ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՏԱՍՆՈՒԹ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Թուրքիոյ տասնութ քաղաքներուն մէջ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն իրականացուեցան լայնածաւալ գործողութիւններ՝ գլխաւորութեամբ Իզմիրի։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս գործողութիւններու արդիւնքին հսկողութեան տակ առնուեցաւ քառասունչորս հոգի, ներառեալ ոստիկանութեան աշխատակիցներ եւ դիւանակալներ։ Տասնեօթ հոգի ալ ձերբակալուեցաւ։ Անոնք կ՚ամբաստանուին զինուորական գաղտնի տեղեկութիւններ ու փաստաթուղթեր պահելով։ Ենթակաները վերոյիշեալ նիւթին շուրջ ձեռնարկուած հարցաքննութեան մը ընթացքին դուրս եկած են իրենց օրինական իրաւասութիւններու շրջագծէն։ Նոյն աղբիւրը կը տեղեկացնէ, թէ հսկողութեան տակ առնուածներու կարգին կը գտնուին «Զուգահեռ կառոյցի» անդամներ։