ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԽԹԱՆՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան շա­բա­թա­վեր­ջին Թիֆ­լիզ կա­տա­րած աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Վրաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ պա­տուի­րա­կու­թեան մը ու­ղեկ­ցու­թեամբ, Սերժ Սարգ­սեան Թիֆ­լի­զի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ բազ­մա­կող­մա­նի քննար­կում­ներ ծա­ւա­լեց հայ-վրա­ցա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման եւ տա­րած­քաշր­ջա­նի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Թիֆ­լի­զի մէջ ան տե­սակ­ցե­ցաւ Վրաս­տա­նի Նա­խա­գահ Կէոր­կի Մարկ­վե­լաշ­վի­լիի, Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Տա­ւիտ Ու­սու­պաշ­վի­լիի եւ Վար­չա­պետ Ի­րակ­լի Ղա­րի­պաշ­վի­լիի հետ։ Սարգ­սեան եւ Մարկ­վե­լաշ­վի­լի Թիֆ­լի­զի մէջ սար­քե­ցին նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեան եւ Կէոր­կի Մարկ­վե­լաշ­վի­լի քննար­կե­ցին հայ-վրա­ցա­կան բարձր մա­կար­դա­կի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն օ­րա­կար­գը, նա­խան­շե­ցին այդ մէ­կը յա­ռաջ մղե­լու նոր հե­ռան­կար­նե­րը, անդ­րա­դար­ձան քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, մար­դա­սի­րա­կան եւ այլ ո­լորտ­նե­րէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման ուղ­ղեալ ըն­թա­ցիկ ծրագ­րե­րու։ Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը երկ­կող­մա­նի եւ բազ­մա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փե­րով փո­խա­դարձ շա­հա­ւէտ նա­խագ­ծե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար կա­րե­ւո­րե­ցին հա­մարկ­ման զա­նա­զան գոր­ծըն­թաց­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէ ներս Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի շա­րու­նա­կա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Սարգ­սեան եւ Մարկ­վե­լաշ­վի­լի կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին տա­րած­քաշր­ջա­նի խնդիր­նե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն շուրջ։ Ա­նոնք ընդգ­ծե­ցին տա­րած­քաշր­ջա­նի կա­յուն, խա­ղաղ եւ անվ­տանգ զար­գաց­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, նե­րա­ռեալ այդ ուղ­ղու­թեամբ եւս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

Իր վրա­ցի պաշ­տօ­նակ­ցին հետ սար­քած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան ը­սաւ. «Պէտք է գո­հու­նա­կու­թեամբ փաս­տեմ, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հայ-վրա­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը աշ­խոյժ զար­գա­ցում ապ­րած են ու թե­ւա­կո­խած՝ ո­րա­կա­կան նոր փուլ։ Մեր եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ կ՚ըն­թա­նայ բարձր մա­կար­դա­կի աշ­խոյժ քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւն եւ փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը իմ խօս­քե­րուն վառ վկա­յու­թիւնն են։ Կը կա­րե­ւո­րեմ նաեւ այն հան­գա­ման­քը, որ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապն­դու­մը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի փո­խա­դարձ լիա­կա­տար վստա­հու­թեան պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ։ Մենք քննար­կե­ցինք նաեւ այն ռազ­մա­վա­րա­կան բնոյ­թով նա­խագ­ծե­րը, ո­րոնց եր­կուս­տեք ձեռ­նա­մուխ ե­ղած ենք։ Կը փա­փա­քիմ կա­րե­ւո­րել Բագ­րա­տա­շէն-Սա­տախ­լօ սահ­մա­նա­յին «Բա­րե­կա­մու­թեան կա­մուրջ»ի շի­նա­րա­րու­թիւ­նը։ Վստահ եմ, որ հա­մա­տեղ ջան­քե­րով մենք այս ու մնա­ցեալ բո­լոր ծրագ­րե­րը յա­ջո­ղու­թեամբ պի­տի հասց­նենք ա­ւար­տին՝ այս­պէ­սով իսկ յա­ւե­լեալ խթան­ներ ստեղ­ծե­լով մեր եր­կիր­նե­րու յա­ռա­ջըն­թա­ցին եւ տնտե­սա­կան վե­րել­քին հա­մար։ Ա­ներկ­բայ է, որ թէ՛ Հա­յաս­տան եւ թէ Վրաս­տան բա­ւա­րար նե­րուժ ու­նին խո­րաց­նե­լու տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը՝ ի­րա­գոր­ծե­լով միջ­պե­տա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րով ամ­րագ­րուած ի­րենց պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Ա­ւե­լի՛ն, հա­ւա­տա­ցած եմ, որ մեր եր­կիր­նե­րու ներգ­րա­ւու­մը տար­բեր հա­մարկ­ման կա­ռոյց­նե­րու մէջ ոչ միայն չեն խո­չըն­դո­տեր, այ­լեւ կ՚ա­ւելց­նեն մեր հա­մա­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը՝ նոր հո­րի­զոն­ներ ու­րուագ­ծե­լով երկ­կող­մա­նի եւ բազ­մա­կող­մա­նի փոխ­շա­հա­ւէտ ծրագ­րե­րու ի­րա­կաց­ման հա­մար»։

­Սարգ­սեան մատ­նան­շեց, թէ քննար­կուած են նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին նշա­նա­կու­թեամբ հար­ցեր, ո­րոնց պա­րա­գա­յին գո­յու­թիւն ու­նի փո­խա­դարձ ըմբռ­նում, ինչ որ ա­ռա­ջին հեր­թին պայ­մա­նա­ւո­րուած է հայ-վրա­ցա­կան եղ­բայ­րու­թեան գե­րա­կա­յու­թեան գի­տակ­ցու­թեամբ եւ եր­կա­րա­ժամ­կէտ մտա­ծե­լու կա­րո­ղու­թեամբ։

Սերժ Սարգ­սեան Ի­րակ­լի Ղա­րի­պաշ­վի­լիին հետ ալ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին շօ­շա­փեց շարք մը կա­րե­ւոր հար­ցեր։ Ա­նոնք գո­հու­նա­կու­թեամբ ար­ձա­նագ­րե­ցին, որ ա­ւան­դա­կան բա­րիդ­րա­ցիու­թեան, եր­կու եր­կիր­նե­րու բա­րե­կամ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մի­ջեւ պատ­մա­կան հիմ­քի վրայ խարս­խուած շփում­նե­րը, նաեւ Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը լուրջ նա­խադ­րեալ­ներ կը ստեղ­ծեն գոր­ծըն­կե­րու­թեան նո­րա­նոր ուղ­ղու­թիւն­ներ նա­խան­շե­լու հա­մար։ Թէ՛ Սարգ­սեան եւ թէ Ղա­րի­պաշ­վի­լի կա­րե­ւո­րե­ցին տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին նշա­նա­կու­թեամբ են­թա­կա­ռու­ցուած­քա­յին, նե­րա­ռեալ ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռի ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը, ինչ որ զգա­լիօ­րէն պի­տի խթա­նէ երկ­կող­մա­նի տնտե­սա­կան կա­պե­րու ամ­րապն­դու­մը ու պի­տի նպաս­տէ ա­ռեւտ­րաշր­ջա­նա­ռու­թեան ծա­ւալ­նե­րու ա­ճին։ Անդ­րա­դառ­նա­լով հա­մարկ­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րուն եր­կու եր­կիր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան՝ Սարգ­սեան եւ Ղա­րի­պաշ­վի­լի մատ­նան­շե­ցին ա­նոնց զի­րար լրաց­նող բնոյ­թը, ինչ­պէս նաեւ են­թա­կա­ռու­ցուած­քա­յին ծրագ­րե­րը փոխ­կա­պակ­ցե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2015