ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձին հար­ցաքն­նու­թեան շրջագ­ծով միշտ կ՚ապ­րուին նոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ։ Ծա­նօթ է, որ ներ­կա­յիս յա­ւե­լեալ հար­ցաքն­նու­թիւն մը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի՝ բա­ցա­յայ­տե­լու հա­մար հան­րա­յին պաշ­տօ­նեա­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րը։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, դա­տա­խազ Կէօ­քալփ Քիւ­չիւ­քի կող­մէ պատ­րաս­տուած ամ­բաս­տա­նա­գի­րը՝ առ­կայ պա­կաս­նե­րու լրաց­ման հա­մար վե­րա­դար­ձուե­ցաւ Իս­թան­պու­լի Հան­րա­պե­տա­կան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թեան կող­մէ։

Սոյն ամ­բաս­տա­նագ­րին կա­պակ­ցու­թեամբ ար­դէն երկ­րորդ ան­գամ կ՚ապ­րուի նման խնդիր մը։ Կարճ ժա­մա­նակ ա­ռաջ եւս ամ­բաս­տա­նա­գի­րը ետ ու­ղար­կուած էր՝ այդ մէ­կը պատ­րաս­տած դա­տա­խա­զին, որ լրա­ցում­ներ կա­տա­րե­լէ վերջ զայն յանձ­նած էր վերս­տին։ Իսկ այս ան­գամ մե­ղադ­րա­կա­նը երկ­րորդ ան­գամ վե­րա­դար­ձուած էր Իս­թան­պու­լի Հան­րա­պե­տա­կան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թեան կող­մէ։

Հարկ է յի­շեց­նել, որ այդ մե­ղադ­րա­կա­նին մէջ բա­ւա­կան լուրջ պնդում­ներ գո­յու­թիւն ու­նին անվ­տան­գու­թեան հա­մա­կար­գի այժ­մու կամ նախ­կին շարք մը բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու պա­րա­գա­յին։

Նիւթը այսօր արձագանգ գտած է նաեւ տեղական մամուլին մօտ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2015