ԱՆԸՆԴՀԱՏ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի հետ։ Նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­պու­մը, որ տե­ւեց 50 վայր­կեան։ Դռնփակ տե­սակ­ցու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ չհա­ղոր­դուե­ցան այլ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ։ Մինչ այդ, նախ­կին նա­խա­գահ Ապ­տուլ­լահ Կիւլն ալ ե­րէկ հե­ռա­ձայ­նով Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուն շնոր­հա­ւո­րեց՝ ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ա­պա­հո­վուած յաղ­թա­նա­կին հա­մար։

Տա­վու­տօղ­լու ընտ­րու­թիւն­նե­րէն վերջ ե­րէկ ա­ռա­ջին ան­գամ Իս­թան­պու­լի մէջ էր։ Կու­սակ­ցա­կան­նե­րու հոծ բազ­մու­թեան մը կող­մէ դի­մա­ւո­րուե­ցաւ վար­չա­պե­տը, որ ը­սաւ, թէ Իս­թան­պուլ հաս­նե­լէ ա­ռաջ Ան­գա­րա­յի մէջ տե­սակ­ցած էր Էր­տո­ղա­նի հետ։ Ուս­տի, Տա­վու­տօղ­լու փո­խան­ցեց ա­նոր ող­ջոյն­նե­րը եւ ընդգ­ծեց, որ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահն ալ կ՚ապ­րի յե­տընտ­րա­կան խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը։ Ան Իս­թան­պու­լի մէջ եւս հա­ւա­սա­րակշ­ռուած պատ­գամ­ներ տուաւ՝ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն յա­ջոր­դած մթնո­լոր­տին մէջ։ Տա­վու­տօղ­լու կրկնեց, թէ ար­դիւն­քին պար­տուող մը չկայ, իսկ ի­րենք ոե­ւէ մէ­կը պի­տի չվա­նեն։ «Մենք եր­բեք կանգ պի­տի չառ­նենք, սի­րով ու հա­ւա­տար­մու­թեամբ պի­տի շա­րու­նա­կենք մեր ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը», ը­սաւ Տա­վու­տօղ­լու։

Նոյն­պէս ե­րէկ, իր կար­գին, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղանն ալ անդ­րա­դար­ձաւ ընտ­րու­թեան ար­դիւն­քին։ Ան հա­մո­զուած է, թէ ազ­գին կամ­քը ար­տա­յայ­տուած է ի նպաստ կա­յու­նու­թեան։ Էր­տո­ղան մաղ­թեց, թէ ար­դիւն­քը բա­րե­բեր ըլ­լայ երկ­րին ու ազ­գին տե­սա­կէ­տէ։ Բաց աս­տի, ան շեշ­տեց, թէ ընտ­րու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նակ ցու­ցա­բե­րուած ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հա­սու­նու­թիւ­նը կ՚ա­պա­ցու­ցա­նէ Թուր­քիոյ հա­սած մա­կար­դա­կը։ Պա­տաս­խա­նե­լով լրագ­րող­նե­րու մի­ջազ­գա­յին ար­ձա­գանգ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցում­նե­րուն՝ Էր­տո­ղան շեշ­տեց, որ աշ­խարհ պէտք է յար­գանք տա­ծէ ար­դիւնք­նե­րուն նկատ­մամբ։

Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ Վար­չա­պետ Տա­վու­տօղ­լուի գլխա­ւո­րու­թեամբ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րու վե­րա­բե­րեալ բարձր մա­կար­դա­կի ժո­ղով մը։ Բնա­գա­ւա­ռի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ վար­չա­պե­տին գլխա­ւո­րու­թեամբ կը ծա­ւա­լուին քննար­կում­ներ, մինչ Թուրք զի­նեալ ու­ժերն ալ ա­նընդ­մէջ կը շա­րու­նա­կեն հա­րուած­ներ հասց­նել ա­հա­բեկ­չա­կան թի­րախ­նե­րուն։ Ե­րէկ, պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, թէ ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած են լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ։ Քան­տի­լի եւ շրջա­կայ­քին ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան ճամ­բար­նե­րը ռմբա­կո­ծուած են Տիար­պա­քը­րէն թռիչք ա­ռած քա­ռա­սուն ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րու կող­մէ։ Նոյ­նիսկ ՓՔՔ­-ի ստոր­գետ­նեայ ա­պաս­տա­նա­րան­նե­րը ոչն­չա­ցուած են այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, ՓՔՔ­-ին պատ­կա­նող յի­սուն թի­րախ կոր­ծա­նիչ հա­րուա­ծի են­թար­կուե­ցաւ այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին։  

 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2015