Երախտաշատ Հոգեւորականը՝ ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ԱՃԵՄԵԱՆ
Երեւանի Պետական համալսարանի Աստուածաբանական կաճառին մէջ, կատարուեցաւ վերաբացումը «Աճեմեան» գրադարանին: Մասնագիտական կեդրոն մըն էր, որ երախտաշատ հոգեւորականը կը կատարէր այս հիմնարկին նախաձեռնութեամբ, Խորհրդային կարգերու փլուզումէն անմիջապէս ետք, Երրորդ Հանրապետութեան առաջին օրերուն հոգեւոր կրթութեան ճանապարհ մը ցոյց տալու համալսարանական մեր ուսանողներուն համար: Ամբողջութեամբ ի՛ր աշխատանքին վաստակովը ահա այսօր քսան տարիներէ ի վեր կը շարունակէ գործել այս հիմնարկը:
Գրադարանին հանդիսաւոր բացման արարողութեան ներկայ էին ուսանողներ, շրջանաւարտներ, դասախօսներ եւ հասարակութեան հետ կապերու գիծով տնօրէն Ռուբէն Մարկոսեան: Յատկապէս Նիւ Ճըրզիէն ժամանած էր երջանկայիշատակ Շահէ Արք. Աճեմեանի եղբօր դուստրը՝ Տիանա Մխիթարեան (եւ իր ամուսինը՝ Չարլին), որ հիմնադիրն էր եղած «Աճեմեան» բարեգործական հիմնարկին: Ներկայ էր նաեւ Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի նախագահ Փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեան:
Այս առթիւ խօսք կ՚առնէ Աստուածաբանական կաճառի վերատեսուչ Անուշաւան Եպսկ. Ժամկոչեանը, որ կու տայ գրադարանին (որուն գիրքերուն ամբողջութիւնը նուէր տրուած էր Աճեմեան Սրբազանին կողմէ - միջազգային տարողութեամբ հարստութիւն մը, որ տասնամեակներ ամբողջ ան գուրգուրանքով հաւաքած ու պահած էր - աւելի քան 4000 գիրք, երբ ան կը գտնուէր նախ Լիբանան ու ապա՝ Երուսաղէմ):
Խօսք կ՚առնէ նաեւ Ռուբէն Մարկոսեան ըսելով. «Որպէսզի համալսարանական միջավայրը, կրթութիւնն ու ինքնուրոյն աշխատանքը բաւարար չափով ու բարձր մակարդակով կարենան իրականացուիլ, մենք նմանօրինակ ընթերցասրահ-գրադարաններու կարիքը ունինք: Բացի այդ, մենք փաստօրէն խորհրդանշական մուտքով կը նշենք Աստուածաբանութեան կաճառի 20-ամեակը»:
Տիանա Մխիթարեան, որ ատենադպրուհին է Մեծագոյն Նիւ Եորքի Թէքէեան մշակութային միութեան մայր վարչութեան եւ անդամուհին՝ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի Արմենական-Յովսէփեան ակումբին, մեծ գուրգուրանք ու հոգածութիւն կը ցուցաբերէ ազգային եւ միութենական բոլոր խաւերու գործունէութիւններուն:
Ո՞Վ ԷՐ ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ԱՃԵՄԵԱՆ
Աւազանի անունով Յովհաննէս, ծնած է Հալէպ, Յուլիս 24, 1926-ին, յարկին տակ արաբկիրցի Արմէն եւ Տիգրանուհի (Շահվեքիլեան), որոնք կանուխէն հաստատուած են Սուրիոյ այդ վաճառաշատ քաղաքը։ Նախակրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Ազգային Հայկազեան վարժարանին մէջ, ապա յաճախած է Մխիթարեան հայրերու վարժարանը (1937-38) եւ Ֆրէր Մարիսթներու գոլէճը, զոր աարտած է 1943-ին։ Նոյն տարին ընդունուած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքը, որուն Ընծայարանի բաժինը աւարտելով 1947-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է Դերենիկ Եպսկ. Փոլատեանի ձեռամբ։
1948-1951-ին իբրեւ Նուպարեանի սան հետեւած է Պրիւքսէլի եւ Լուվենի համալսարաններուն աստուածաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն եւ Պսակաւոր Արուեստից աստիճան ստացած, ապա տոքթորական աստիճան՝ փիլիսոփայութեան եւ գրականութեան մէջ։ 1951-ին կը պատրատէ եւ կը հրատարակէ «Քերականութիւն արաբերէն լեզուի» դասագիրքը։ Անթիլիաս վերադառնալով ուսուցչական պաշտօն վարած է դպրեվանքին եւ Պէյրութի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանին մէջ, դասաւանդելով Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն։ 1952-56-ին եղած է Կաթողիկոսարանի դիւանապետը։
Անթիլիասի եկեղեցական տխուր տագնապի օրերուն, մնացած է ուխտապահ՝ մայրավանքի միւս եկեղեցական միաբանութեան հետ, ու այդ պատճառով ալ բռնի դուրս հանուած է վանքէն Դաշնակցութեան կողմէ։ 1960-ին (մինչեւ 1994) անդամակցած է Երուսաղէմի հայոց Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան, վարելով Ս. Աթոռին դիւանապետի, կալուածոց տեսուչի պաշտօնները։ Դիմելով Իսրայէլի առաջին նախագահ Պէն Կուրիոնին՝ վերաքննութեան ենթարկած է Եաֆայի, Հայֆայի եւ Ռամլէի վանքապատկան կալուածներու գոյավիճակը եւ կրցած է զանոնք վերադարձնել Պատրիարքութեան իշխանութեան։
Շահէ Սրբազան տասնվեց տարի կը վարէ «Սիոն» պաշտօնաթերթին խմբագրութիւնը, վերանորոգելով եւ արդիականացնելով վանքին տպարանը։ Եղած է տեսուչ (1960-1982) եւ ուսուցիչ Ժառանգաւորացին դասաւանդելով՝ նախնական փիլիսոփայութիւն։ Ֆրանսերէն լեզուով 1963-ին կը հրատարակէ «Հայաստանեայց Եկեղեցի» իր աշխատասիրութիւնը։
Բովանդակ այս տարիներուն ջերմ գործակցութիւն ունեցած է ըլլա՛յ Լիբանանի եւ նաեւ՝ Ամերիկայի ՌԱԿ-ի պատասխանատու ղեկավարութեան հետ։ Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանի հետ ունեցած է յաճախակի հանդիպումներ՝ Հայաստանեայց Եկեղեցին յուզող եւ եկեղեցւոյ երկպառակտումը կանխող հարցերու կապակցութեամբ։ Իսկ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի նախօրէին եղած է օգտակար ՌԱԿ-ի մարտական ուժերուն, օրին անոնց հասցնելով պէտք եղած ռազմամթերքը, ապահովելու համար հայաբնակ թաղերու մեր ազգաբնակչութեան ապահովութիւնը։ Մնայուն սիրալիր յարաբերութիւններ շարունակած է պահել այնուհետեւ ՌԱԿ-ի ամերիկաբնակ ղեկավարներուն հետ եւ յատկապէս՝ Հայկենցի, Ազատեանի եւ Կէօնճեանի հետ, շարունակել կարենալու համար պահել ազգային եկեղեցական աւանդական գիծը սփիւռքեան տարածքին, ապահովելով քաղաքական հաւասարակշռութիւն մը ազգային քաղաքական կեանքէն ներս։ Քաջալերած է ՌԱԿ-ի հայրենանուէր ուղեգիծը, իր ամբողջութեանը մէջ։
1960-էն սկսեալ, անդադրում նուիրումով դիմած է սփիւռքահայ բարերարներուն եւ մեծագումար նուիրատուութիւններ ապահոված է, այդ եղած է առաւելաբար իր ունեցած հմայքին ու անհատականութեան շնորհներուն պատճառով, Երուսաղէմի Պատրիարքարանին շինարարական զանազան ծրագիրներուն իրագործման համար։ Նոյնպէս ապահոված է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութենէն գումար մը՝ հայ գաղթականներուն համար երեսուներկու յարկաբաժիններու կառուցման ի խնդիր։ Կառուցել տուած է «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» նոր ժառանգաւորացի շէնքը եւ վերանորոգել տուած է թանգարանը եւ կոչած՝ Հելէն եւ Էտուըրտ Մարտիկաեան բարերար ամոլին անունով։ Սկսած է վերակառուցման աշխատանքներուն Ս. Փրկիչ եկեղեցիին, որ դժբախտաբար, մինչեւ այսօր կը մնայ անաւարտ։
Ամմանի նորակառոյց եկեղեցւոյ եւ վարժարանին համար ապահոված է մեծագումար նուիրատուութիւններ։ Անոնք մինչեւ այսօր կը ծառայեն իրենց նպատակին։ Նաեւ՝ Ամմանի մէջ կառուցանել տուած է Ազգային Մարզական եւ մշակութային միութեան (ԱՄՄ) գործածութեան համար եկեղեցւոյ կից կեդրոնը, որ կը ծառայէ նաեւ Յորդանանի ՌԱԿ-ի գործունէութեան եւ նպատակներուն համար։
1962-էն սկսեալ անդամ է World Council of Churches-ի, որուն Կեդրոնական վարչութեան մաս կը կազմէ 1978-ին։ 1975-ին Վազգէն Ա. Հայրապետին կողմէ կը նշանակուի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը այդ մարմնին մէջ։
Իր ջանքերով 1988-ին արեւմտահայ լեզուով կը հրատարակուի The Psalms of David 1868-ի Երուսաղէմ տպուած բնագրին վրայ եւ 1992-ին «Կիւլպէնկեան» հաստատութեան մեկենասութեամբ՝ Grand Catalogue des Manuscripts Arméniens de la Bible կոթողային գործը։
1982-ին հիմնած է Երուսաղէմի Ձիթենեաց լերան Հայկական աւետարանի կեդրոնը նպատակ ունենալով Աւետարանի հայերէն թարգմանութեան եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հետ կապուած պատմական տուեալներու հետազօտութիւնը։
Իբրեւ նուիրակ՝ այցելած է Եւրոպայի, Հարաւային եւ Հիւսիսային Ամերիկաներու հայ գաղութները, Ս. Յարութեան տաճարի նորոգութեանց համար նուիրահաւաք կատարելով մեծ յաջողութիւն արձանագրելով։ 1965 Նոյեմբեր 7-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ եւ 1973-ին՝ կը շնորհուի իրեն արքութեան աստիճան։
Ան կը դառնայ արդի հայ եկեղեցականութեան ամենէն զարգացած, ձեռնհաս, լեզուագէտ, նրբամիտ ու դիւանագէտ դէմքերէն մէկը։ Ան իր ազատ ժամերուն կը ստորագրէ նաեւ կրօնական-իմաստասիրական խօսքերով էջեր։ Ունի ուսումնասիրութիւն մը Ե. դարու հայ իմաստասէրներու մասին։
Արաբ-իսրայէլեան եօթնօրեայ պատերազմին՝ 1967-ին, շնորհիւ Եղիշէ Պատրիարքին ու մանաւա՛նդ իր նուրբ դիւանագիտութեան, Սուրբ Քաղաքի, Պաղեստինի գրաւեալ շրջաններու եւ Իսրայէլի հայապատկան կալուածները, կարելիի սահմանին մէջ ապահով գոյավիճակ մը կրնան ձեռք ձգել իսրայէլեան կառավարութեան կողմէ, որուն իշխանաւորներէն Պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Տայանի, Երուսաղէմի նահանգապետ Ռաֆայէլ Լեւիի եւ Երուսաղէմի քաղաքապետ Թետի Քոլէկի հետ իրենց ունեցած բարի յարաբերութիւնները պատճառ կ՚ըլլան անսասան պահելու վանապատկան շատ մը կալուածներ, հակառակ այս երկուքին սիրալիր յարաբերութիւններուն նաեւ՝ Յորդանանի Հիւսէյին թագաւորին եւ պաղեստինեան իշխանութիւններուն։
1975-1985 տարիներուն Շահէ Սրբազան անդամ է Մայր Աթոռի Գերագոյն խորհուրդին։ Սրբազանին մնայուն գուրգուրանքին արժանացած է Մայր Աթոռի անսասանութիւնը, բարգաւաճումը, միջեկեղեցական ու միջյարանուանական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը։ Զոյգ Հոգեւոր ճեմարաններէն՝ Գէորգեանէն եւ Վազգէնեանէն ներս հոգեւոր դաստիարակութեան, եկեղեցական պատրաստութեան, համաշխարհային եւ ազգային գրականութեան թէ գիտելիքներու ուսուցման կարեւորութիւնը եղած են իր հիմնահարցերը։
1994-ին, Շահէ Սրբազան կը տեղափոխուի վերջնականապէս Հայաստան եւ կը նախաձեռնէ Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս Աստուածաբանական կաճառի հիմնարկումին, որուն հիմնադրութեան նիւթական պարտաւորութիւնը ստանձնելէ բացի եւ Սուրբ Գրային, աստուածաբանական իր հարուստ գրադարանը նուիրելէ բացի, կը գծէ դպրոցին դասաւանդութեան ծրագիրը, հիմք ունենալով համաշխարհային վարկ վայելող տարբեր աստուածաբանական վարժարաններու դասացուցակները։
Կը վախճանի Յուլիս 13, 2005-ին, Երեւանի մէջ, 79 տարեկանին։
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024