ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄՕՏ ԻՐԱՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախընթաց օր տեսակցեցաւ Երեւանի մօտ Իրանի նորանշանակ դեսպան Սէիտ Քեազըմ Սաճիտի հետ։ Զրոյցի ընթացքին նախարարը շնորհաւորեց դեսպանը՝ Երեւանի մօտ դիւանագիտական առաքելութեան ձեռնարկած ըլլալու կապակցութեամբ։ Ըստ Յակոբեանի, հայ ժողովուրդը իւրայատուկ յարգանք կը տածէ Իրանի նկատմամբ, որ Հայաստանի դարաւոր հարեւանն է ու բոլոր դժուարին պահերուն սատար կը հանդիսանայ անոր։ Բաց աստի, Հրանոյշ Յակոբեան ուրախութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութեան մեծ փորձառութեան կապակցութեամբ։ Յակոբեան նորանշանակ դեսպանին բացատրութիւններ տուաւ նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան շուրջ եւ այդ ամբողջին մէջ կանգ առաւ իրանահայութեան հետ իրականացուած բազմաբնոյթ ծրագրերուն վրայ։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններուն համար՝ Սէիտ Քեազըմ Սաճիտ նշեց, որ խոր յարգանք ու հիացում ունի իրանահայ համայնքին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին նկատմամբ։ Ան մեծ պատիւ կը համարէ բարեկամ Հայաստանի մէջ դեսպանի առաքելութիւն իրականացնելը։
Նկատի ունենալով, որ երկու երկիրներն ալ ունին սփիւռքներ՝ զրուցակիցները խօսեցան նաեւ այս ուղղութեամբ համագործակցութիւն ծաւալելու հեռանկարներուն շուրջ։
Միւս կողմէ, Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան ատեանին նիստը։