ԿՐԹԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՅԱՅՏՆԻ ՏԵՍԱԲԱՆՆԵՐԷՆ ՓՐՈՖ. ՃՈՆ ՔԵԼԸՐ ԵՐԷԿ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ
Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ երէկ հիւրընկալուեցաւ կրթական աշխարհի յայտնի տեսաբաններէն մին՝ Ֆլորիտայի Պետական համալսարանի դասախօսներէն Փրոֆ. Ճոն Քելըր։ Այս վերջինը կրթական կեանքէ ներս կը համարուի իսկական հեղինակութիւն մը։ Ան համաշխարհային մակարդակով համբաւ ձեռք բերած է շնորհիւ իր հնարած ARCS ուսուցման դրութեան, որ կը վերաբերի կրթադաստիարակչական միջավայրի մէջ աշակերտներու կեդրոնացումը առաւելագոյն մակարդակի հասցնելու։
Իսթանպուլահայ կրթական համակարգին տեսակէտէ կարեւոր հնարաւորութիւն մըն էր Ճոն Քելըրի հետ շփումը, մանաւանդ անոր մօտեցումներուն ուղղակիօրէն հաղորդ դառնալը։ Իր ելոյթին առթիւ Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ համախմբուեցան իսթանպուլահայ զանազան վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչներ, տնօրէններ, կրթական մշակներ եւ ծնողներ։ Ճոն Քելըրի եւ կողակցին՝ Սեսիլիա Քելըրի ի պատիւ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ձեռնարկի մասնակիցները առիթն ունեցան ճանչնալու օրուան ատենախօսը։ Աւելի վերջ հիւրընկալ Գարակէօզեան Տան տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէի ողջոյնի խօսքով սկսաւ Ճոն Քելըրի հետ ասուլիսը։ Իր խօսքերը թրքերէնի թարգմանուեցան Գարակէօզեանի կրթական նիւթերու գծով խորհրդական Ֆուլիա Սարըի կողմէ։ Քելըրի արտայայտութիւններուն զուգահեռ մեծադիր պաստառի մը վրայ կը հոսէին նաեւ որոշ տեղեկութիւններ կամ բացատրութիւններ՝ միշտ անգլերէնով եւ թրքերէնով։ Շուրջ երկու ժամ տեւեց այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին Քելըր շատ հետաքրքրական խորհրդածութիւններով հանդէս եկաւ աշակերտներու բարձր կեդրոնացումը ապահովելու վերաբերեալ նիւթերուն շուրջ։ Բացի Միացեալ Նահանգներէն, Ճոն Քելըր զանազան ծրագրեր ղեկավարած է Չինաստանի, Ճաբոնի, Քորէայի, Հոլանտայի, Քուպայի, Պրազիլիոյ եւ աշխարհի այլ բազմաթիւ երկիրներէն ներս, իսկ այդ փորձառութիւնը արդէն թէ՛ կը ճոխացնէին իր արտայայտած միտքերը եւ թէ գործնական ապացոյց մը կ՚ըլլային անոնց տեսակէտէ։
Ձեռնարկի աւարտին Արուսեակ Մոնէ յուշանուէրներ յանձնեց Ճոն Քելըրին։