայախօս են։
ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆ (1911)
Երբ կը խորհրդածենք հայախօս ըլլալու մասին, կամ ո՛չ, պէտք է ուրեմն նկատի ունենանք պատմական եւ ընկերային իրողութիւնները։ Եւ դարձեալ երբ կը կարդանք Հրաչեայ Աճառեանի վերոյիշեալ աշխատասիրութիւնը, պէտք է նկատի ունենանք թուականը եւ ըստ այնմ արժեւորենք վկայութիւնները…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 23, 2015, Իսթանպուլ