ԱԼԻԵՒ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՎՐԱՍՏԱՆ
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Թիֆլիզ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Վրաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ Ալիեւ հանդիպումներ կ՚ունենայ Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի, Խորհրդարանի նախագահ Տաւիտ Ուսուպաշվիլիի եւ Վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ։ Ան կը տեսակցի նաեւ Համայն Վրաց Իլիա Բ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին հետ։ Երկու նախագահները Թիֆլիզի մէջ կ՚ունենան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ կը գլխաւորեն ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները։ Կը նախատեսուի, որ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի միջեւ ստորագրուի հռչակագիր մը՝ քաղաքականութեան, անվտանգութեան, առեւտուրի եւ տնտեսութեան, տարանցման, մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան խորացման մասին։ Մարկվելաշվիլի եւ Ալիեւ կը սարքեն նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Թիֆլիզի շփումներէն վերջ, Ալիեւ պիտի անցնի Վրաստանի ազէրիաբնակ Մառնեուլի շրջանը, ուր պիտի մէկտեղուի տեղւոյն ազէրիներուն հետ եւ պիտի այցելէ սառնարանային տնտեսութեան կեդրոնը։