ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ տե­սակ­ցե­ցաւ Պէյ­րու­թի Հայ­կա­զեան Հա­յա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ Փոլ Հայ­տոս­թեա­նի հետ, որ այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Ե­րե­ւան։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ա­ռա­ջին հեր­թին Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի 60-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին կա­պակ­ցու­թեամբ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ յղեց Հայ­տոս­թեա­նին։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց, թէ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն աշ­խու­ժա­ցած է Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի եւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Սարգ­սեա­նի հա­մոզ­մամբ՝ այս մար­զէն ներս պատ­կա­ռե­լի նե­րու­ժը անհ­րա­ժեշտ է օգ­տա­գոր­ծել լիար­ժէք։ Կա­րե­ւո­րուե­ցաւ ու­սա­նող­նե­րու փո­խա­նա­կում­ներն ու փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու ծրագ­րե­րուն ի­րա­կա­նա­ցու­մը։ Զրու­ցա­կից­նե­րը ջեր­մու­թեամբ յի­շե­ցին նաեւ 2012 թուա­կա­նին Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նին կա­տա­րած այ­ցե­լու­թիւ­նը։

Փոլ Հայ­տոս­թեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց նա­խա­գա­հին՝ ջերմ հիւ­րըն­կա­լու­թեան, Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի նկատ­մամբ հո­գա­տար վե­րա­բեր­մուն­քի, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տան-Սփիւռք կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման ուղ­ղու­թեամբ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն ի­րա­կա­նա­ցուող պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­մար։

 

 

 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2015