Մշտական պայքար
Անահիտ Տօնապետեանի երէկուան դասախօսութիւնը իսկապէս հետաքրքրական էր, նաեւ հարստացուցիչ։ Իրականութեան մէջ, իր խօսքերը հիմնական որեւէ արտասովոր նորութիւն չէին բովանդակեր՝ հայ իրականութեան քիչ թէ շատ ծանօթ անձի մը տեսանկիւնէն։ Մետայլի միւս երեսակին, սակայն, իր խօսքերը չափազանց ուշագրաւ էին, որովհետեւ կը ցոլացնէին առարկայական ճոխ տուեալներ, վիճակագրութիւններով, համադրութիւններով եւ դիտարկումներով հանդերձ։ Իր մատուցած տուեալները անհրաժեշտ ենթագետին մը կը պատրաստէին՝ վերլուծութիւններ, հետեւութիւններ, նոյնիսկ դատողութիւններ ընելու համար։
Հայոց Սփիւռքի պայմաններով, հայ դպրոցը կը շարունակէ մնալ օրակարգի հրատապ նիւթերու կամ հարցերու շարքին։ Այդ առաջնահերթութիւնը, անշուշտ, չի բացատրուիր սահմանափակ պատճառներով։ Այդ գործօններուն իւրաքանչիւրին շուրջ նոր ժամանակներուն զուգահեռ կը յառաջանան նոր ու բարդ մարտահրաւէրներ։
Անփոփոխ միակ իրողութիւնը կը մնայ այն, որ արեւմտահայերէնի կենդանի պահուիլը կը կարօտի մշտական պայքարի՝ ուժերու համախմբումով, հաւաքական կամքով եւ իրատեսութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, արեւմտահայերէնի հեւքը կը վիճակի համայն հայութեան եւ այս ամբողջին մէջ որքան որ ալհիմնական պատասխանատուութիւնը վիճակի Սփիւռքին, պէտք է այդ պայքարին հնարաւորինս ներգրաւել նաեւ Հայաստանի գիտական ներուժը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ