ԱՆԳԼԻԱ ԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿՈՎ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԸ

Մի­ջազ­գա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ Ռու­սաս­տա­նի եւ ա­րեւմ­տեան եր­կիր­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ լա­րուա­ծու­թեան խո­րաց­ման մի­տու­մը կը շա­րու­նա­կուի։ Լոն­տո­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը սկսած է բարձր մա­կար­դա­կի սպառ­նա­լիք դա­սել Մոս­կուան։ Անգ­լիոյ Վար­չա­պետ Տէյ­վիտ Քեմ­րը­նի կող­մէ յա­ռա­ջի­կայ 23 Նո­յեմ­բե­րին պի­տի հրա­պա­րա­կուի երկ­րի ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան նոր ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը, ո­րուն շրջագ­ծով Ռու­սաս­տան բարձր մա­կար­դա­կով սպառ­նա­լիք կը հա­մա­րուի՝ Սու­րիոյ եւ Ուք­րայ­նոյ ներ­քին պա­տե­րազմ­նե­րուն բե­րու­մով։

«Թայմզ» անգ­լիա­կան թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, Անգ­լիա հինգ տա­րին ան­գամ մը կը կա­տա­րէ ռիս­քի վեր­լու­ծում­ներ եւ 2010 թուա­կա­նի վեր­լուծ­ման ար­դիւնք­նե­րուն մէջ Ռու­սաս­տան տեղ չու­նէր։ Այժմ, կը պան­դուի, որ վեր­ջին հինգ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին բարձ­րա­ցած է Ռու­սաս­տա­նի յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թիւ­նը։

Հարկ է նշել, որ մի­ջո­ցէ մը ի վեր Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու զի­նուո­րա­կան կամ քա­ղա­քա­կան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ ալ յա­ճախ կը բարձ­րա­ձայ­նեն, թէ սպառ­նա­լիք կը հա­մա­րեն Ռու­սաս­տա­նը։

 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2015