ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ԱՌԱԿՆԵՐ
Երբեմն կարճ առակ մը շատ աւելի տպաւորիչ կ՚ըլլայ, քան երկա՜ր խօսակցութիւններ, մանրամասնութիւններով խճողուած խրատներ, թելադրանքներ։ Արդարեւ յաճախ կը կրկնենք՝ երբեմն մարդիկ շատ կը խօսին, բայց ո՛չինչ կ՚ըսեն, երբեմն ալ քիչ կը խօսին՝ շատ բան կ՚ըսեն։
Ահաւասիկ մի քանի օրինակներ՝ ուր համառօտ ու ամփոփ կերպով շատ բաներ կ՚ըսուի եւ օգտաշատ խրատներ կը տրուի, գործնական դասեր կը փոխանցուի։
Վարդապետ մը չէր կրնար տալ այն, ինչ որ կ՚ուզէր տալ իրեն ունկնդրող ժողովուրդին՝ երբ կը խօսէր Աստուծոյ կարեւորագոյն գործերուն մասին։ Ուրեմն ան սկսաւ խօսիլ ու պատմել մտացածին, յերիւրածոյ պատմութիւն մը։ Պատմութիւնը սա էր. պատանի մը աւանակ մը կը վարձէ՝ որպէսզի քաղաքէ մը միւսը երթայ։ Երբ կէսօրուան արեւը կը սկսի այրել, կ՚ուզէ արեւուն ճառագայթներէն պատսպարուելու համար աւանակին ոտքերուն տակ, անոր շուքէն օգտուիլ։
Բայց աւանակը վարձողը՝ աւանակին տէրը արգելք կ՚ըլլայ անոր։ Պատանին եւ աւանակին տէրը կը սկսին վիճիլ։ Պատանին կ՚ըսէ, թէ աւանակը ինք վարձած է, ուստի ոտքերը եւ անոր շուքն ալ իրեն կը պատկանին. իսկ տէրը կ՚ըսէ՝ թէ աւանակը վարձած է առանց շուքի…։
Վարդապետը այսքանը կը պատմէ՝ կը թողու իր տեղը եւ կը հեռանայ։ Ժողովուրդը ետ կը կանչէ վարդապետը՝ պահանջելով, որ աւարտէ պատմութիւնը եւ կ՚ուզէ գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս լուծուեցաւ վէճի առարկայ խնդիրը։ Այն ատեն վարդապետը կը ծիծաղի եւ կ՚ըսէ.
«Ի՜նչ մարդիկ էք դուք։ Աւանակի ոտքերու մասին լսել կ՚ուզէք, իսկ հոգիի փրկութեան մասին ո՛չ»։
Ահաւասիկ այդպէս են նաեւ «անուանական քրիստոնեաներ»ը, երբ կը նային, կը լսեն կամ կը կարդան ունայն, պարապ բաներ եւ բնաւ չեն ձանձրանար, նոյնիսկ ան շարունակուի ամբողջ օր։ Իսկ Աստուծոյ խօսքը կարդալու կամ լսելու ժամանակ ամենեւին չեն ունենար…։
Եւ ահաւասիկ ուրիշ առակ մը եւս։
Իմաստուն մարդ մը իր ընկերոջ ըսաւ. «Շուրջդ նայէ եւ միտքդ պահէ բոլոր նարնջագոյն առարկաները»։
Սենեակին մէջ շատ էին նարնջագոյն իրերը։ Ուստի ընկերը բոլորն ալ միտքը պահեց։
Իսկ հիմա, պատուիրեց իմաստունը. «Փակէ աչքերդ ու թուէ բոլոր կապոյտ գոյնով առարկաները»։
Ընկերը շփոթեցաւ եւ բողոքեց. «Ես ո՛չ մէկ կապոյտ առարկայ տեսած եմ… քու խօսքիդ համաձայն ես միտքս պահեցի միայն նարնջագոյն առարկաները»։
Իմաստունը ժպտելով ըսաւ. «Բաց աչքերդ եւ տես, թէ սենեակին մէջ ո՜րքան կապոյտ գոյնով իրեր կը գտնուին… այս օրինակով», շարունակեց իմաստունը. «ուզեցի ցոյց տալ քեզ կեանքի մասին ճշմարտութիւնը. եթէ դուն կը փնտռես սենեակին մէջ գտնուող միա՛յն նարնջագոյն իրերը ու միտքդ պահես անոնք, իսկ կեանքի մէջ միա՛յն վատը, գէշը, ապա դուն կը տեսնես ու բացառապէս կը նկատես միայն անոնք, եւ միայն անոնք կը յիշես ու միտքդ կը պահես կեանքիդ մէջ։ Յիշէ, ուրեմն, եթէ դուն կը փնտռես միա՛յն վատը՝ կը գտնես վատը՝ երբեք չնկատելով որեւէ լաւ բան. ակնկալելով միայն գէշը, դուն կ՚անտեսես ու միտքէդ դուրս կը թողուս այն լա՛ւը, որ իրականին՝ մի՜շտ կա՛յ…»։
Եւ ահաւասիկ ուրիշ առակ մը՝ իմաստունի մը կեանքէն։
Իմաստուն մարդ մը կը ճամբորդէր եւ տեսնելով աշխարհի գեղեցկութիւնները կը հիանար եւ իր ապրած կեանքով կ՚ուրախանար։ Այդքան գեղեցկութիւններու մէջ յանկարծ կը հանդիպի ծանր բեռի տակ կորացած դժբախտ մարդու մը։
«Դուն ինչո՞ւ այդպիսի տառապանքներու դատապարտուած ես», կը հարցնէ իմաստունը։
«Ես կը տառապիմ իմ զաւակներուս եւ թոռներուս երջանկութեանը համար», կը պատասխանէ մարդը։ Եւ շարունակելով, «Իմ պապի հայրն ալ ամբողջ կեանքին տառապեր է, պապիս երջանկութեան համար, հայրս տառապեր է իմ երջանկութեան համար, եւ ես ալ ամբողջ կեանքիս մէջ տառապելու եմ, միայն թէ իմ երախաներս եւ թոռներս երջանիկ ըլլան…», կ՚ըսէ։
«Իսկ ձեր ամբողջ գերդաստանին մէջ գոնէ մէկ հոգի երջանիկ եղե՞ր է», կը հարցնէ դարձեալ իմաստունը։
«Ո՛չ, բայց իմ երախաներն ու թոռնիկները անպայման երջանիկ կ՚ըլլան», կը պատասխանէ տառապող դժբախտ մարդը։ Ասոր վրայ իմաստունը կ՚ըսէ.
«Անգրագէտ մէկը չի կրնար կարդալ սորվեցնել, իսկ խլուրդը՝ գետնաբնակ կենդանին, դաշտամուկը չի կրնար արծիւ դաստիարակել»։ Եւ կը շարունակէ. «Սորվէ՛ նախ ինքդ երջանիկ ըլլալ, այդ ժամանակ կը հասկնաս նաեւ, թէ երախաներդ ու թոռնիկներդ ինչպէ՛ս երջանիկ պիտի կարենաս դարձնել…»։
Ի՞նչ կը խորհիք, սիրելի ընթերցող բարեկամներ, «կոյրը կոյրին կրնա՞յ առաջնորդել», եւ եթէ մէկը՝ ինք չունի որեւէ առաւելութիւն, որեւէ բարեմասնութիւն կամ գերազանցութիւն՝ ուրիշին կրնա՞յ տալ այն, ի՛նչ որ կը պակսի իրմէ։ Մա՛րդ իր ունեցածէն աւելին չի՛ կրնար տալ, ուրեմն եթէ տալ կ՚ուզէ, նախ ինք պէտք է որ տիրանայ, յետոյ տալ փորձէ ուրիշներուն…։
Իր ունեցածը տալ՝ անշուշտ որ առաքինութիւն է եւ վեհանձնութիւն, բայց միա՛յն «իր ունեցածը» եւ ո՛չ աւելին, քանի որ իրերու բնութեան հակառա՛կ է տալ բան մը՝ որ կը պակսի իրմէ…։
Իսկ նախընթաց առակին մասին ի՞նչ է ձեր կարծիքը, սիրելի՜ներ։ Մարդ երբ իր շուրջը դիտէ միայն գէշ բաներ փնտռելու եւ տեսնելու համար, ապա ուրեմն կրնա՞յ լաւը տեսնել, լաւը վայելել…։ Ահաւասիկ, հո՛ս է տարբերութիւնը յոռետես մարդուն եւ լաւատե՛ս մարդուն։ Ամէն բանի գէշ կողմը տեսնողը ինչպէ՞ս կրնայ լաւը տեսնել։ Ճի՛շդ այդ պատճառով է, որ ոմանք երբեք երջանիկ չեն կրնար ըլլալ, քանի որ երբեք տեղեկութիւն չունին լաւին, գեղեցիկին, բարիին մասին։
Մինչդեռ կեանքը միայն «սեւ» չէ, միշտ «սպիտակ» ճերմակ կողմ մըն ալ ունի՝ «սեւ» ու «ճերմակ» է ամբողջ կեանքը։ Նոյնպէս աշխարհ տեւակա՜ն խաւար չէ, ունի նաեւ լուսաւոր պահեր։ Ուրեմն մարդ պէտք է դիտէ կեանքը իր երկու երեսակներով, եւ այն ատեն է, որ պիտի կարենայ ներդաշնակել զայն եւ ո՛ւր որ ներդաշնակութիւն կայ՝ հոն հեռու չէ՛ երջանկութիւնը։
Վերջացնենք առակով մը եւս։
Արծիւի ձագը գլուխը բոյնէն դուրս կը հանէ ու կը տեսնէ ժայռերու մէջ ճախրող՝ բարձր թռչող թռչուններու բազմութիւնը։
«Մայրիկ», կը հարցնէ ան. «այս ի՞նչ թռչուններն են»։
«Մեր ընկերներն են», կը պատասխանէ մայր արծիւը իր որդիին. «արծիւը կ՚ապրի մենութեան, առանձնութեան մէջ. ա՛յդ է անոր ճակատագիրը, սակայն ժամանակ առ ժամանակ ան ալ շրջապատի կարիք կը զգայ, այլապէս ան ալ ի՜նչ թռչուններու թագաւոր է։ Ուրեմն բոլոր այն ճախրող թռչունները, զորս դուն կը տեսնես, մեր հաւատարիմ ընկերներն են»։
Մայր արծիւի այս բացատրութիւններէն բաւարարուած արծիւի ձագը, հետաքրքրութեամբ կը շարունակէ հետեւիլ թռչուններուն՝ այսուհետեւ անոնք իր հաւատարիմ ընկերը համարելով…։
Բայց արծիւի ձագը զարմացած կը գոռայ.
«Վա՜յ, վա՜յ, անոնք մեր սնունդը գողցա՛ն»։
«Հանգստացի՛ր, սիրելի որդիս», կ՚ըսէ մայր արծիւը. «անոնք մեզմէ ո՛չինչ գողցան, ես ինքս անոնք հիւրասիրեցի։ Ընդմիշտ յիշէ, թէ ի՛նչ կ՚ըսեմ սա պահուս քեզի, ո՜րքան ալ արծիւը անօթեցած ըլլայ, ան անպայման իր որսը, իր ուտելիքը կը կիսէ թռչուններու հետ։ Արդարեւ այս բարձրունքներու վրայ անոնք այն կարողութիւնն ու զօրութիւնը չունին իրենց սնունդ գտնելու, եւ անհրաժեշտ է անոնց օգնել իրենց տկարութեանը մէջ։ Ուստի արծիւը՝ որ բարձրութիւններու վրայ է, պէտք է օգնէ իրմէ տկար թռչուններուն՝ ճնճղուկներուն, դեղձանիկներուն եւ իր բոլոր հաւատարիմ ընկերներուն…»։
Ուրեմն իւրաքանչիւր անձ, որ կը փափաքի ունենալ հաւատարիմ ընկեր, անկեղծ բարեկամ, պէտք է բարի եւ համբերատար ըլլայ՝ ուշադիր ըլլալով ուրիշներուն կենսական կարիքներուն։ Փառք, պատիւ ու յարգանք ձեռք կը բերուի ո՛չ թէ ուժով, այլ մեծահոգութեամբ եւ կարիքաւորներու, տկարներու հետ իսկ վերջին կտորը կիսելու պատրաստակամութեամբ…։
Արծիւի օրինակով՝ ան բարձրունքներու վրայ մինակ է թէեւ, բայց մի՛շտ վե՛րն է՝ վեհանձն, վեհահոգի եւ զօրաւո՛ր։ Սեւ ու ճերմակ արծիւներ իրերօգնութեան եւ մեծանձնութեան, ասպետական ոգիի տիպա՛րն են…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 6, 2015, Իսթանպուլ