ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿԵՐՊԱՐԱՆՔՆԵՐԸ
Երեւանի մէջ, Մատենադարանի երդիքին տակ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Վերածնուած մշակոյթ, վերապրած ձեռագրեր» խորագրեալ գիտաժողով մը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմին կողմէ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսաստանէն, Աւստրիայէն, Հոլանտայէն, Գերմանիայէն, Լաթվիայէն, Ղազախիստանէն եւ Վրաստանէն առաջնակարգ կեդրոններու մասնագէտներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Յիշողութեան կերպարանքները» այս միջազգային գիտաժողովը, որ հինգերորդն էր իր նմաններու շարքին, առարկայ դարձաւ անմիջական ուշադրութեան։ Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան այս առթիւ նշեց, թէ հաստատութիւնը գրաւոր ժառանգութեան պահպանման ու վերականգնման առաջին խարիսխային կառոյցն է ոչ միայն նախկին խորհրդային տարածքաշրջանի, այլ նաեւ Եւրոպայի մէջ։ 2015-ի ոգեկոչումներուն ծիրին մէջ առնուած էր այս տարուան գիտաժողովը, որու ընթացքին Թամրազեան դիտել տուաւ, թէ Մատենադարանը բազմաթիւ պայմանագրեր կնքած է արտասահմանեան գործընկերներու, եւրոպական, ԱՊՀ-ական երկիրներէ նշանաւոր կեդրոններու հետ։ Բոլորովին վերջերս համագործակցութիւն մշակուած է նաեւ Գալիֆորնիոյ Ազգային համալսարանին հետ, որու մօտ կը պահպանուին հարիւր հայերէն ձեռագրեր։
«Մատենադարանը հրաշալի օրինակ մըն է միւս հիմնարկներուն համար։ Մեր աշխարհագրութիւնը հետզհետէ կ՚ընդլայնուի. այստեղ կը հրաւիրենք եւրոպական լաւագոյն մասնագէտները, իսկ մեր մասնագէտները միշտ փնտռուած են Եւրոպայի մէջ։ Կան ձեռագրերու վերականգնման նոր հմտութիւններ, գաղտնիքներ եւ նորարարութիւններ, որոնք «կը ծնին» Մատենադարանի մէջ։ Օրինակ՝ միջնադարեան բաղադրատոմերու վերծանման միջոցաւ ձեռագրերու վերականգնումը», ըսաւ Հրաչեայ Թամրազեան, որ անդրադարձաւ նաեւ հին ձեռագրերու եւ փաստաթուղթերու պահպանման եւ ուսումնասիրման կեդրոնէն ներս ի պահ դրուած նմոյշներուն։ Թամրազեան շեշտեց, թէ Մատենադարանը ոչնչացումէ փրկած, պահպանած է եւ այսօր արդէն հանրութեան կը ներկայացնէ բազմաթիւ օտարալեզու ձեռագրեր։ Ըստ Թամրազեանի, Մատենադարանի ձեռագրերու շարքին կան արաբատառ բազմաթիւ նմոյշներ, 1915-ի շրջանին փրկուած քուրաններ, կրօնական գիրքեր եւ նոյնիսկ 16-րդ դարէ մնացած երկու օսմաներէն ձեռագիր։
Գիտաժողովի կազմակերպման աշխատանքներու ընդհանուր համակարգող Արա Խըզմալեանն ալ դիտել տուաւ, որ անցեալ հինգ տարիներուն ընթացքին այս գիտաժողովը ձեռք բերած է լայն ճանաչում՝ համախմբելով գրաւոր ժառանգութեան պահպանման բնագաւառի բարձրակարգ մասնագէտներ, որոնց շարքին կը գտնուին միջնադարագէտներ, ձեռագրագէտներ, վերականգնողներ, ֆոնտապահներ, թանգարանագէտներ, արխիւագէտներ եւ գրադարանավարներ։ Կատարուած աշխատանքի արդիւնքին՝ անցեալ տարուան Դեկտեմբերին Մատենադարանին շնորհուած է գրաւոր ժառանգութեան պահպանման ու վերականգնման ոլորտէն ներս ԱՊՀ-ի տարածքին մէջ Խարսխային կազմակերպութեան կարգավիճակ։ Այս առումով գիտաժողովն ալ լաւագոյն եւ հիմնական հարթակ մը կը համարուի համապատասխան գործառոյթներու իրականացման տեսակէտէ։
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024