ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՓԱԿ ՏԵՏՐԱԿՆԵՐԸ ԿԸ ԲԱՆԱՅ. ԻՆՉՈ՞Ւ
Իսրայէլի վարչապետը հետամուտ է պատմութեան հին տետրակները բանալու: Ան անցեալ շաբաթ Երուսաղէմի մէջ կայացած «Սիոնիզմի միջազգային» ամենամեայ ժողովին սուր յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով փորձեց նացիական Գերմանիոյ կողմէ հրեաներուն դէմ կատարուած «Հոլոքոստ»ի հիմնական մեղքը բեռցնել արաբներուն վրայ: Իսրայէլի թիւ մէկ պատասխանատուն իր խօսքը կ՚ամրագրէր պատմական փաստով մը՝ յիշատակելով Երուսաղէմի սիւննիներու միւֆթիին հանդիպումը Բ. Համաշխարհային պատերազմի օրերուն (Նոյեմբեր 1941) նացիական Գերմանիոյ ղեկավար Ատոլֆ Հիթլէրին հետ: Պենիամին Նեթանիյահուի տուած ճառէն ետք արեւմտեան մամուլի տարբեր ներկայացուցիչները լայնօրէն անդրադարձան Հաժ Ամին Ալ Հիւսէյինիի այդ շրջանին Պերլինի մէջ Հիթլէրի հետ ունեցած հանդիպման եւ իւրաքանչիւր կողմ հարցը իր շահերու պրիսմակէն դիտելով փորձեց վերլուծել միւֆթիին պերլինեան ժողովը:
Ինչ խօսք, որ Նեթանիյահուի ըրածը բաւարար համոզիչ հիմքեր չունէր համոզելու համար աշխարհը, թէ Հիթլէր հրեաներուն դէմ նախճիրներ գործելու որոշումը ամրագրած է արաբ կրօնապետին հետ իր ունեցած հանդիպումէն վերջ, սակայն երեւելի էր, որ քաղաքական լուրջ տագնապ ապրող վարչապետը նոր խնդիրներ յարուցելով, կը փորձէր մեղադրանքներու նոր ալիք մը բարձրացնել արաբներուն դէմ:
Նեթանիյահու իր այս քայլով ծանր սակարկութեան մը մէջ մտնելով, կը շահագործէր հրեայ ժողովուրդի զոհերուն արժէքը: Անոր կատարած քայլը վատ էր կամ լաւ, այդ մէկը երեւան պիտի գայ Իսրայէլի մէջ կայանալիք յառաջիկայ ընտրութիւններուն, երբ իսրայէլացի քուէարկողը իր խօսքը ըսէ քուէասնտուկներուն մէջ։
Այս հանգրուանին մտահոգիչ է Երուսաղէմի, Արեւմտեան ափի, Բեթղեհէմի եւ Գալիլիոյ մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը: Վերաբնակեցեալ իսրայէլացիներուն համար (որոնք բնիկ չեն, այլ եկուոր) ոեւէ պաղեստինցիի մը արեան թափուիլը դարձած է նպատակակէտ: Նոյնը կարելի է ըսել պաղեստինցիներու մեծագոյն տոկոսին մասին, որոնց ապրած ընկերային, տնտեսական ծանր պայմանները զիրենք դրած են նիհիլիզմի ճանապարհի մը վրայ: Պաղեստինցիք կորսնցուցած են վստահութիւնը իրենց ղեկավարութեան հանդէպ եւ իրենց համար իսրայէլացիներու դէմ կատարուած դաշունահարման երեւոյթը, հակառակ անոր որ դէպքերու աւարտին իրենք կրնան սպաննուիլ, դարձած է իրենց ներկայութիւնը փաստելու միակ միջոց: Արիւնաթաթախ գետինը վնասակար է բոլորին համար ու այս ծիրին մէջ պէտք է դիտարկել ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին Երուսաղէմ ու ապա Ռամալլա տուած յանկարծակի այցելութիւնները, որոնք թէեւ լուծումներ չբերին խնդրին, սակայն յաջողեցան հանդարտեցնել իրավիճակը: Այս լուծման եղանակները երկար շունչ ունենալու ուժ չունին, ու արաբ-իսրայէլեան արդէն տարիներէ ի վեր առկայ տագնապը կրնայ շատ արագ զարգացումներով համապատերազմեան նոր իրավիճակ ստեղծել:
Շատ մը դէտերու համար Իսրայէլ կը մնայ անպարտելի ու անոր զինուորական գերակայութիւնը պիտի «մաքրէ» բոլոր հաշիւները: Ամերիկեան նժարին վրայ՝ Իսրայէլի որդեգրած քաղաքականութիւնը եւ անդադար կերպով բնակեցման նոր վայրեր կառուցելու որոշումները հաշտ աչքով չեն դիտուիր: Միացեալ Նահանգներու նախագահը տարբեր առիթներով փորձած է բացատրել, որ Իսրայէլ այս ընթացքով կրնայ դժուարին իրավիճակներու մէջ ըլլալ: Նոյնը կ՚ըսէ Եւրոպան, որուն հասարակութեան լայն շերտերուն համար Իսրայէլ դարձած է պաղեստինցի ժողովուրդին դահիճը:
Ներկայ հանգրուանին միջազգային գերակշռող ուժերուն հետաքրքրութեան գլխաւոր առանցքը Սուրիան է: Ու այս առումով եւս Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ զինուորական որեւէ խլրտում խստիւ արգիլուած է:
Այլ խօսք, որ գետնի վրայ այսօր օրակարգ պարտադրողը ոչ թէ Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն կամ Նախագահ Մահմուտ Ապպասն են, այլ նոյնինքն պաղեստինցի այն երիտասարդները, որոնք մահը աչքերնին առնելով ամէնօրեայ դրութեամբ դաշունահարումներ կը կատարեն Երուսաղէմի արաբ եւ իսրայէլացի բնակիչներ ունեցող թաղամասերուն մէջ:
Այս բարդ կացութեան դիմաց պատմութեան տետրակները գրգռելը բաւական անհեթեթ է, սակայն Իսրայէլի վարչապետին տիրապետած այս զէնքը եւս գործածութեան կը դրուի իսրայէլացի զինուորական կարգ մը պատասխանատուներու նախքան Ուաշինկթըն այցելութիւն տալը:
Ու նաեւ կարեւոր է դիտարկել, որ Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլ հերթական անգամ ստացաւ այն զինամթերքը, որ իր բանակը պիտի շարունակէ պահել իբրեւ շրջանին մէջ գերակշիռ ուժեղագոյն ուժ ունեցող եւ «անպարտելի» երկիր:
Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ընդհանուր մտահոգիչ դրութեան աղբիւրը արաբ իսրայէլեան հակամարտութիւնն է: Եւ առանց պաղեստինցիներու անկախ պետականութեան ամրագրման՝ անհնար է, որ լաւաներու մէջ գոյատեւող այս հողատարածքները կրնան հանգիստ շունչ մը քաշել եւ ստեղծածար կեանքով ապրիլ:
Ըստ Նեթանիյահուի պատմածին՝ սիւննի միւֆթին Հիթլէրի հետ տեսակցութեան ժամանակ մտահոգութիւն յայտնած է, թէ եթէ Հիթլէր հրեաները իր տիրապետութեան տակ գտնուող տարածքներէն արտաքսէ, ապա անոնք Պաղեստին երթալով գլխու ցաւ պիտի դառնան արաբներուն: Եւ երբ իր մտահոգութիւնը յայտնած է նացիականութեան հիմնադրին, որ բացագանչած է. «Հապա ի՞նչ ընեմ»։ Այդ պահուն արաբ կրօնաւորը հաստատակամ կերպով պատասխանած է. «Այրէ զանոնք»: Ու միշտ հիմնուելով Նեթանիյահուի պատմածին վրայ, Հիթլէր մեծ լռութեամբ մը ընկալած է միւֆթիին պատասխանը:
Թէ ինչքանով տրամաբանական է այս պատումը, կամ ինչքան ճշմարտացի կրնայ ըլլալ այն մօտեցումը, թէ Ատոլֆ Հիթլէրի նման բռնապետ մը իր գործողութիւնները հիմնէր եւ ամրագրէր լսելէ ետք արաբ կրօնաւորին թելադրանքները, յստակ չէ:
Այս մէկը, ոչ միայն մեծ կասկածներ կը յառաջացնէ, այլ նաեւ թոյլ կու տայ, որ իշխանութիւնը իր ձեռքերուն մէջ պահելու խորքային տագնապ ապրող Պենիամին Նեթանիյահուի բոլոր խօսքերը կասկածի տակ առնուին:
Նեթանիյահու կը փորձէ պատմութեան սեւ էջերը գրգռել, նպատակ ունենալով նոր տագնապի մը գիրկը նետել արաբները: Ինչքանով կը յաջողի ան, տակաւին պարզ չէ: Յստակ է միայն, որ ո՛չ արաբները եւ ոչ ալ միջազգային հանրութիւնը իրենց օրակարգերուն ամենէն կարեւոր տեղը տուած են արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան: Միջին Արեւելքի մէջ ընդհանուր իրավիճակը շատ աւելի բարդ է, քան Նեթանիյահուի պատմական տետրակները վերստին բանալու մարտավարութենէն բխող «թելադրանքները»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան