ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ
«Հայփոստ» ընկերութիւնը շրջանառութեան մէջ դրաւ Հայաստանի ուսանողական շինարարական ջոկատներու 50-ամեայ յոբելեանին ձօնուած մասնաւոր բացիկ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, մէկ նամականիշով այս բացիկի անուանումն է «Հայաստանի ուսանողական ջոկատներու 50-ամեակը»։
Հայաստանի Փոխադրութեան ու կապի նախարարութեան եւ «Հայփոստ»ի կողմէ նախընթաց օր Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ կնքման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ անցաւ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ։ Բացիկը կնքեցին Հայաստանի Փոխադրութեան ու կապի փոխ-նախարար Գագիկ Թադէոսեան, «Հայփոստ»ի ընդհանուր տնօրէն Խուան Փապլօ Քէչէճեան եւ Հայաստանի ուսանողական ջոկատներու կոմիսար Ստեփան Ստեփանեան։ Այս վերջինը նշեց, թէ թողարկուած բացիկը կը համարէ շատ մեծ նուէր մը ուսանողական ջոկատներու բոլոր մասնակիցներուն համար ու շատ մեծ ներդրում մը՝ յիշողութեան առումով։ Յառաջիկայ Հոկտեմբերի 31-ին այս բացիկը պիտի բաժնուի ուսանողական ջոկատներու բոլոր մասնակիցներուն։