ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի գլխա­ւո­րու­թեամբ ե­րէկ Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ բարձր մա­կար­դա­կի խորհր­դակ­ցու­թիւն մը՝ անվ­տան­գու­թեան նիւ­թե­րու շուրջ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու այս առ­թիւ հրա­հան­գած է, որ յա­ռա­ջի­կայ ձմրան եւս ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կուին ա­նընդ­հատ։ Մինչ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին, ե­րէ­կուան խորհր­դակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած են նաեւ Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, երկ­րի սահ­ման­նե­րէն դուրս «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը եւ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան հետ ձեռք առ­նուած մի­ջոց­նե­րը։

Միւս կող­մէ, Հաք­քեա­րիի Եիւք­սէ­քօ­վա գա­ւա­ռա­կին մէջ եւս ՓՔՔ­-ի դէմ ազ­դու հա­րուած­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ։ Ան­գա­րա­յի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Տաղ­լը­ճա­յի շրջա­նէն ներս 31 ա­հա­բե­կիչ մա­հա­ցած է։ Գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին դժբախ­տա­բար եր­կու զի­նուոր ալ նա­հա­տա­կուած է։ 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2015