ՀԱՄՈԶԻՉ ՅԱՂԹԱՆԱԿ

Թուր­քիա ե­րէկ ապ­րե­ցաւ հան­րա­պե­տա­կան շրջա­նի բախ­տո­րոշ օ­րե­րէն մին՝ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն առ­թիւ։ Սա թէ՛ նոր ընտ­րու­թիւն մըն էր եւ թէ, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, ան­ցեալ Յու­նի­սի 7-ին տե­ղի ու­նե­ցա­ծին ձե­ւով մը կրկնու­թիւ­նը։ Ար­տա­սո­վոր ու միա­հիւ­սուած բա­զում հան­գա­մանք­նե­րու ազ­դե­ցու­թեան ներ­քեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րէ­կուան քուէար­կու­թիւ­նը եւ ա­ւե­լի քան 85 տո­կո­սի հա­մե­մա­տու­թեան հա­սած մրցա­նի­շա­յին մաս­նակ­ցու­թիւնն ալ վառ ա­պա­ցոյց մըն էր այս ուղ­ղու­թեամբ։ Ար­դիւնք­նե­րը ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն ե­կան փաս­տել ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան բա­ցար­ձակ ու պատ­մա­կան հեր­թա­կան յաղ­թա­նա­կը։ Ար­դա­րեւ, վեր­ջին քա­նի մը ա­միս­նե­րուն ըն­թաց­քին ան յա­ջո­ղած էր էա­պէս բարձ­րաց­նել իր քուէ­նե­րուն հա­մե­մա­տու­թիւ­նը։ Այս­պէս, ժո­ղո­վուր­դի ան­վե­րա­պահ զօ­րակ­ցու­թեան ա­ռար­կայ դառ­նա­լով՝ ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը ար­ժա­նա­ցաւ քուէ­նե­րու 49.4 տո­կո­սին եւ խորհր­դա­րան մուտք գոր­ծեց 316 ե­րես­փո­խա­նով, ինչ որ լիու­լի բա­ւա­րար է միա­հե­ծան իշ­խա­նու­թիւն մը կազ­մե­լու հա­մար։ Այս յաղ­թա­նա­կը երկ­րի օ­րա­կար­գէն ինք­նա­բե­րա­բար դուրս թո­ղած է նաեւ հա­մա­խո­հու­թեան մը ձե­ւա­ւոր­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

Բա­ցի ԱՔ կու­սակ­ցու­թե­նէն, խորհր­դա­րա­նի մէջ ներ­կա­յա­նա­լու ի­րա­ւունք ստա­ցան նաեւ այլ ե­րեք քա­ղա­քա­կան ու­ժեր։ Գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դի­րի դիր­քը պահ­պա­նեց ՃՀՓ, որ 134 ե­րես­փո­խան պի­տի ու­նե­նայ խորհր­դա­րա­նէն ներս՝ ա­պա­հո­ված ըլ­լա­լով քուէ­նե­րուն 25.4 տո­կո­սը։ ՄՀՓ տի­րա­ցաւ ձայ­նե­րու 11.9 առ հա­րիւ­րին եւ ա­պա­հո­վեց 59 ե­րես­փո­խա­նա­կան ա­թոռ։ ՀՏՓ 10.7 տո­կոս ձայն ա­ռաւ եւ 59 պատ­գա­մա­ւո­րով խորհր­դա­րան մուտք գոր­ծե­լու կա­րե­լիու­թեան տի­րա­ցաւ։ Այս եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին ար­դիւն­քը հե­տաքրք­րա­կան է։ ՄՀՓ քուէ­նե­րու հա­մե­մա­տու­թեան ի­մաս­տով թէեւ եր­րորդն է երկ­րին մէջ, սա­կայն խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան­նե­րու թի­ւին ա­ռու­մով՝ չոր­րոր­դը։ Իսկ ՀՏՓ, որ ձայ­նե­րու ընդ­հա­նուր տո­կո­սով չոր­րորդ շար­քի վրայ է, խորհր­դա­րա­նի խմբակ­ցու­թիւն­նե­րուն եր­րոր­դը ե­ղած է։ Ան­ցեալ Յու­նի­սի 7-ի քուէար­կու­թեան ար­դիւն­քին այս եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ութ­սու­նա­կան ե­րես­փո­խան ու­նե­ցած էին խորհր­դա­րա­նէն ներս, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ՄՀՓ շուրջ 5 տո­կոս ա­ւե­լի բարձր քուէ ու­նէր ՀՏՓ­-ի բաղ­դատ­մամբ։ Իսկ այս ան­գամ եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ալ քուէ­նե­րը նուա­զե­ցան լրջօ­րէն, սա­կայն խորհր­դա­րա­նի խմբակ­ցու­թիւն­նե­րուն ա­ռու­մով ա­նոնց հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը վերջ գտաւ, ի նպաստ ՀՏՓ­-ի կամ ի հա­շիւ ՄՀՓ­-ի։

Ընտ­րու­թեան ար­դիւն­քին յայտ­նի դառ­նա­լէն վերջ, ե­րեք ե­լոյ­թով հան­դէս ե­կաւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու, որ իր ընտ­րաշր­ջա­նին՝ Գո­նիա­յի մէջ հե­տե­ւե­ցաւ ամ­բողջ գոր­ծըն­թա­ցին։ Ան նախ Գո­նիա­յի կեդ­րո­նին եւ ա­ւե­լի վերջ ալ Մեւ­լա­նա­յի շիր­մին մօտ ող­ջու­նեց իր կու­սակ­ցու­թեան հա­մա­կիր­նե­րը։ Բայց եւ այն­պէս, ան բուն ե­լոյ­թը ու­նե­ցաւ Ան­գա­րա­յի մէջ, ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան։ Կէս գի­շե­րուան ժա­մե­րուն Գո­նիա­յէն Ան­գա­րա փու­թա­լով՝ Վար­չա­պետ Տա­վու­տօղ­լու ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան կեդ­րո­նա­տե­ղիի պատշ­գա­մէն ար­տա­սա­նեց խան­դա­վառ ճառ մը։ Ընտ­րա­կան յաղ­թա­նա­կը տօ­նախմ­բե­լու հա­մար կու­սակ­ցու­թեան տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր հա­մա­կիր­նե­րը ար­դէն հա­մախմ­բուած էին այն­տեղ։ Հե­տե­ւա­բար, Տա­վու­տօղ­լուի ե­լոյթն ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­րա­հա­ւա­քի մը ձե­ւա­չա­փին մէջ։

Ե­լոյ­թի սկիզ­բին վար­չա­պե­տը մի առ մի ա­նուն­ներ թուար­կե­լով ող­ջոյն­ներ յղեց աշ­խար­հի այն բո­լոր շրջան­նե­րը, ուր հե­տաքրք­րու­թիւն կայ Թուր­քիոյ նկատ­մամբ, ուր հե­տաքրք­րու­թիւն կար այս ընտ­րու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ եւ ուր ցան­կու­թիւն կար այս ար­դիւն­քին ուղ­ղու­թեամբ։ Այս շար­քին մէջ Տա­վու­տօղ­լու եր­կու ան­գամ թուար­կեց Պա­քուն, ան­գամ մըն ալ՝ Ղա­րա­բա­ղը։

Ե­լոյ­թի ա­ռա­ջին բաժ­նին մէջ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ընդգ­ծեց մրցա­նի­շա­յին հա­մե­մա­տու­թեան հա­սած մաս­նակ­ցու­թիւ­նը եւ ար­տա­յայ­տուած այս կամ­քին հա­մար շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լո­րին, ա­ռանց կու­սակ­ցա­կան խտրու­թեան։ Ան ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի մա­սին։ Ըստ Տա­վու­տօղ­լուի, ազ­գին եւ կու­սակ­ցու­թեան ճա­կա­տա­գի­րը նոյ­նա­ցած է, հին Թուր­քիոյ մտայ­նու­թիւ­նը, քաոսն ու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը թա­ղուած են քուէա­տու­փե­րու մէջ, իսկ ի­րենք ան­մի­ջա­պէս գոր­ծի պի­տի լծուին նոր ար­շա­լոյ­սով՝ անվ­տանգ, կա­յուն եւ բար­գա­ւաճ Թուր­քիոյ մը ա­ռա­ջադ­րան­քով։ Տա­վու­տօղ­լու յայտ­նեց, որ մտա­հո­գու­թիւնն ու ան­հանգս­տու­թիւ­նը այ­լեւս կը փո­խա­րի­նուին յոյ­սի եւ ինք­նավս­տա­հու­թեան կող­մէ։ Ան հա­մո­զուած է, որ ան­ցեա­լի վէ­ճե­րը մէկ կողմ թող­լով այ­լեւս պէտք է կեդ­րո­նա­նալ ա­պա­գա­յի վրայ, ո­րով­հե­տեւ ի­րենք ու­նին մեծ նպա­տակ­ներ ու ե­րազ­ներ։

Շեշ­տը դնե­լով կա­յու­նու­թեան ու վստա­հու­թեան վրայ՝ վար­չա­պե­տը ը­սաւ. «Թուր­քիան խօ­սե­ցաւ, աշ­խարհ լսեց»։ Տա­վու­տօղ­լու յայտ­նեց նաեւ, թէ ե­րաշ­խա­ւո­րուած է երկ­րի 78 մի­լիոն քա­ղա­քա­ցի­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րին ի­րա­ւուն­քը անխ­տիր։ Թշնա­ման­քը, քի­նախնդ­րու­թիւ­նը, բռնու­թիւ­նը պի­տի կորսնց­նեն եւ եր­կի­րը պի­տի ըն­թա­նայ զար­գաց­ման ճա­նա­պար­հով։ Վար­չա­պե­տը դի­տել տուաւ, որ եր­կի­րը դուրս պի­տի բե­րեն բե­ւե­ռա­ցու­մէ, բա­խու­մէ եւ լա­րուա­ծու­թե­նէ։ «Այս ընտ­րու­թեան ար­դիւն­քին չկայ պար­տուող, յաղ­թա­նակ տա­րած է Թուր­քիա՛ն, ազ­գը, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը», շա­րու­նա­կեց ան եւ նշեց, թէ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն կող­մէ փո­խան­ցուած պատ­գա­մը տեղ պի­տի գտնէ իշ­խա­նու­թեան օ­րա­կար­գին վրայ։ Տա­վու­տօղ­լուի խօս­քով, Թուր­քիա յաղ­թա­հա­րած է իր առ­ջեւ յա­րու­ցուած խո­չըն­դոտ­նե­րը, իսկ ե­րէ­կուան յաղ­թա­նա­կը այս կամ այլ հա­տուա­ծի մը չէ, այլ կը պատ­կա­նի ուղ­ղա­կիօ­րէն 78 մի­լիո­նին։

Տա­վու­տօղ­լու ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան կեդ­րո­նա­տե­ղիի պատշ­գա­մէն յայ­տա­րա­րեց նաեւ, որ վե­րա­ցած են Թուր­քիոյ ա­պա­գա­յին վե­րա­բե­րեալ հար­ցա­կան­նե­րը՝ միշտ կրկնե­լով ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը, խա­ղա­ղու­թիւնն ու ան­դոր­րու­թիւ­նը։ «Սի­րոյ հուն­տեր պի­տի ցա­նենք», ը­սաւ ան եւ ա­ւել­ցուց, թէ բո­լո­րի պա­րա­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն պի­տի ստանձ­նեն ա­ռանց խտրա­կա­նու­թեան։ Նոյ­նիսկ ան­հատ մը պի­տի չեն­թար­կուի խտրա­կա­նու­թեան կամ վա­նու­մի։ Զա­նա­զա­նու­թիւն­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին ըն­կա­լուիլ որ­պէս հարս­տու­թեան աղ­բիւր։ Վեր­ջին տաս­նե­րեք տա­րի­նե­րու ձեռք­բե­րում­նե­րուն շրջագ­ծով պի­տի չ­­ապ­րուի յե­տըն­թաց մը։ Վար­չա­պե­տին խօս­քե­րով, ի­րենք ու­նին ա­մէն հարց լու­ծե­լու կամ­քը եւ նոր Թուր­քիոյ մէջ ե­րաշ­խա­ւո­րուած պի­տի ըլ­լան ա­զա­տու­թիւն­ներն ու անվ­տան­գու­թիւ­նը։ Ան միւս կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ալ կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի չըլ­լան բե­ւե­ռա­ցում­ներ, քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը բնա­կա­նո­նա­նայ եւ որ­դեգ­րուի նոր սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը։

Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի հա­մոզ­մամբ, ե­րէ­կուան ընտ­րու­թիւ­նը հան­րա­քուէի մը բնոյ­թը ու­նէր՝ նոր Թուր­քիա մը կեր­տե­լու ճա­նա­պար­հին, իսկ ժո­ղո­վուր­դը վճռա­կամ զօ­րակ­ցու­թիւն մը յայտ­նեց այս ուղ­ղու­թեամբ։ «Նոր Թուր­քիոյ կերտ­ման գոր­ծըն­թա­ցը կեան­քի կը կո­չուի ազ­գին կող­մէ», յայտ­նեց Տա­վու­տօղ­լու։

ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁ

Թուր­քիա բո­լո­րո­վին նոր ի­րադ­րու­թիւ­նով մը սկսած է ընտ­րու­թեան յա­ջոր­դած այս ա­ռա­ջին օ­րուան։ 1 Նո­յեմ­բեր 2015 թուա­կա­նը, ան­տա­րա­կոյս, պատ­մա­կան ան­կիւ­նա­դարձ մը բնո­րո­շած է երկ­րին տե­սան­կիւ­նէն։ Անց­նող շուրջ հինգ ա­միս­նե­րու ան­ցու­մա­յին ժա­մա­նա­կաշր­ջանն ալ եզ­րա­փա­կուած է՝ ու­ժե­րու նոր վե­րա­դա­սա­ւո­րու­մով մը։ Ճիշդ է, որ այդ նոր վե­րա­դա­սա­ւո­րու­մը չէ ծնած նոր իշ­խա­նու­թիւն մը, սա­կայն ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը այն է՝ որ նոր ու ան­վի­ճե­լի ամ­րու­թիւն մը ա­պա­հո­ված է իշ­խա­նու­թեան։ Ու­ժե­րու նոր վե­րա­դա­սա­ւո­րու­մը ե­կած է վե­րա­հաս­տա­տել ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան իշ­խա­նու­թիւ­նը։ Ա­միս­ներ շա­րու­նակ ե­լե­ւէջ­ներ ապ­րե­լէ վերջ, Թուր­քիա ա­մուր կամք մը ար­տա­յայ­տած է՝ կա­յու­նու­թեան նա­ւա­հան­գիս­տէն չհե­ռա­նա­լու, երկ­րին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը ար­մա­տա­կան ցնցում­նե­րէ զերծ պա­հե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Ան­գա­րա­յի հա­մայ­նա­պատ­կե­րը այ­սօր յստակ է ան­բաղ­դա­տե­լիօ­րէն, ինչ որ իս­կա­կան ու ամ­բող­ջա­կան յաղ­թա­նակ մըն է երկ­րին տե­սա­կէ­տէ։ Ընտ­րու­թիւ­նը ա­պա­հո­ված է բազ­մա­թիւ հար­ցա­կան­նե­րու կրճա­տու­մը, ինչ որ, նոյն­պէս, իս­կա­կան ու ամ­բող­ջա­կան ձեռք­բե­րում մըն է sժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան տե­սա­կէ­տէ։  Հու­րով եւ սու­րով ու­ժաս­պառ հա­րե­ւան­նե­րով շրջա­պա­տուած մի­ջա­վայ­րի մը մէջ, ժո­ղո­վուր­դը շատ հե­ռա­տես ու պա­տաս­խա­նա­տու նա­խընտ­րու­թիւ­նով մը երկ­րին առ­ջեւ հար­թած է նոր ճա­նա­պարհ մը։ Պարզ է, որ հա­մաշ­խար­հա­յին առ­կայ պայ­ման­նե­րով փշա­զերծ վար­դաս­տա­նի մը պի­տի չվե­րա­ծուի Թուր­քիան, սա­կայն ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը բա­ւա­րար փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նի՝ եր­կի­րը այս տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ կա­յու­նու­թեան կղզիի մը վե­րա­ծե­լու կամ այդ­պէս պահ­պա­նե­լու հա­մար։ Երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թեան այ­սօր ա­պա­հո­վա­ծը քիչ բան չէ եւ անհ­րա­ժեշտ բո­լոր նա­խադ­րեալ­նե­րը կ­­՚ըն­ձե­ռէ վե­րա­հաս­տա­տեալ դիր­քե­րով շա­րու­նա­կե­լու հա­մար վե­րել­քի ճա­նա­պար­հը։

Ան­ցեալ Յու­նի­սի 7-ին տե­ղի ու­նե­ցած ընտ­րու­թիւն­նե­րը Թուր­քիոյ մէջ ի­րե­րա­յա­ջորդ ե­րեք ընտ­րու­թիւն­նե­րով՝ շուրջ մէ­կու­կէս տա­րուան գոր­ծըն­թա­ցի մը եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուա­նը պի­տի բնո­րո­շէին։ Բայց այդ­պէս չե­ղաւ, ո­րով­հե­տեւ վեր­ջին փու­լին ան­կան­խա­տե­սե­լի պա­րա­գա­ներ գո­յա­ցան։ Այ­սօր, ընդ­հա­նուր առ­մամբ, կա­րե­լի է ը­սել, որ այդ մէ­կու­կէս տա­րուան գոր­ծըն­թա­ցը ա­ւար­տին հա­սած ե­ղաւ շուրջ կէս տա­րուան յա­պա­ղու­մով մը։ Եւ այդ ա­ւար­տը, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, ե­ղաւ տրա­մա­բա­նա­կան, ո­րով­հե­տեւ խոր­քին մէջ այդ մօ­տա­ւո­րա­պէս կէս տա­րին մսխուած չե­ղաւ։ Կա­րե­լի է ը­սել, որ այդ կէս տա­րին շատ ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ ձե­ւով ապ­րիլ հնա­րա­ւոր էր, սա­կայն այ­սօ­րուան ար­դիւն­քը այդ բա­ցը հա­ւա­սա­րակշ­ռե­լու հա­մար լրիւ բա­ւա­րար է։ Ինչ­պէս կը մատ­նան­շեն նաեւ զա­նա­զան քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բան­ներ, Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան թա­տե­րա­բե­մին վրայ ձե­ւա­ւո­րուե­ցաւ ա­մուր կեդ­րոն մը։ Մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին ստեղ­ծուած լուրջ բե­ւե­ռա­ցում­նե­րէ վերջ՝ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը լից­քա­թա­փուե­ցաւ նկա­տե­լիօ­րէ։  Սա է պատ­ճա­ռը, որ թէ՛ իշ­խա­նու­թեան եւ թէ ընդ­դի­մու­թեան ճամ­բար­նե­րուն յա­ռա­ջա­տար­նե­րը դար­ձան չա­փա­ւոր եւ հա­ւա­սա­րակշ­ռուած ու­ժեր, ո­րոնք ար­կա­ծախնդ­րու­թեան մարմ­նա­ւո­րում­նե­րը, ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րու խորհր­դան­շա­նը չեն յաչս ժո­ղո­վուր­դին։  Ե­թէ այս ընտ­րու­թիւն­նե­րուն բա­ցար­ձակ յաղ­թա­նակ տա­րած է ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը, ա­պա դժուա­րին ընտ­րա­պայ­քա­րէ մը ա­ռանց կո­րուս­տի դուրս գա­լով՝ ՃՀՓ-ն ալ հա­սած է ա­նան­տե­սե­լի ար­դիւն­քի մը։ Այս­քան մեծ ընտ­րա­զան­գուած մը այս ընտ­րու­թիւն­նե­րուն փո­խած է իր ուղ­ղու­թիւ­նը, սա­կայն ՃՀՓ հա­մա­խումբ պա­հած է իր ընտ­րա­զան­գուա­ծը։ Այս փու­լի ի­րա­կա­նու­թեան տե­սան­կիւ­նէն սա ար­հա­մա­րհե­լի ար­դիւնք մը չէ։

ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը եւ ՃՀՓ-ն նոր խորհր­դա­րա­նին մէջ պի­տի ըլ­լան երկ­րի հիմ­նա­կան եր­կու քա­ղա­քա­կան հո­սանք­նե­րուն ժա­ռան­գորդ­նե­րը, այդ դպրոց­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը՝ ձե­ւա­ւո­րե­լով նաեւ լուրջ կեդ­րոն մը. ա­ռանցք­ներ, ո­րոնց ձգո­ղա­կա­նու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լայ բարձր։ Յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի ար­մա­տա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով միւս եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը՝ ՄՀՓ եւ ՀՏՓ այս ընտ­րու­թիւն­նե­րէն դուրս ե­կան զգա­լիօ­րէն ցնցուած դիր­քե­րով։ Լա­ւա­տե­սու­թե­նէ չհե­ռա­նա­լու հա­մար, կա­րե­լի է հար­ցը դի­տար­կել հե­տե­ւեալ մօ­տե­ցու­մով. վեր­ջին հա­շուով լաւ է, որ ա­նոնք ալ յա­ջո­ղե­ցան մուտք գոր­ծել խորհր­դա­րան, սա­կայն շատ սահ­մա­նա­փակ ագ­դե­ցու­թիւ­նով։ Ե­թէ ա­նոնք դուրս մնա­յին խորհր­դա­րա­նէն, ա­պա պի­տի փոր­ձէին հան­րու­թեան ներ­կա­յա­նալ՝ որ­պէս տու­ժած։ Մինչ­դեռ, հի­մա չու­նին այդ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը, սա­կայն խորհր­դա­րա­նէն ներս պի­տի ըլ­լան տկար գոր­ծօն­ներ։ Կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը կրնան ապ­րիլ վե­րի­վայ­րում­ներ, ե­թէ ա­ռողջ ինք­նաքն­նա­դա­տու­թեան շրջան­նե­րէ անց­նին, ա­պա կրնան յաղ­թա­հա­րել այդ բո­լո­րը։ Առ­կայ հա­մայ­նա­պատ­կե­րը, սա­կայն, ընտ­րող­նե­րու ճար­տա­րու­թեան ար­դիւնքն է։ Այ­սինքն, մէկ կող­մէ կայ չորս կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ, ան­վի­ճե­լիօ­րէն բարձր ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան նե­րու­ժով խորհր­դա­րան մը, որ կը ցո­լաց­նէ ժո­ղո­վուր­դին կամ­քը։ Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք, խորհր­դա­րա­նէ դուրս մնա­ցած կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու շար­քին նոյ­նիսկ մէկ հա­տը չէ յա­ջո­ղած մէկ տո­կոս հա­մե­մա­տու­թեամբ քուէ ա­պա­հո­վել։ Նոր խորհր­դա­րա­նին մէջ կեդ­րո­նա­կան ա­նան­տե­սե­լի ա­ռանցք մը ձե­ւա­ւո­րուած է չա­փա­ւոր ու­ժե­րով, ընդ­դի­մու­թիւ­նը ներ­կայ է իր ամ­բողջ բազ­մա­զա­նու­թիւ­նով։ Եւ միւս կող­մէ ալ եր­կի­րը տի­րա­ցած է շատ ա­մուր իշ­խա­նու­թեան մը, ինչ որ բա­ցա­ռա­պէս ե­րաշ­խիք մըն է ա­նոր ա­պա­գա­յին տե­սան­կիւ­նէն։ Այս բո­լո­րին ընտ­րու­թեան մը ար­դիւն­քին նոյ­նա­ժա­մա­նակ ա­պա­հո­վուած ըլ­լա­լը, այդ ալ փո­թոր­կա­լից ան­ցու­մա­յին շրջա­նէ մը վերջ, Թուր­քիոյ տե­սան­կիւ­նէն վիթ­խա­րի նուա­ճում մը կը նշա­նա­կէ։ Տե­սա­նե­լի ա­պա­գա­յին այ­լեւս ընտ­րու­թիւն մը պի­տի չզբա­ղեց­նէ երկ­րին օ­րա­կար­գը։ Սա կ­­՚են­թադ­րէ նաեւ միջ­կու­սակ­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յա­րա­բե­րա­կան լից­քա­թա­փում։ Սա կ­­՚են­թադ­րէ նաեւ բնա­կա­նոն աշ­խա­տան­քի նոր շրջան մը, ին­չու չէ նաեւ խորհր­դա­րա­նէն ներս։ Հե­տե­ւա­բար, հիմ­քեր կան յու­սադ­րուե­լու հա­մար ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան կա­տա­րե­լա­գործ­ման, հիմ­նա­կան ա­զա­տու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդ­ման, տնտե­սա­կան վե­րել­քի եւ երկ­րի հա­մընդ­հա­նուր ոս­տու­մին ուղ­ղու­թեամբ։

Ընդ­հա­նուր ի­րադ­րու­թեան մեկ­նա­բա­նու­թե­նէն վերջ, կ­­՚ար­ժէ մաս­նա­ւոր քա­նի մը հան­գա­մանք ընդգ­ծել զուտ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան կտրուած­քով։ Ընտ­րու­թեան ար­դիւն­քը կու գայ ան­հեր­քե­լիօ­րէն ա­պա­ցու­ցա­նել, որ այս կու­սակ­ցու­թիւ­նը լա­ւա­գոյնս ար­ժե­ւո­րած է վեր­ջին շուրջ կէս տա­րուան ան­ցու­մա­յին շրջա­նը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան եւ Վար­չա­պետ Տա­վու­տօղ­լու իս­կա­պէս օ­րի­նա­կե­լի ձե­ւով կա­ռա­վա­րած են այդ գոր­ծըն­թա­ցը՝ դի­մագ­րա­ւե­լով նաեւ լուրջ մար­տահ­րա­ւէր­ներ։ Ե­թէ մին­չեւ այ­սօր այս կու­սակ­ցու­թիւ­նը քա­նիցս փաս­տած էր իր ընտ­րա­զան­գուա­ծին հետ նոյ­նա­նա­լու ըն­դու­նա­կու­թիւ­նը, ա­պա այս ան­գամ ա­պա­ցու­ցա­նեց նաեւ՝ ա­նոր կող­մէ ի­րեն հաս­ցէագ­րուած քննա­դա­տա­կան պատ­գա­մին ա­ռա­ւե­լա­գոյն ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեամբ եւ հա­մո­զիչ ձե­ւով ներ­թա­փան­ցե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը։ Մէկ կող­մէ Էր­տո­ղա­նի մարմ­նա­ւո­րած կեր­պա­րը ա­մե­նայն պատ­կա­ռան­քով պահ­պա­նե­լով, իսկ միւս կող­մէ նոր կու­սակ­ցա­պե­տին հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը գա­գա­թին հասց­նե­լով՝ այս կու­սակ­ցու­թիւ­նը ար­դէն նոր մեկ­նարկ մը կ՚ող­ջու­նէ իր տաս­նե­րեք տա­րուան միա­հե­ծան իշ­խա­նու­թե­նէն վերջ։ Ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան ան­նա­խըն­թաց հա­մե­մա­տու­թեամբ, հա­սա­րա­կա­կան ա­մուր կռուան­նե­րով՝ ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը նոր սկիզբ մը կ­­՚առ­նէ իր իշ­խա­նու­թեան ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան ամ­բող­ջին մէջ։ Սա ինք­նա­հաս­տատ­ման ու ինք­նավս­տա­հու­թեան, թարմ ե­ռան­դի ու նոր տես­լա­կա­նի խաչ­մե­րուկն է ա­նոր տե­սան­կիւ­նէն, նոր Թուր­քիա մը կեր­տե­լու կար­գա­խօ­սին բիւ­րե­ղա­ցեալ գա­գաթ­նե­րէն մին։

Եր­կի­րը այ­սօր հա­մա­խումբ կը դի­մա­ւո­րէ իր առ­ջեւ ու­րուագ­ծուած նոր հո­րի­զո­նը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2015