ՍԷՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով այս Երկուշաբթի աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան եւ Լաւրով Երեւանի մէջ բանակցութիւններ կը վարեն հայ-ռուսական բազմակողմանի համագործակցութեան օրակարգային հարցերուն շուրջ, նաեւ կը սարքեն համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Երեւանի շփումներուն շրագծով Սէրկէյ Լաւրով կը հիւրընկալուի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։
Դէպի Երեւան ուղեւորութեան ընդառաջ Սէրկէյ Լաւրով հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ։ Ռուսական աղբիւրները հաղորդեցին, թէ երկու նախարարներուն հեռաձայնային տեսակցութիւնը տեղի ունեցած է թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ։ Սինիրլիօղլու եւ Լաւրով այս առթիւ քննարկեցին Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման վերաբերեալ նիւթեր։ Նախարարները անդրադարձան յառաջիկայ երկկողմանի հանդիպումներու ժամանակացոյցին, հաշուի առնելով այն ջանքերը, որոնք կը գործադրուին Սուրիոյ ճգնաժամի քաղաքական կարգաւորման առաջադրութեամբ։
Հարկ է նշել, որ մօտաւոր ապագային Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինն ալ Թուրքիա պիտի այցելէ՝ «G-20»ի Անթալիոյ մէջ կայանալիք գագաթաժողովին շարժառիթով։