ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

Ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տան-ԵՄ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան  կո­մի­տէի 16-րդ նիս­տը։ Այս առ­թիւ Եւ­րո­միու­թեան Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան Ռու­սաս­տա­նի, Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան, Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ, տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ ԵԱՀԿ-ի հար­ցե­րով տնօ­րէն Կու­նար Վի­քան­տ յայ­տա­րա­րեց, որ Պրիւք­սէլ Ե­րե­ւա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը պի­տի զար­գաց­նէ հա­շուի առ­նե­լով Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵԱՏՄ) ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը։ Եւ­րո­պա­կան կող­մը կը փա­փա­քի նաեւ Հա­յաս­տա­նի հետ ու­նե­նալ լաւ, կա­յուն եւ էա­կան հա­մա­ձայ­նա­գիր մը։ Հարկ է նշել, որ այս հար­ցը օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած է նաեւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քի­ն։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2015