Ուրբաթ 29, Նոյեմբեր 2024
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ նշուեցաւ երկրի Ռազմական հետախուզութեան համակարգի կազմաւորման 23-րդ տարեդարձը։ Այս առթիւ կազմակերպուած տօնակատարութեան մասնակցեցան Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եուրի Խաչատուրով եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Հետախուզութեան զօրքերու միաւորները հանդէս եկան կարճ ռազմափորձով մը, որ արժանացաւ անմիջական ուշադրութեան։
Նախարար Սէյրան Օհանեան տարեդարձի առթիւ կատարեց նաեւ պարգեւատրումներ՝ համակարգի յաջող աշխատակիցներուն համար։
Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2015