ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Ե­րե­ւա­նի մէջ այս ա­ռա­ւօտ սկսաւ Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կո­մի­տէին հեր­թա­կան նիս­տը։ «Double Tree by Hilton» պան­դո­կին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նեն այն ա­ռու­մով, որ Ե­րե­ւա­նի եւ Պրիւք­սէ­լի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը այս շրջա­նին նոր թափ ստա­ցած են ու կ՚ակն­կա­լուի մին­չեւ տա­րե­վերջ նոր հա­մա­ձայ­նու­թեան մը ստո­րագ­րու­մը ա­նոնց մի­ջեւ։

Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը կը գլխա­ւո­րեն եր­կու պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ հայ­կա­կան կող­մէն Հա­յաս­տա­նի Տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Կա­րէն Ճշմա­րի­տեան, իսկ եւ­րո­պա­կան կող­մէն՝ ԵՄ-ի ար­տա­քին գոր­ծարք­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան Ռու­սաս­տա­նի, Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան, Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ, տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ ԵԱՀԿ-ի գծով տնօ­րէն Կու­նար Վի­կանտ։ Այս վեր­ջին­նե­րը ժո­ղով­նե­րու սկիզ­բին առ­թիւ այս ա­ռա­ւօտ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով ալ հան­դէս ե­կան Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Սա հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կո­մի­տէի 16-րդ նիստն է։  

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2015