ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
«Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը Նոյեմբեր 9-13 թուականներուն միջեւ, Երեւանի մէջ, պիտի կազմակերպէ հայկական աւանդական ասեղնագործութեան աշխատանքներու հնգօրեայ բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառք մը:
Ցուցահանդէս-վաճառքը, որպէս «Աւանդական ասեղնագործութեան դասընթացքներ կանանց համար» ծրագրի կարեւորագոյն բաղադրիչ, պիտի իրականացուի Գերմանիոյ միջազգային համագործակցութիւն ընկերութեան (ԳՄՀԸ) Եւորոմիութեան «Թիրախային նախաձեռնութիւն Հայաստանի համար» ծրագրի ծիրէն ներս:
Ծրագրի հիմնական նպատակն է` բարելաւել սուրիահայ մասնագէտներու եւ ծրագրի անմիջական շահառու կանանց բարեկեցութիւնը, ինչպէս նաեւ նպաստել հայկական աւանդական ասեղնագործութեան տարածման:
Ցուցահանդէս-վաճառքին ծրագրի մասնակից տեղաբնակ եւ սուրիահայ երեսուն կանայք ներկաներուն ուշադրութեան պիտի ներկայացնեն իրենց կողմէ ծրագրի իրականացման ընթացքին պատրաստուած Ուրֆայի, Վանի, Տանթէլի եւ նորվեկեան ասեղնագործութիւններու շուրջ վաթսուն ինքնատիպ եւ գեղեցիկ նմոյշներ: Բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառքէն ստացուած հասոյթը պիտի յատկացուի այդ կանանց ընտանիքներուն:
Ցուցահանդէսի ժամանակ ծրագրին մասնակից կանանց պիտի շնորհուին հաւաստագրեր աւանդական ասեղնագործութեան դասընթացքներուն իրենց մասնակցութեան եւ յաջողութեամբ աւարտելուն համար:
Հնգօրեայ բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառքի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբերի 9-ին, ժամը` 15.00-ին, «Հալէպ» կազմակերպութեան նորաբաց կեդրոնին մէջ։