ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Այսօր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան տարեդարձն է։ Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աստուածակառոյց ու Առաքելահաստատ գահուն վրայ ան կը դիմաւորէ իր 16-րդ տարին՝ որպէս հայ ժողովուրդի ընդհանրական ու պատուական հայրապետը եւ որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ թիւ մէկ սպասաւորը։
Անցնող աւելի քան 15 տարիներուն ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը այնպիսի գործունէութիւն մը ծաւալած է, որ իր գահակալութեան տարեդարձները արդէն առիթ կը հանդիսանան Հայ Եկեղեցւոյ արդի ձեռքբերումները մատնանշելու եւ այդ բոլորը ապագայատեսիլ որոնումներով կշիռքի վրայ դնելու տեսանկիւնէն։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան տարիներուն դարակազմիկ զարգացումներ ապրուած են՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պայծառութեան տեսանկիւնէն։
Ուստի, Ամենայն Հայոց Հայրապետը այսօր անգամ մը եւս իր աշխարհացրիւ իր հաւատացեալ հօտի որդիական աղօթքներուն մէջ է՝ որպէսզի Բարձրեալն Աստուած իրեն պարգեւէ գահակալութեան եւս բազում տարիներ ու ծաղկուն գաւազան։ Այս առթիւ մենք եւս որդիական ամենաջերմ զգացումներով կը շնորհաւորենք Նորին Սրբութեան գահակալութեան 16-րդ տարեդարձը։