Ենթագետին
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան աղբիւրներէն ողջունելի լուրեր հասան վերջին օրերուն։ Թէ՛ քանակի եւ թէ որակի առումով հիւանդանոցի հնարաւորութիւններուն համար սահմանուած է նոր գագաթ մը։ Առաւելագոյն ճշգրտութեամբ ախտաճանաչման տուեալներ ապահովելու ճանապարհին մեծ արդիւնքի մը եւ անբաղդատելի հնարաւորութեան մը հասած է Ազգային հիւանդանոցը՝ շնորհիւ հոգաբարձութեան աստղաբաշխային ներդրումներուն։
Գթութեան յարկը մեր համայնքի թէ՛ ամենամեծ հնարաւորութիւններով եւ թէ ամենամեծ արդիւնաւէտութիւնով գործող կառոյցը կը նկատուի։ Չունինք ուրիշ որեւէ հաստատութիւն, որ իր գործունէութիւն ծաւալած բնագաւառին մէջ հասած ըլլայ այսքան յառաջատար դիրքի մը։
Վարչական լուրջ պաշարի մը եւ տեսիլքի մը պտուղն է հիւանդանոցին այսօրուան հասած մակարդակը։ Մէկ կողմէ շէնքի ֆիզիքական խնամքը, իսկ միւս կողմէ մատուցուած ծառայութիւններուն համար երաշխիքի համազօր թեքնիկ ենթակառուցուածքի ապահովումը։ Այս երկու առանցքները շատ լուրջ հաւասարակշռութիւնով մը հետեւողականօրէն յառաջ կը տարուին հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կողմէ։ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ ընկերներուն կատարած աշխատանքին արդիւնքը անանտեսելի է ու ծափահարելի։
Ազգային հիւանդանոցը այսօր ամուր ենթագետին մը ունի իր զարգացումը կայուն հունի մը մէջ տեւականացնելու համար։ Հաստատութեան ղեկավարութիւնը մէկէ աւելի ճակատներու վրայ հեռատես եւ հետեւողական աշխատանք կը տանի, որպէսզի Գթութեան յարկը մնայ իր բարձրութեան վրայ եւ անոր վերելքը մղիչ ուժի մը վերածուի մեր ամբողջ համայնքին տեսակէտէ։ Միեւնոյն ժամանակ, սա բացառիկ օրինակ մըն է մեր հաւաքական կեանքէն ներս անդրադառնալու եւ փաստելու համար, թէ մեր հաստատութիւնները ինչպիսի՛ դիրքի մը կրնան հասնիլ՝ եթէ իրենց ներուժը օգտագործեն լիարժէք եւ իրատես ձեւով։
Այս օրերուն, վստահաբար, շնորհաւորութիւններու նոր տարափ մը կ՚ապրուի հոգաբարձութեան մօտ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ