ՄԱՔՐԱԳՈՐԾՄԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լու ե­րէկ Էր­պի­լի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի Քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար Մե­սուտ Պար­զա­նիի հետ։ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած MERI հար­թա­կի 2015 թուա­կա­նի ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Էր­պիլ մեկ­նած էր Սի­նիր­լիօղ­լու, որ Մե­սուտ Պար­զա­նիի ա­ռըն­թեր տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան վար­չա­պետ Նե­չիր­վան Պար­զա­նիի եւ այն­տեղ իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնուող «Քիւր­տիս­տա­նի հայ­րե­նա­սէր­նե­րու միու­թիւն» կու­սակ­ցու­թեան փոխ-ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պեհ­րամ Սա­լի­հի հետ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, դռնփակ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին զրու­ցա­կից­նե­րը քննար­կե­ցին տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին զար­գա­ցում­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Թուր­քիոյ եւ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի Քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Ըստ տե­ղա­կան մա­մու­լին մօտ լոյս տե­սած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լու մատ­նան­շած է, թէ Թուր­քիոյ եւ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի Քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը պէտք է զար­գա­նայ բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով եւ այս շրջագ­ծին մէջ մաս­նա­ւո­րա­բար կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը՝ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս ա­հա­բեկ­չու­թեան բո­լո­րո­վին վերջ տա­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Սի­նիր­լիօղ­լու շեշ­տած է, թէ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քը պէտք է լրիւ մաք­րա­գոր­ծուի ՓՔՔ­-էն։ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ պայ­քա­րին գծով ալ Ան­գա­րա պի­տի շա­րու­նա­կէ հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ Էր­պի­լի հետ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Ան­գա­րա չի նա­խընտ­րեր Սու­րիոյ Հիւ­սի­սա­յին հա­տուա­ծին ՓԵՏ-ի հա­կակշ­ռին տակ գտնուի­լը՝ թրքա­կան կող­մը փա­փաք յայտ­նած է, թէ այս ուղ­ղու­թեամբ Մե­սուտ Պար­զա­նիի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հան­դէս գայ ա­ւե­լի մեծ աշ­խու­ժու­թեամբ։

Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լուի եւ Մե­սուտ Պար­զա­նիի զրոյ­ցին ըն­թաց­քին շօ­շա­փուած է նաեւ քա­րիւ­ղի փո­խադ­րու­թեան նպա­տա­կով նոր մէկ ուղ­ղու­թեան եւս հաս­տատ­ման նիւ­թը։

 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2015