ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նշուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան 16-րդ տարեդարձը։ Այս առթիւ, յաւարտ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի, Սուրբ Էջիմածնի Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք։ Օրուան պատարագիչն էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Սրբազան արարողութեան ընթացքին, Մայր Տաճարի զանգերու աւետաբեր ղօղանջներուն ներքեւ Վեհափառ Հայրապետը հանդիսաւոր թափօրով եկեղեցի առաջնորդուեցաւ՝ ուղեկցութեամբ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներուն, թեմակալ առաջնորդներու եւ Հայ Եկեղեցւոյ շարք մը բարերարներու։ Թափօրին միացած էր նաեւ Չեխիոյ Կարտինալ եւ Փրակի Արքեպիսկոպոս Տոմինիք Տուքայ, որ Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրով վերջին օրերուն այցելեց Հայաստան։
Նորին Սրբութեան կաթողիկոս օծման եւ գահակալութեան 16-րդ տարեդարձի բերկրալից օրուան առթիւ՝ հաւատացեալներու երկրպագութեան համար Մայր Տաճար բերուած էր Մայր Աթոռի մօտ ի պահ դրուած Սկեւռայի յայտնի մասունքատուփին կրկնօրինակը, որուն մէջ ամփոփուած են համաքրիստոնէական եւ հայ տասնհինգ սուրբերու մասունքներ։
Յաւարտ արարողութեան, պատարագիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Իջման Ս. Սեղանին առջեւ խօսեցաւ քարոզ մը՝ անդրադառնալով օրուան խորհուրդին։ Ան այս առթիւ ըսաւ.
«Ս. Պատարագին մասնակցելով մենք՝ Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներս, առիթ կ՚ունենանք մեր գոհաբանութիւնը, մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու մեր Տիրոջ՝ իր շնորհած բոլոր բարիքներուն համար։ Մենք այս սրբութիւն սրբոցին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Աստուծոյ, որ մեզի առիթ կ՚ընծայէ հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան՝ Սուրբ Էջմիածնի՝ յաւերժական ակունքի այս սրբազան խորաններուն առջեւ հաւաքուած՝ աղօթելու Ամենայն Հայոց Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան 16-րդ տարեդարձին առթիւ։ Ոչ միայն աղօթելու, այլեւ երախտագիտութիւնը, շնորհակալութիւնն ու շնորհաւորութիւնները յայտնելու Վեհափառ Հայրապետին անցնող 16 տարիներուն ընթացքին արձանագրուած բազում-բազում իրագործումներուն համար, որոնց շնորհիւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին՝ այս օրերուն առաւել զօրացած, Հայաստանի մէջ եւ ի Սփիւռս աշխարհի կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։
«Աղօթքի եւ հոգեւոր խորհրդածութեան այս պահուն մենք՝ Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներս, կը վերյիշենք այն իրողութիւնը, որ հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութիւնը իր խորքով նախ եւ առաջ քրիստոնէական է եւ իր էութեամբ՝ հիմնուած, հաստատուած է պատմական երկու հրաշալի երեւոյթներու հիման վրայ։ Առաջինը, որ տեղի ունեցաւ Բեթղեհէմի խոնարհ մսուրին մէջ, երբ՝ աւելի քան երկու հազար տարիներ առաջ, Աստուծոյ Միածին Որդին ծնունդ առաւ՝ փրկելու ամբողջ աշխարհը։ Այդ հրաշալի եղելութիւնը փոխեց համայն մարդկութեան պատմութիւնը, իսկ երկրորդը տեղի ունեցաւ ճիշդ այստեղ։ 1714 տարի առաջ, երբ Քրիստոս Լուսաւորչի տեսիլքով յայտնուեցաւ համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնին մէջ, հայը ուխտեց հետեւիլ եւ աշակերտիլ քրիստոսին՝ իբրեւ Տէր եւ Փրկիչ, իբրեւ ճանապարհ եւ ճշմարտութիւն ունենալով Միածինը։ Ազգի եւ Քրիստոսի հաւատքի միաւորումը, միասնականութիւնը ծնունդ տուաւ հայ քրիստոնեայ մշակոյթին։ Այն հարուստ մշակոյթին, որ, փառք Աստուծոյ, մենք՝ հայ ժողովուրդի զաւակներս, կը վայելենք մինչեւ այսօր։
«Մեր աւանդութեան մէջ Հոկտեմբեր ամիսը մենք կը հռչակենք Հայ մշակոյթի ամիս, որովհետեւ, ըստ Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին, Հոկտեմբեր ամսին կը տօնախմբենք մեր եկեղեցւոյ ամենակարեւոր տօներէն մին՝ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը։ Կը յիշենք Մեսրոպ Մաշտոցը, որ այդ օրերու կաթողիկոս Ս. Սահակի ջանքերով ու քաջալերանքով կատարեց հայոց պատմութեան ամենակարեւոր գիւտը՝ հայ այբուբենի արարումը։ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց իր շուրջ համախմբեց երիտասարդ հայ հոգեւորականները, վարդապետները՝ Թարգմանչաց այդ սքանչելի խումբը։ Եւ այդ իսկ սերունդն էր, որ Աստուծոյ խօսքը՝ Աստուածաշունչը, վերածեց հայերէնի։ Այդ օրերը՝ 5-րդ դարու սկզբնական շրջանը, մեր պատմութեան ամենաճակատագրական, քաղաքական իմաստով ամենադժուարինն էին։ Հայաստան բաժնուած էր եւ արտաքին ուժերու դէմ հայ ժողովուրդը չունէր միասնական ուժ, որպէսզի կարենար պայքարիլ։ Ահաւասիկ, այդպիսի ճակատագրական պահուն Մեսրոպ Վարդապետ, իր շուրջ հաւաքելով Թարգմանիչ վարդապետներու սերունդը, ստեղծեց հայոց պատմութեան կարեւորագոյն շրջանը՝ Ոսկեդարը, որու միջոցաւ հայը ոչ միայն հոգեւոր, այլ նաեւ ազգային իմաստով կարողացաւ զգալ միասնականութիւնը։ Ոսկեդարու ճանապարհով հայու համար սեփական ինքնութիւնը յստակ դարձաւ՝ հիմնուած Քրիստոսի հաւատքի եւ ազգային կեանքի գիտակցութեան վրայ։ Քրիստոսը, հաւատքը, հայրենիքը, ազգը եւ ազգային գիտակցութիւնը միաւորելով՝ կազմեցին հայոց ինքնութիւնը։ Այդ ոգին է, որ 5-րդ դարուն ուժ տուաւ մեծ զօրավար Վարդանին, Ղեւոնդ Քահանային եւ իրենց հետեւող հայ ժողովուրդի զաւակներուն պարսից հսկայական բանակին ըսելու՝ «մեր հաւատքէն ոչ մէկ ուժ կրնայ բաժնել մեզ»։ Այս յայտարարութեան հիմքը հայ ժողովուրդի ինքնութեան գիտակցութենէն կը բխի եւ Հայ Եկեղեցւոյ ճանապարհով Ոսկեդարու այդ առաքելութիւնը շարունակական մնաց մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ։ Իսկ Հայ Եկեղեցին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ղեկավարութեամբ եւ առաջնորդութեամբ, մնաց ռահվիրան ու առաջնորդը՝ պահելու եւ պահպանելու այդ ոգին»։
Քարոզի տեւողութեան Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան յանուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան իր շնորհաւորութեան խօսքը ուղղելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աթոռի 132-րդ գահակալին՝ շարունակեց ըստ հետեւեալի. «Վեհափառ Տէր, փառք կու տանք Աստուծոյ, որ դուք՝ Գրիգոր Լուսաւորչի եւ մեր երջանկայիշատակ հայրապետներու արժանաւոր յաջորդը անցեալ տասնվեց տարիներու ընթացքին կը շարունակէք առաքելութիւնը։ Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս ձեր իմաստութեամբ, տեսիլքով ու անձանձրոյթ աշխատանքով յարատեւօրէն այստեղ՝ Մայր Աթոռի մէջ, Հայաստանի մէջ, Սփիւռքի մէջ կ՚ամբողջացնէք այն սքանչելի ծրագրերը, որոնց շնորհիւ Մեսրոպ Մաշտոցի ուխտին՝ Ոսկեդարու հայոց ինքնութիւնը մեր օրերուն կը շարունակուի հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։
«Բնականաբար, մենք գիտենք, որ ինչպէս անցեալի մէջ, այնպէս ալ այսօր մեր ժողովուրդին առջեւ ծանրացած են բազմաթիւ դժուարութիւններ ու մարտահրաւէրներ։ Եւ դուք, Վեհափառ Տէր, ձեր յարատեւութեամբ ու ձեր խորունկ իմաստութեամբ, ջանասէր աշխատասիրութեամբ կը ձգտիք Հայ Եկեղեցւոյ սպասաւորներուս ցոյց տալ՝ ինչպէս յաղթահարել առկայ դժուարութիւնները՝ Հայ Եկեղեցին Հայաստանի մէջ եւ ի Սփիւռս աշխարհի առաջնորդելով աւելի զօրացման եւ առաքելութեան առաւել աշխուժացած տարածման՝ մանաւանդ մեր երիտասարդ սերունդի կեանքէն ներս։ Վեհափառ Տէր, ձեր գահակալութեան 16-րդ տարեդարձին առթիւ մենք բոլորս կ՚աղօթենք ձեզի համար, որպէսզի Տէրը ձեզ ամուր եւ զօրաւոր պահէ եւ ձեր այդ յարատեւութիւնը մշտապէս մնայ ձեր մէջ եւ այդ ոգիով շարունակէք առաջնորդել Հայ Եկեղեցին»։
Աւելի վերջ Միածնաէջ Ս. Սեղանին առջեւ, Մայր Աթոռի երիցագոյն միաբաններէն Տ. Ոսկան Արք. Գալփաքեանի հանդիսապետութեամբ, կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանքի արարողութիւն, որու ընթացքին ներկաները աղօթեցին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան անսասանութեան ու պայծառութեան եւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կեանքի արեւշատութեան եւ արգասաւոր հովուապետութեան համար։