ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՏՔԹ. ԱՐՄԷՆ ՏԷՐ-ԿԻՒՐԵՂԵԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ՊԵՐՃ ԵՒ ՎԵՐԱ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ ԱՄՈԼԻՆ ԿՈՂՄԷ

Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի նա­խա­գահ Ար­մէն Տէր-Կիւ­րե­ղեան վեր­ջերս այ­ցե­լեց Նիւ Եորք, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեա­նի եւ իր կո­ղակ­ցին՝ Վե­րա Սեդ­րա­կեա­նի կող­մէ։ Նիւ Ճըր­զիի ճա­շա­րա­ններէն մէկուն եր­դի­քին տակ Սեդ­րա­կեան ա­մո­լը ճաշ­կե­րոյթ մը կազ­մա­կեր­պեց ի պա­տիւ Տքթ. Ար­մէն Տէր-Կիւ­րե­ղեա­նին։ Ներ­կայ էին ՀԲԸՄ-ի կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը, զա­նա­զան են­թա­բա­ժան­մունք­նե­րէն դէմ­քեր, Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի վար­չա­յին­ներ ու շրջա­նա­ւարտ­ներ, ինչ­պէս նաեւ Նիւ Եոր­քի շրջա­կայ­քէն ա­մե­րի­կա­հայ գոր­ծիչ­ներ։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Պերճ Սեդ­րա­կեան, որ ը­սաւ, թէ ՀԲԸՄ-ի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ կը գոր­ծէ Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նը եւ այս վեր­ջի­նը իր կտրուած­քով կ՚ա­պա­հո­վէ, որ­պէս­զի եր­կի­րը ա­ռար­կայ դառ­նայ հե­տաքրք­րու­թեան։ Ըստ ի­րեն, Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նը յետ­սո­վե­տա­կան շրջա­նի կա­ռոյց մըն է, որ բարձ­րա­ցու­ցած է Հա­յաս­տա­նի ձգո­ղա­կա­նու­թիւ­նը։ Այս բո­լո­րին լոյ­սին տակ Սեդ­րա­կեան ընդգ­ծեց, թէ բարձ­րա­գոյն ուս­ման այդ հաս­տա­տու­թիւ­նը կը զգայ ի­րենց շա­րու­նա­կա­կան զօ­րակ­ցու­թեան կա­րի­քը։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ Ար­մէն Տէր-Կիւ­րե­ղեան, որ ը­սաւ, թէ Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նող­նե­րուն 90  տո­կո­սը թէեւ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­ներ են, սա­կայն այն­տեղ քսան տար­բեր եր­կիրն­կե­րէ ե­րի­տա­սարդ­ներ կը ստա­նան բարձ­րա­գոյն ու­սում։ Ըստ ի­րեն, նախ­կին սո­վե­տա­կան հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու շար­քին Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նը միակն է, որ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած է ու կը հա­մա­րուի վա­ւե­րա­կան։ Տէր-Կիւ­րե­ղեան, որ հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նա­դիր­նե­րէն մին է, խօ­սե­ցաւ նաեւ հաս­տա­տու­թեան զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րուն շուրջ։

Նոյն հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին ար­տա­յայ­տուե­ցան նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի զար­գաց­ման ու ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու գծով փոխ-նա­խա­գահ Լո­րէն Ա­լեք­սանտր եւ նոյն հա­մալ­սա­րա­նի Տնօ­րէն­նե­րու խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Տքթ. Լե­րի Փից։ 

 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2015