ՊԱՇՏՕՆԱԿՑԻ ՄԸ ՈՂՋՈՅՆԸ

Ե­րէկ, մե­զի հա­մար ե­զա­կի հա­ճոյք մը ե­ղաւ Ու­րու­կուա­յէն «Ռա­տիօ Ա­րաքս»ի տնօ­րէն Տիէ­կօ Գա­րա­մա­նու­կեա­նի խմբագ­րա­տունս կա­տա­րած այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Ան սփիւռ­քեան մեր լրա­տուա­կան աշ­խար­հի շատ յայտ­նի ու նուի­րեալ դէմ­քե­րէն մին է։ Թէեւ իր ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նը խարս­խուած է Ու­րու­կուա­յի մէջ, սա­կայն Տիէ­կօ Գա­րա­մա­նու­կեան ամ­բողջ Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի հա­յու­թեան խորհր­դան­շա­կան ու ա­մե­նա­ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ա­նուն­նե­րէն մին կը հա­մա­րուի։ Պէյ­րու­թէ վե­րա­դար­ձի ճա­նա­պար­հին ան քա­նի մը օ­րուան հա­մար հան­դի­պած է Իս­թան­պուլ եւ վեր­ջին օ­րե­րուն կը շփուի հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն հետ, ինչ որ ի­րեն հնա­րա­ւո­րու­թիւն մը ըն­ձե­ռած է թրքա­հայ հա­մայն­քի ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թեան շուրջ տար­րա­կան պատ­կե­րա­ցում մը կազ­մե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբագ­րա­տու­նը տուած այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Տիէ­կօ Գա­րա­մա­նու­կեա­նին ու­ղեկ­ցե­ցան մեր պաշ­տօ­նա­կից «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հա­յե­րէն է­ջե­րու խմբա­գիր Բագ­րատ Էս­դու­գեան, Ամս­թեր­տա­մէն Յա­րու­թիւն Սի­մո­նեան, ինչ­պէս նաեւ Ե­րե­ւա­նէն Վար­դու­հի Պա­լեան, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կ՚ու­սա­նի քա­ղա­քիս մէջ։ Ան­մի­ջա­կան զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Տիէ­կօ Գա­րա­մա­նու­կեան վառ տպա­ւո­րու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց իր կարճ կե­ցու­թեան օ­րե­րուն շուրջ։ Իս­թան­պուլ կա­տա­րած ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թիւ­նը ար­դէն իր մօտ առ­թած էր այն զգա­ցու­մը, թէ դար­ձեալ պէտք է այ­ցե­լել քա­ղաքս՝ ա­ւե­լի մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու հա­մար մեր հա­մայն­քին։

Տիէկօ Գարամանուկեան, որ կանոնաւոր պարբերութեամբ կ՚այցելէ Հայաստան, վերջերս ԳՈՀԱՐ սիմֆոնիք նուագախումբ-երգչախումբի համերգին առթիւ այցելած է Պէյրութ եւ մօտակայքին գտնուելու առիթը արժեւորելով փափաքած է վերադարձի ճանապարհին անցնիլ Պոլիսէն, ուր կ՚ուզէր այցելել երկար տարիներէ ի վեր՝ քաջ տեղեակ ըլլալով մեր քաղաքին ու հա-մայնքին խորհրդանշած արժէքներուն։

Օգ­տուե­լով այ­ցե­լու­թեան ըն­ձե­ռած ա­ռի­թէն՝ Տիէ­կօ Գա­րա­մա­նու­կեան թեր­թիս գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեա­նի հետ հար­ցազ­րոյց մըն ալ կա­տա­րեց՝ ձայ­նագ­րե­լով ա­նոր տե­սա­կէտ­նե­րը թրքա­հայ հա­մայն­քին, Թուր­քիոյ ընդ­հա­նուր ի­րադ­րու­թեան, հայ­կա­կան հար­ցին, Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման հե­ռան­կար­նե­րուն, տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ի­րադ­րու­թեան եւ Հա­յաս­տան-Սփիւռք կա­պե­րուն շուրջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2015