ՈՍՏԻԿԱՆ ԶՕՐԱՑ ՄԱՍԻՆ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐՈՒ ԲԱԺԻՆԸ ՊՂՏՈՐ ԿԸ ՀԱՄԱՐՈՒԻ

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձի հար­ցաքն­նու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ մշտա­պէս զբա­ղեց­նել օ­րա­կար­գը։ Ծա­նօթ է, որ վեր­ջերս նոր հար­ցաքն­նու­թիւն մը ի­րա­կա­նա­ցուած է՝ պար­զե­լու հա­մար այս մա­հա­փոր­ձին շրջագ­ծով հան­րա­յին պաշ­տօ­նեա­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Դա­տա­խազ Կէօ­քալփ Քէօք­ճի­ւի կող­մէ պատ­րաս­տուած հա­մա­պա­տաս­խան մե­ղադ­րա­կա­նը վեր­ջերս եր­կու ան­գամ մեր­ժուած է Իս­թան­պու­լի Հան­րա­պե­տա­կան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թեան կող­մէ։ Մա­նա­ւանդ երկ­րորդ ան­գամ մեր­ժուե­լուն ար­ձա­գանգ­նե­րը ե­ղած են բա­ւա­կան լայն։ Տե­ղա­կան մա­մու­լը այ­սօր ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ կը հա­ղոր­դէ այդ մերժ­ման դրդա­պատ­ճառ­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ՝ թեր­թե­րը կը գրեն, որ 25 հան­րա­յին պաշ­տօ­նեա­նե­րու մա­սին պատ­րաս­տուած է ամ­բաս­տա­նա­գիր մը եւ ա­ւե­լի վերջ հա­ւա­քուե­լիք փաս­տե­րը կրնան փո­փո­խու­թեան են­թար­կել խնդրոյ ա­ռար­կայ 25 մե­ղադ­րեալ­նե­րուն կա­ցու­թիւ­նը։ Այս հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը, ըստ էու­թեան, հա­շուի առ­նուած է այն հան­գա­ման­քին բե­րու­մով՝ որ թղթած­րա­րը Ոս­տի­կան զօ­րաց անձ­նա­կազ­մին վե­րա­բե­րեալ տուեալ­ներ չ՚ընդգր­կեր։ Մինչ­դեռ, դէպ­քին վե­րա­բե­րեալ տե­սագ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Ոս­տի­կան զօ­րաց Թրապ­զո­նի եւ Իս­թան­պու­լի անձ­նա­կազ­մէն դէմ­քեր կ՚ե­րե­ւին։

Իս­թան­պու­լի Հան­րա­պե­տա­կան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թիւ­նը ու­նի այն հա­մո­զու­մը, թէ ներ­կայ կա­ցու­թիւ­նով հար­ցաքն­նու­թիւ­նը յա­ռաջ չէ տա­րուած ա­նա­չա­ռու­թեամբ ու խորհր­դա­պա­հու­թեամբ։ Հե­տե­ւա­բար, ամ­բաս­տա­նա­գի­րը դա­տա­խա­զին վե­րա­դար­ձուած է՝ պա­կաս հար­ցաքն­նու­թեան հե­տե­ւան­քով։ Շեշ­տուած է նաեւ, թէ հան­րա­յին կար­ծի­քին հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ այս հար­ցաքն­նու­թեան ըն­թաց­քին խորհր­դակ­ցու­թիւն չէ կա­տա­րուած Ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թեան հետ։

Հա­մա­պա­տաս­խան հան­գա­մանք­ներն ու հիմ­նա­ւո­րում­նե­րը Իս­թան­պու­լի Հան­րա­պե­տու­թեան ա­ւագ դա­տա­խա­զի տե­ղա­կա­լին կող­մէ մաս­նա­ւոր գրու­թիւ­նով մը յանձ­նուած է նկա­տառ­ման՝ դա­տա­խա­զու­թեան Ա­հա­բեկ­չու­թեան եւ կազ­մա­կեր­պեալ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու բա­ժան­մուն­քի դա­տա­խազ­նե­րէն Կէօ­քալփ Քէօք­ճի­ւին, որ ամ­բաս­տա­նագ­րին հե­ղի­նա­կը կը հա­մա­րուի։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2015