ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցան մեծարանքի հանդիսութիւններ ի պատիւ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Պըրպենքի Առաջնորդարանի դիւանին կողմէ այս մասին հրապարակուած մամլոյ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը։
Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան իր քահանայական ձեռնադրութեան 35-րդ եւ եպիսկոպոսական օծման 25-րդ բարեբաստիկ տարեդարձերուն առթիւ առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարին մէջ Ս. Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց:
Առաւօտեան Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ ժամերգութիւն, որու աւարտին սկսաւ Ս. Պատարագը: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հոգեւորականներու, սարկաւագներու եւ դպիրներու թափօրով եւ Խաչատուրեան երգչախումբին կողմէ երգուած «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, մայր տաճարի գլխաւոր մուտքէն առաջնորդուեցաւ դէպի դասը:
Ս. Սեղանին սպասարկեցին մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան, Ռենչօ Միրաժի Ս. Կարապետ Հայց. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Քհնյ. Զաքարեան, մայր տաճարի սարկաւագներ եւ հիւրաբար Ֆրեզնոյի Ս. Պօղոս Հայց. Եկեղեցւոյ սարկաւագներէն Եղիա Սրկ. Ճենտեան եւ Սթիվըն Սրկ. Ատամզ: Իսկ Ս. Պատարագի ներդաշնակ երգեցողութիւնը կատարեց Խաչատուրեան երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ բազմավաստակ դպրապետ Ստեփան Սրկ. Կէօզիւմեանի:
Արարողութեան մասնակցեցան Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Տ. Եփրեմ Արք. Թապաքեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հիւրաբար թեմ այցելող Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան, Տ. Սիփան Ա. Քհնյ. Մխսեան, Տ. Միքայէլ Քհնյ. Կիւրեղեան եւ Ֆաուլըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Եղիա Ա. Քհնյ. Հայրապետեան:
Տէրունական աղօթքէն առաջ Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան ափսէի մէջ ունենալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին առաքած Հայրապետական օրհնութեան եւ գնահատանաց գիրը, սարկաւագներու եւ դպիրներու թափօրով եւ երգչախումբի կողմէ երգուած «Ուրախ լեր» շարականով, առաջնորդեց դէպի Ս. Խորան: Ապա Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան ընթերցեց Նորին Սրբութեան հետեւեալ օրհնութեան եւ գնահատանաց գիրը։ (Կարդալ յարակից սիւնակին մէջ)։
Տ. Մուշեղ Եպիսկոպոս Պապայեան անձամբ եւս Ամենայն Հայոց Հայրապետին օրհնութիւններն ու շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ անդրադարձաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէն ներս իր ուսանողական օրերուն Սրբազան Հօր Մայր Աթոռ եւ Դպրեվանք կատարած այցելութիւններուն եւ անոր մատուցած օրինակելի ծառայութիւններուն: Ապա Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան անունով իր եղբայրական բարեմաղթիւնները փոխանցեց:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր որդիական սէրն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին՝ իր յղած այս օրհնութեան եւ գնահատանաց գիրին համար եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց Նորին Սրբութեան քաջառողջութեան եւ արեւշատութեան համար:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իւրայատուկ խօսքերով տուաւ իր հոգեւոր պատգամը։ Սրբազան Հայրը իր խօսքի աւարտին ողջունեց ներկայութիւնը հոգեւորականներուն՝ գլխաւորութեամբ Թեմի նախորդ առաջնորդ Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանի: Ապա ողջունեց ներկայութիւնը Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ՝ Տքթ. Վարուժ Սրկ. Ալթըպարմաքեանի, որ թեմէն ներս երկար տարիներու ծառայութիւն ունի, Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանը, Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեանը եւ Գալիֆորնիոյ 35-րդ Շրջանի խորհրդարանի անդամ Խաչիկ (Խաչօ) Աչաճեանը: Ապա ուրախութեամբ ողջունեց ներկայութիւնը իր սիրելի մօր՝ Տիարամայր Ժանէթ Տէրտէրեանի, որ մեծ նուիրումով եւ զոհողութիւններով զինք առաջնորդած է Տիրոջ ծառայութեան:
Մեծ թիւով հաւատացեալներ Ս. Հաղորդութիւն տացան ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի եւ Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի:
Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն կատարուեցաւ երջանկայիշատակ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի եւ թեմի վախճանեալ հետեւեալ առաջնորդներու հոգիներուն համար. Տ. Գարեգին Եպսկ. Խաչատուրեանի, Տ. Մամբրէ Եպսկ. Գալֆայեանի, Տ. Շնորհք Եպսկ. Գալուստեանի, Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանի, Տ. Բաբգէն Եպսկ. Վարժապետեանի եւ Տ. Եղիշէ Եպսկ. Սիմոնեանի:
ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Եկեղեցական արարողութիւններու աւարտին առաջնորդարանի «Փոլ եղբայրներ կալերիա»ի մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն յաջորդեց «Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան» սրահին մէջ ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր քահանայական ձեռնադրութեան 35-րդ եւ եպիսկոպոսական օծման 25-րդ տարեդարձներուն նուիրուած պաշտօնական ճաշկերոյթը, որ կազմակերպուած էր առաջնորդարանի Խնամակալութեան ծրագրի յանձնախումբին կողմէ՝ ատենապետութեամբ Տքթ. Վահրամ Պիրիճիքի:
Յայտագրի հանդիսավարն էր Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան, որ ամենայն ձեռնհասութեամբ եւ հաճելի կերպով կատարեց իրեն վստահուած պարտականութիւնը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային քայլերգները կատարեց «Element Band»ի մաս կազմող Սօսէ Արամունի, ապա իր երգերով եւ նուագներով խանդավառութիւն ստեղծեցին հիւրերու հոգիներուն մէջ:
Հանդիսավար Տէր Հօր հրաւէրով սեղաններուն օրհնութիւնը կատարեց Հալիվուտի Ս. Յովհաննու Կարապետ Հայց. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Հարաւային Գալիֆորնիոյ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Մանուկ Ա. Քհնյ. Մարգարեան:
Հանդիսավար Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան ի սրտէ բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ բոլորս միասին հոգեկան հրճուանքով կը տօնախմբենք Առաջնորդ Սրբազան Հօր քահանայական ձեռնադրութեան 35-րդ եւ եպիսկոպոսական օծման 25-րդ ուրախալի տարեդարձները: Ապա անդրադարձաւ Սրբազան Հօր մատուցած առաքելագործ ծառայութիւններուն եւ հայրական ջերմ հոգածութեան եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց:
Թեմական խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեան, որ Լիբանանի մէջ Սրբազան Հօր մանկութեան ընկերը եղած էր, անդրադարձաւ իրենց քաղցր յուշերուն եւ շեշտեց Սրբազան Հօր բազմակողմանի կարողութիւնները, հեղինակած գիրքերը, ճամբորդութիւնները, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամակցութիւնը, թեմէն ներս նոր ծուխեր հաստատումները, երիտասարդ նոր քահանաներու ձեռնադրութիւնը եւ հոգեւոր առաջնորդութիւնն ու սերտ յարաբերութիւնը քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն եւ պետական պաշտօնեաներուն հետ: Ապա անձամբ եւ Թեմական խորհուրդի անունով իր սրտագին շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ բարեմաղթութիւններ ըրաւ: Շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդարանի Կրօնական բաժանմունքի վարիչ Մաշտոց Չօպանեանին, որ հիանալի կերպով պատրաստած է Սրբազան Հօր այս ձեռնարկին նուիրուած պատկերազարդ գրքոյկը, որ սիրայօժար կերպով տպած է Ռէյ Յարութիւնեան: Շնորհակաութիւն յայտնեց նաեւ առաջնորդարանի «Մետիա»ի պատասխանատու Վահէ Սարգսեանին եւ Արամ Մուսոյեանին, որոնք տպաւորիչ կերպով պատրատած էին Սրբազան Հօր նուիրուած տեսաերիզը: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ հայ քաղաքական աւանդական երեք կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ յարգած էին Սրբազան Հայրը:
Միւս կողմէ, գոնկրէսական Էտըմ Շիֆ իւրայատուկ իր խօսքով շնորհաւորեց Սրբազան Հօր տարեդարձները եւ շեշտեց անոր կատարած բազմակողմանի ծառայութիւնները եւ որպէս խորհրդանշական նուէր Սրբազան Հօր յանձնեց Ուաշինկթըն Տի. Սի.-ի պետական շէնքին (Capitol) վրայ Ապրիլ 24-ին ծածանած ամերիկեան դրօշակը:
Լոս Անճելըս քաղաքի քաղաքապետ Էրիք Կարեսթէի, որ մօտէն ծանօթ է Սրբազան Հօր նախաձեռնած ծրագիրներուն, իր սրտի խօսքը ուղղեց, ապա քաղաքապետարանի կողմէ գնահատագիր մը յանձնեց իրեն:
Արա Նաճարեան, որ քաղաքապետն է հայահոծ Կլենտէյլ քաղաքի, մօտէն ծանօթ ըլլալով Սրբազան Հօր եկեղեցանուէր եւ հայրենանուէր երկարամեայ ծառայութիւններուն, Կլենտէյլ Քաղաքային խորհուրդի եւ համայն բնակչութեան անունով իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Սրբազան Հօր եւ յատուկ գնահատագիր մը յանձնեց իրեն:
Լոս Անճելըս գաւառի Վերակացուներու մարմնի անդամ Մայքըլ Անթոնովիչ, որ երկար տարինրեէ ի վեր սերտ յարաբերութեան մէջ է Սրբազան Հօր եւ չափազանց օգտակար հանդիսացած է մայր տաճարի ինքնշարժներու կանգառի կառուցման արտօնագրի յաջողութեան մէջ, շնորհաւորեց զինք, ապա յանձնեց գնահատագիր մը:
Լոս Անճելըս քաղաքի Քաղաքային խորհուրդի միակ հայազգի անդամ Փոլ Գրիգորեան, որ Սրբազան Հօր կողմէ կը հրաւիրուի թեմի կողմէ կազմակերպուած յատուկ ձեռնարկներուն, ուրախութեամբ շնորհաւորեց Սրբազան Հօր զոյգ տարեդարձները, յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց իրեն եւ յանձնեց գնահատագիր մը:
Խաչիկ (Խաչօ) Աչաճեան, որ Սաքրամենթոյի մէջ Գալիֆորնիա նահանգի խորհրդարանի միակ հայազգի անդամն է, իր սրտի խօսքը ուղղեց եւ ուրախութիւնը յայնեց, որ ներկայ է այս կարեւոր ձեռնարկին: Ապա գնահատագիր մը յանձնեց Սրբազան Հօր:
Իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեան, որ առաջնորդարանի կողմէ Լոս Անճելըսի շրջանի Ամերիկեան կարմիր խաչի մօտ Սրբազան Հօր ներկայացուցիչն է, Կարմիր խաչի վարիչ տնօրէ՝ Jarrett Barrios-ի եւ իր ստորագրութեամբ գնահատագիր մը յաձնեց Սրբազան Հօր:
Սրբազան Հայրը իւրաքանչիւրին իր յատուկ խօսքն ու շնորհակալութիւնները յայտնեց եւ գնահատեց անոնց սերտ համագործակցութիւնը Արեւմտեան Թեմի հետ եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց:
Տքթ. Վահրամ Պիրիճիք իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ 2003 թուին Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ ընտրութենէն ետք հիմնեց Խնամակալութեան ծրագիրը, որուն գլխաւոր նպատակն է կրթաթոշակ յատկացնել քահանայութեան թեկնածու սարկաւագներուն: Պիրիճիք Ս. Գրային մէջբերումներ կատարելով մեծապէս գնահատեց Սրբազան Հօր հոգեւոր առաջնորդութիւնն ու ծառայութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ:
Առ ի գիտութիւն Խնամակալութեան ծրագրի օժանդակութեամբ եւ Սրբազան Հօր ցուցմունքներով քահանայական ձեռնադրութեան արժանացան Տ. Աւետիս Քհնյ. Աբովեան, Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան, Տ. Ներսէս Քհնյ. Հայրապետեան, Տ. Գրիգոր Քհնյ. Զաքարեան, Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Աշ, Տ. Սերովբէ Քհնյ. Էյլէնճեան եւ Տ. Եղիշէ Քհնյ. Քսաչիկեան: Իսկ կրթաթոշակի միջոցաւ նիւթապէս աջակցեցան Տ. Եսայի Քհնյ. Պետրոսի, Տ. Երեմիա Քհնյ. Խաչատրեանի, Տ. Զաւէն Քհնյ. Մարկոսեանի, Տ. Յովէլ Քհնյ. Օհանեանի, Տ. Զաքարիա Քհնյ. Սարիբէկեանի եւ Տ. Յարութիւն Քհնյ. Թաշճեանի:
Պիրիճիք անձամբ եւ Խնամակալութեան ծրագրի յանձնախումբի անունով իր սրտագին շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Սրբազան Հօր եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց իր հոգեւոր առաքելութեան մէջ:
Հիւրերուն ներկայացուեցաւ Առաջնորդարանի Հեռուստացոյցի յայտագիրներու պատասխանատու Վահէ Սարգսեանի եւ Արամ Մուսոյեանի կողմէ ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատրաստուած տեսաերիզը, որ կը ներկայացնէր Սրբազան Հօր հոգեւոր ծաւալուն եւ բազմակողմանի ծառայութիւնները յատկապէս Արեւմտեան Թեմէն ներս, որ հոգեկան ցնծութիւն պարգեւեց բոլոր ներկաներուն:
Սրբազան Հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Խնամակալութեան ծրագրի յանձնախումբին՝ ատենապետութեամբ Տքթ. Վահրամ Պիրիճիքի եւ յանձնախումբի անդամներուն, որոնք սքանչելի կերպով կազմակերպած էին այս զոյգ ձեռնարկները եւ գնահատեց անոնց մատուցած եկեղեցանուէր ծառայութիւնները:
Սրբազան Հայրը իր գնահատութիւնը յայտնեց Թեմական խորհուրդին՝ ատենապետութեամբ իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեանի եւ նախկին բոլոր թեմական խորհուրդներուն, որոնք մեծ նուիրումով ծառայած են թեմին: Գնահատեց նաեւ բոլոր հոգեւորականներուն անխոնջ ծառայութիւնները եւ մասնակցութիւնը առաջնորդարանի կողմէ կազմակերպուած յատուկ ձեռնարկներուն: Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս իր որդիական սէրն ու երախտիքը յայտնեց Տիրամայր Ժանէթ Տէտէրեանին, որ փոքր տարիքէն ի վեր զինք առաջնորդած էր դէպի Աստուծոյ Տունը եւ Հայց. Մայր Եկեղեցին:
Սրբազան Հայրը իր եզրափակիչ պատգամին մէջ ըսաւ.
«Այսուհետեւ, եղբարք իմ սիրելիք, հաստատուն եղերուք, անշարժ կացէք, առաւել լերուք ի գործ Տեառն յամենայն ժամ. գիտասջիք զի վաստակքն ձեր ոչ են ընդունայն առաջի Տեառն»
(Ա. Կորնթ. գլուխ ԺԶ 58):
Աւետարանի խօսքերը առաւելագոյնս կրնան արտայայտել հոգեւոր իմ կեանքի ու կոչման ճանապարհին մէջ հաստատուն մնալու իմ հաւատամքը, համոզմունքն, գիտակցութիւնն ու սէրը: Բառերը երբեք բաւարար պիտի չըլլան ամբողջապէս արտայայտելու իմ ներքին զգացողութիւնը, որ կ՚արտայայտուի Աստուծոյ հանդէպ իմ հաւատքով ու նոյնը գործնականացած եկեղեցիիս եւ հաւատացելոց հանդէպ սիրոյ ծառայութեամբ: «Առաւել լերուք ի գործ Տեառն յամենայն ժամ. գիտասջիք զի վաստակքն ձեր ոչ են ընդունայն առաջի Տեառն»:
Այս զգացողութիւնը իմ էութեանը մէջ արմատացած է շնորհիւ եւ առաջնորդութեամբ իմ շատ սիրելի ծնողաց եւ ինձ համար հոգեկան մեծ գոհունակութիւն է այստեղ վայելքն ունենալ մօրս ներկայութեան: Տօնական այս առիթով խոնարհումով կ՚ուզեմ աղօթք բարձրացնել հոգելոյս Վազգէն մեծագոյն Վեհափառ Հայրապետի յիշատակին, որուն ներկայութիւնը անտարակոյս ինչպէս ինձ համար, այնպէս ալ շատերուն համար հոգին կերտող ոգեղէն ուժ մը դարձաւ: Երախտագէտ սիրով զգացումներս կը յղեմ Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին՝ իր սիրոյ եւ օրհնաբեր խօսքերուն համար, որուն ընթերցումը կը կատարէ Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպիսկոպոս եւ կÿաղօթեմ, որ Աստուած իր Հայրապետական մականը միշտ ծաղկեալ պահէ:
Սրտի խօսքս կը յղեմ Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց ժասին՝ գլխաւորութեամբ սիրելի Վաչէ Սրբազանին, որ 25 տարիներ առաջ անձամբ ներկայ էր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեանս եւ օծման՝ Վեհափառ Հայրապետի կողքին առընթերակայութեամբ: Երախտագիտական իմ խօսքը Թեմական խորհուրդին՝ ատենապետութեամբ Տիար Ժոզէֆ Կանիմեանի եւ նախկին բոլոր թեմական խորհուրդներուն, որոնց անմիջական ներկայութիւնն ու զօրակցութիւնը վայելած եմ:
Մասնայատուկ կերպով կ՚ուզեմ երախտագիտութիւնս յայտնել Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի յարգարժան անդամներէն Տքթ. Բարեշնորհ Վարուժան Սրկ. Ալթըպարմաքեանին, որ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ նախանձախնդիր ծառայութեան օրինակելի կերպարն է:
Այստեղ մասնաւոր կերպով շնորհակալութիւններս կ՚ուզեմ յղել Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոսին, Ֆրեզնոյի Պատուոյ Հիւպատոսին, որոնց ներկայութիւնը ինձ համար նշանակալից է: Խորին երախտագիտութիւնս Թեմի եւ Առաջնորդարանի բարերարաց, կնքահայրերուն եւ նուիրատուներուն եւ անխտիր բոլորին, որոնց աջակցութիւնը կարելի կը դարձնէ իրականացնել բոլոր առաքելութեանց յաջողութիւնը՝ Աստուծոյ փառքին համար եւ ի սէր Հայց. Եկեղեցւոյ անսասանութեան:
Սիրով կ՚ողջունենք ներկայութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ գործող կազմակերպութեանց, որոնց կը յղենք մեր երախտիքը եւ կ՚աղօթենք, որ անոնք իրենց առաքելութիւնը շարունակեն Աստուծոյ Աջի ներքոյ եւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հովանաւորութեան առաջնորդութեամբ հայրենանուէր ու ազգանուէր կեանքով:
Երախտիք ու սիրոյ յատուկ իմ խօսքը առաջնորդարանի ողջ պաշտօնէութեան՝ գլխաւորութեամբ Բրշ. Յարութ Սրկ. Մարգարեանի, որոնք իմ ամէնօրեայ կեանքի մէջ ընտանիքի մը համազօր անմիջական ներկայութիւնն են: Վստահ եղէք, որ իրականացող առաքելութիւնները անկարելի պիտի դառնային առանց բոլորի համերաշխ ու նուիրեալ ծառայութեան:
Այսօր մասնաւոր պարտք ունիմ շնորհակալութեան Խնամակալութեան ծրագրի (Stewardship) յանձնախումբին եւ անդամներուն՝ առաջնորդութեամբ Տքթ. Վահրամ Պիրիճիքին, որոնք մեծ սիրով յանձն առին կազմակերպել այս հանդիսութիւնը: Ինչ որ ամենէն յատկանշականն է, այն է, որ այս հանդիսութեան տրամադրուած նուէրները պիտի յատկացուին քահանայից պատրաստութեան ֆոնտին: Այս առաքելութիւնը մեր թեմի ամենէն էականն ու ամենէն առաջնահերթային նշանակութիւն ունեցող ծրագիրն է:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրաւէրով փակման «Պահպանիչ» աղօթքը կատարեց թեմի նախորդ առաջնորդ Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան:
Հաւատացեալները հոգեկան ցնծութեամբ եւ գերազանց տպաւորութեամբ բաժնուեցան սրահէն:
ԳԻՐ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏԱՆԱՑ ԱՌ ՍԻՐԵՑԵԱԼ ՈՐԴԻՆ ՄԵՐ ԵՒ ՎԱՍՏԱԿԵԱԼ ՍՊԱՍԱՒՈՐՆ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՄԵՐ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ ՈՐ Ի ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, ԱՄՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Հայրապետական Մեր օրհնութիւնը կը յղենք եւ կը շնորհաւորենք քահանայական ձեռնադրութեան 35 եւ եպիսկոպոսական օծման 25-րդ տարեդարձներու առիթով:
Սիրելի Սրբազան, երեքուկէս տասնամեակ առաջ Միածնի Իջման Սուրբ Սեղանի առջեւ ծնրադիր՝ Ձեր կեանքը Կենաց Խօսքի քարոզութեան գործին ընծայաբերելու ուխտ կնքեցիք Բարձրեալն Աստուծոյ հետ եւ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ արժանացաք քահանայական ձեռնադրութեան:
Այսօր մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ արդիւնաւոր ծառայութեան բազմարդիւն վաստակը կը զարդարէ Ձեր քահանայագործական առաքելութիւնը: Տասնեակ տարիներ լծուած հովուական ու առաջնորդական ծառայութեան՝ Ձեր խօսքով ու գործերով, հեղինակած գրքերով ու իրագործած աստուածահաճոյ նախաձեռնութիւններով Դուք մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս կը յաւելէք հաւատն առ Աստուած եւ սէրը հանդէպ ազգային ու հոգեւոր մեր արժէքներուն:
Գովարժան է Ձեր աւանդը յատկապէս Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմերու զօրացման եւ համայնքային կեանքի կազմակերպման գործին մէջ: Դուք արթուն հովիւ ու անխոնջ սպասաւոր եղաք գանատաբնակ եւ ամերիկաբնակ մեր ժողովուրդին եւ անձնական օրինակով եկեղեցաշէն իրագործումներու առաջնորդեցիք բազմաթիւ հայորդիները՝ զանոնք մասնակից դարձելով մեր Եկեղեցւոյ պայծառութեան սրբազան գործին: Անկեղծ նուիրումով միշտ ջանացիք մեր Եկեղեցւոյ շուրջ միաւորել երիտասարդ սերունդը եւ անոնց մտքերն ու հոգիները լուսաւորել մեր հայրերու սուրբ հաւատքով, ազգասիրութեամբ եւ եկեղեցասիրութեամբ:
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմ կատարած Հովուապետական այցելութիւններու ընթացքին առիթն ունեցած ենք ականատես դառնալու Ձեր ծառայագործութեան բարի արդիւնքներուն, նաեւ Ձեզի հանդէպ հայորդեաց անկեղծ սիրոյն ու յարգանքին: Մեր վերջին այցելութեան ընթացքին գոհունակութեամբ կատարեցինք Տիրախնամ Թեմի առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարի օծման արարողութիւնը, փառք մատուցելով Բարձրեալն Աստուծոյ, որ Ձեր բարեջան առաջնորդութեամբ կը շարունակէ առաւել շէնանալ ու պայծառանալ ամերիկաբնական Մեր զաւակներու հոգեւոր ու ազգային կեանքը:
Հայրապետիս համար գոհունակութիւն է հաստատել, որ ծառայագործութեան ողջ ընթացքին Դուք առանձնակի հետեւողութեամբ կարեւորած էք Սփիւռքի մէջ ապրող հայորդեաց կապուածութիւնը Մայր Հայրենիքին եւ հոգեւոր մեր նուիրական կենդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին: Ձեր քաջալերութեամբ ու նախաձեռնութեամբ բազմաթիւ ծրագրեր իրականացուած են աստուածապարգեւ մեր երկրին մէջ՝ ի բարօրութիւն հայրենաբնակ հայորդեաց եւ ի պայծառութիւն մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ: Մենք մշտապէս բարձրօրէն կը գնահատենք Ձեր Էջմիածնասիրութիւնը, յանուն Լուսաւորչապսակ մեր Սուրբ Աթոռի ծառայելու անվերապահ պատրաստակամութիւնը:
Սիրելի Սրբազան, Իջման Սուրբ Սեղանի առջեւ աղօթքով կը հայցենք, որ Տէրը հանապազ զօրացնէ Ձեզ Ձեր կոչման մէջ եւ պարգեւէ երջանկութիւն ու նոր ձեռքբերումներ՝ ի պայծառութիւն Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն հաւատաւոր մեր ժողովուրդի:
«Այնպէս լուսաւորեսցէ լոյս Ձեր առաջի մարդկան, որպէսզի տեսցեն զգործս Ձեր բարիս, եւ փառաւորեսցեն զՀայրն Ձեր որ յերկինս է» (Մատթ. Ե. 16):
Օրհնութեամբ՝
ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.
Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց
ՅՈԲԵԼԵԱՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՔԱՐՈԶԸ
«Զի հաւատքն ձեր մի իցեն իմաստութեամբ մարդկան՝ այլեւ՝ զօրութեամբ Աստուծոյ» (Ա. Կորնթ. Բ 5):
Քրիստոսի Աւետարանէն ճառագայթող ամէն մէկ պատգամ մարդուն հոգեւոր կեանքը Աստուծոյ սիրովը լեցնող անսահման զօրութիւն մը ունի իր մէջ: Մարդը, երբ իր կեանքը կը դնէ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ հաւատքի գիտակցութեամբ, անկասկած, իր քայլերը կ՚առաջնորդէ դէպի ճշմարիտը՝ դէպի աստուածայինը։ Մեր էութեանը խորքին մէջ կ՚ամրապնդուի այն զգացողութիւնը, որ ծնած ենք Աստուծոյ սէրը մեր մէջ կրելու եւ աւելին՝ զայն բաշխելու։ Այս է կոչումը քրիստոնեային՝ ապրիլ Աստուծոյ կամքին համաձայն, մեր հաւատքը դարձնելով արտացոլումը Աստուծոյ իմաստութեան:
Մեր Ս. Եկեղեցւոյ երախտաւորներէն Գուշակեան Պատրիարք հրաշալի սահմանում մը կու տայ կեանքի խորհուրդի ու առաքելութեան մասին, զայն նմանեցնելով «թափուած իւղի»: Որքան կը կարդամ հոգելոյս Պատրիարքի բառերը, այնքան խորապէս կ՚ըմբռնեմ կեանքի ճշմարիտ իմաստը, կոչումը մեր կեանքին.
«…Եթէ ամէն քրիստոնեայ այսպէս խորհի ինքզինքին համար, եւ կարենայ այդպէս խօսիլ իր անձին, հաւատացեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, Աստուծոյ Հօր եւ Որդւոյ եւ Ս. Հոգւոյն անունը ամենէն օրհնուած փառաբանութիւնը, ընդունած կ՚ըլլայ Ս. Երրորդութեան երկրպագուներէն, ու Աւետարանի ճշմարտութիւնը արդարեւ իրականացած կ՚ըլլայ երկրի վրայ, յաւերժական արդարութեան ի պատիւ… ամէն» (Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան «Քարոզներ», էջ 83-92):
Սեպտեմբեր ամսուայ սկզբնաւորութեան, Կիրակի, 6 Սեպտեմբերին, Ս. Պատարագի ընթացքին, թուղթին յանձնեցի իմ մտորումներս անցնող կեանքիս մասին, յատկապէս՝ այն տարիներուն, որոնք ապրեցայ որպէս ձեռնադրեալ ու օծեալ քահանայ եւ սպասաւոր Հայց. Ս. Եկեղեցւոյ: Այսօր, տեղին կը գտնեմ ձեզ եւ բոլորին հաղորդ դարձնել զգացումներուս ու խորհրդածութիւններուս, որոնք նուազագոյն չափով բայց եւ անկեղծութեամբ կը բացատրեն էութիւնս:
Անցնող քանի մը օրերուն, աւելի ու աւելի կը մտածեմ իմ ապրած տարիներուս մասին եւ կ՚ուզեմ վերարժեւորում մը կատարել: Որքան վերարժեւորումի մտածումը կը խորանայ միտքիս մէջ, այնքան աւելի պատասխանատուութեան զգացումը կը կրկնապատկուի եւ կ՚անդրադառնամ, թէ որքան կարճ եւ անբաւարար է կեանքը մեր սնած տեսիլքները իրականացնելու համար:
Մարդուն կեանքը Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ դրուած այն խմորն է, որուն հարկ է ձեւ ու կերպարանք տալ եւ աւելին՝ նկարագիր: Մեր կեանքի ամէն մէկ ապրած օր դպրոց մըն է, քանզի նոր մարդկանց հանդիպելով, նոր ձեռքբերումներով ու փորձառութիւններով առաւել կ՚իմաստնանանք եւ կը մօտենանք Աստուծոյ։ Մարդիկ եւ իրավիճակներ աստիճաններ են, որոնք մեր քայլերը կ՚առաջնորդեն առ Աստուած: Եւ որքան կը մօտենանք Աստուծոյ, այնքան եւս մեր մէջ կը շեշտուի կեանքն արժեւորելու ներքին գիտակցութիւնը, պատասխանատուութեան զգացումը կեանքին հանդէպ:
Հարցադրումը այս պահուն ես ինքս ինձ կ՚ուղղեմ, թէ ինչպէ՞ս ապրեցայ: Անոր արդար պատասխանը Աստուած Ինք ունի, որովհետեւ Աստուած կը կարդայ բոլորիս սիրտն ու հոգին: Միայն պիտի բաւարարուիմ ըսելով, թէ շա՜տ աւելին պիտի ուզէի տալ եւ ընել իմ ժողովուրդիս համար․․․ Աւաղ, ժամանակի հապճեպին մէջ ինչ որ չհասցուցի ընել մնաց միայն երազանք, եւ թերեւս ալ՝ թերացում մը կեանքիս առաքելութեան մէջ: Այնուամենայնիւ, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կը վստահիմ երազներուս թռիչքին, կը հաւատամ տեսիլքներուս ուժականութեան ու կ՚աղօթեմ, որ Աստուած երկարէ օրերը կեանքիս ո՛չ ինծի համար, այլ՝ անկատար երազներուս իրագործումին:
Աստուծոյ զօրութիւնը՝ Աստուծոյ սէրը եղած է առանցքը իմ կեանքիս: Ինչ խօսք յաճախ եղած են ընկրկումի պահեր, տկարութեան վայրկեաններ, բայց փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ մշտապէս առաջնորդած է կեանքս իր սիրոյ անսահմանելիութեամբ եւ զայն կապած ժողովուրդին, որուն հետ ապրած եմ օրերը կեանքիս եւ կը շարունակեմ ապրիլ ներքին գոհունակութեամբ:
Սրբազան այս Պատարագը պատկերն է մեր կեանքին: Ուխտի այս Պատարագը կը նորոգէ կոչումն քահանայութեան, որպէսզի նորովի հաւատքով ու եռանդով արժեւորեմ տրուած կեանքի պարգեւը: Օրհնուած կը զգամ, որ Եկեղեցին՝ իմ ժողովուրդս, ճանապարհն է կեանքիս, առաքելութիւնն ու նպատակն է եղած անցեալ տարիներուն ու գալիքին: Իմ բովանդակ կեանքի տարբեր հանգրուաններուն, դուք դարձած էք լոյս ու օրհնութիւն։ Ազգային-եկեղեցական եւ համայնքային բոլոր նախաձեռնութիւններու եւ բարի գործերուն մէջ վայելած եմ Ձեր անվերապահ զօրակցութիւնը՝ աղօթքներով ու գործնական արտայայտութիւններով:
Հոգեւորականը կը ծնի ժողովուրդի կեանքին մէջ: Ծառայութեան ճանապարհը մեր առջեւ կը բանայ Ինքը Աստուած, որպէսզի Իր զօրութիւնը բոլոր առումներով լուսաւորէ մեր կեանքը եւ մենք ժողովուրդի առջեւ խոնարհումով դառնանք լոյսի ճանապարհ: Այս ծանր, բայց քաղցր լուծին ու պատասխանատուութեան քաջ գիտակից ենք եւ միշտ պատրաստակամ ծառայելու եւ սիրելու ձեզ աստուածային սիրով, իմաստութեամբ ու զօրութեամբ:
Հոգեւորականը կոչում ունի հոգիներ կառուցելու: Այս մտածումը որքա՜ն գեղեցիկ եւ ամբողջականօրէն արտայայտած է Հոգելոյս Եղիշէ Պատրիարք. «Տուն մը կառուցելը, իբրեւ պատսպարան ձմրան ու գիշերին դէմ նուիրական գործ մըն է: Կառուցանել հոգի մը սակայն, ճշմարտութեան քարերով, ելք մըն է դէպի վեր: Հոգիներու կրթութեան յատուկ գիրք մը գրելու համար, չեն բաւեր գաղափարներ եւ բառեր. անհրաժեշտ է Աստուծոյ շունչը, զայն երկնքին դէպ բաց կարենալ պահելու համար»:
Հայ քրիստոնեային համար ճշմարտութեան քարեր են Հայրենիքն ու Ս. Էջմիածինը, ազատատենչ մեր ժողովուրդն ու հոգեւոր արժէքները, որոնք մեզի կը հաղորդեն Աստուծոյ շունչը եւ զմեզ կ՚առաջնորդեն դէպի յաւերժութիւն, որովհետեւ «Հայրենիք, կրօն, ազատութիւն, զգացումներ չեն միայն, այլ անանուն կախարդանքներ հոգիները առինքնող, ամենազօր, տուեալ հողին, անմեռ երազը սիրտերուն, կարմիր իղձը մեռելներուն եւ ողջերուն» (Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեան «Լուսամատեան»):
Փառք քեզ Աստուած… եւ փառք Աստուծոյ հարազատ մեր ժողովուրդին:
Եկեղեցական
- 11/27/2024