IFEA-Ի ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Գիտական հետազօտութիւններու ազգային կեդրոնի (CNRS) հովանաւորութեան ներքեւ Իսթանպուլի մէջ գործող IFEA-ի (Անադոլական ուսումնասիրութիւններու ֆրանսական կաճառ) Նոյեմբեր ամսուան ձեռնարկներուն շրջագծով, երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ հետաքրքրական հաւաքոյթ մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան հայկական սփիւռքի շարք մը հրատապ հարցերը՝ մասնաւորապէս կրթական բնագաւառին վերաբերեալ։ Քաղաքիս Ֆրանսական պալատի Պէյօղլուի համալիրէն ներս խարսխուած IFEA-ի կեդրոնի դահլիճի երդիքին տակ կազմակերպուած ասուլիս մըն էր այս մէկը, «Հայ դպրոցը Թուրքիոյ, Լիբանանի եւ Ֆրանսայի մէջ. առաւելութիւններ եւ մարտահրաւէրներ» խորագրին ներքեւ։ Օրուան ատենախօսն էր՝ Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառի (INALCO) հայկական ծրագրի վարիչ Տքթ. Անահիտ Տօնապետեան, որ վերջին տարիներուն որպէս այցելու դասախօս կ՚աշխատի նաեւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մօտ։ Հարկ է նշել, որ Անահիտ Տօնապետեան որպէս խորհրդական մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական համայնքներու բաժանմունքին կողմէ ստեղծուած, սփիւռքահայ վարժարաններու վերաբերեալ կրթական յատուկ յանձնախումբի աշխատանքներուն։ Շահեկան ելոյթին տեւողութեան ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ զանազան երկիրներէ ներս արեւմտահայերէնի ուսուցման խնդիրներուն, ընկերամշակութային կամ ինքնութեան մասին ածանցեալ հարցերով հանդերձ։
Անահիտ Տօնապետեան ներկայացուց Թուրքիոյ, Լիբանանի եւ Ֆրանսայի հայկական վարժարաններուն առընչութեամբ բաղդատական ուսումնասիրութեան մը արդիւնքները։ Ան այդ համեմատական կացութիւնը ցոլացուց վիճակագրական տուեալներու համայնապատկերին վրայ՝ յիշեալ երկիրներու հայկական վարժարաններուն ընդհանուր կացութիւնը խոշորացոյցի տակ բերելով, առանց անտեսելու նաեւ աշխարհի ուրիշ երկիրներու հայկական դպրոցներուն մասին հանգամանքները։
Դասախօսութեան սկիզբին Տօնապետեան պատմական ամփոփ տուեալներ ներկայացուց հայոց մօտ վարժարաններու հաստատման՝ դպրոցականացման կամ դպրոցացման շրջանին մասին՝ խորանալով մինչեւ 1830-ական թուականները։ Ան մատնանշեց Օսմանեան կայսրութեան շրջանի հայկական դպրոցներու ցանցը։ Ըստ իրեն, վարժարաններու հաստատման գործընթացը ամենասկիզբի փուլէն սկսեալ ուղղորդուած էր լեզուի արդիականացման եւ աշխարհավարականացման վէճերով։ Այդ բոլորի զուգահեռութիւնները բացատրելու ժամանակ ան մասնաւոր անդրադարձ կատարեց Նահապետ Ռուսինեանի «Ուղղախօսութիւն» եւ Հայր Արսէն Այտընեանի կողմէ հեղինակուած առաջին քերականութեան գրքերուն։
Անահիտ Տօնապետեան կանգ առաւ լեզուի ոլորտէն ներս այդ շրջանին ապրուած բանավէճերուն վրայ, մասնաւոր անդրադարձ կատարելով աշխարհաբարի ուսուցման։ 1891-ին Պատրիարքարանի Ուսումնական խորհուրդը աշխարհաբարը հռչակած էր որպէս ուսուցման լեզու։ 1902-ին ամբողջ Օսմանեան տարածքէն ներս 818 հայկական դպրոց գոյութիւն ունէր. 60 հազար 315 մանչ եւ 22 հազար 380 աղջիկ աշակերտով, 2 հազար 150 կրթական մշակով։ Այդ շրջանին բոլոր վէճերու կեդրոնին կը գտնուէր Պոլիսը, ծայր աստիճան կենսունակ գործընթաց մը կար, սակայն 1915-ին յանկարծ ընդհատուեցաւ ամէն ինչ։
Տօնապետեան բացատրեց, թէ այս կէտէն սկսեալ արեւմտահայերէնը վերածուեցաւ սփիւռքեան լեզուի մը։ Սփիւռքացումը արեւմտահայերէնի պարագային միակեդրոն կացութիւնը փոխեց բազմակեդրոնի։ Արեւմտահայերէնը վերածուեցաւ առանց տարածքի լեզուի մը։ Ամէնուրեք կ՚օգտագործուէր որպէս փոքրամասնական լեզու ու որեւէ տեղ չզարգացաւ որպէս պետական լեզու։ Այս գործընթացը տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ յանգեցաւ այն հետեւանքին, որ 2010 թուականին արեւմտահայերէնը արդէն յայտնուեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի վտանգուած լեզուներու ցանկին վրայ։ Հիմնական չափանիշը այն է, որ երիտասարդ սերունդները այլեւս չեն սորվիր արեւմտահայերէն։ Յամենայնդէպս, Անահիտ Տօնապետեան մատնանշեց, որ հայկական աշխարհէն ներս այսօր տակաւին լեզուն կը շարունակէ կարեւոր ցուցանիշ մը համարուիլ ինքնութեան տեսակէտէ։
Այս կէտէն սկսեալ դասախօսութեան տեւողութեան Անահիտ Տօնապետեան մանրամասն բաղդատութիւն մը ներկայացուց Լիբանանի, Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի հայկական դպրոցներուն շուրջ։ Վիճակագրական ճոխ տուեալներով զուգորդուած համեմատութիւններուն մէջ չէին անտեսուած նաեւ հայաշատ ուրիշ կեդրոններու դպրոցները։ Ան վարժարաններու ընդհանուր վիճակը ներկայացուց տուեալ համայնքներու ընդհանուր պայմաններուն, մտայնութեան եւ տուեալ երկրի համարկման աստիճանին լոյսին տակ։ Որպէս առանցքային նիւթ ան մեկնաբանեց նաեւ հայապահպանման հարցը՝ արդի իր զանազան դրսեւորումներով ու ծնունդ տուած հարցումներով։ Արդարեւ, ան համոզուած է, թէ արեւմտահայերէնի ուսուցման թափ ստանալուն վերաբերեալ սպասումներու մթնոլորտին մէջ՝ դպրոցներուն արդիւնքը բարձրացնելու համար պէտք է յստակացնել անոնց նպատակներուն վերաբերեալ վէճերը։ Իր ծաւալուն ելոյթէն վերջ Անահիտ Տօնապետեան պատասխանեց նաեւ իրեն ուղղուած հարցումներուն։