ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա ե­րէկ Սպի­տակ տան մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հուն։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն քննար­կե­ցին Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի հաշ­տու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը, Սու­րիոյ եւ Ի­րա­նի վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Օ­պա­մա եւ Նե­թա­նի­յա­հու հան­դի­պու­մէն ա­ռաջ սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Այս առ­թիւ Օ­պա­մա զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ու­շադ­րու­թեան յանձ­նեց այն հան­գա­ման­քը, թէ բա­ցի Նե­թա­նի­յա­հուէն չկայ ու­րիշ օ­տար ղե­կա­վար մը, ո­րու հետ տե­սակ­ցի այս­քան յա­ճա­խա­կիօ­րէն։ Ըստ ի­րեն, սա ա­պա­ցոյցն է այն խորհր­դա­պա­հա­կան կա­պին, որ գո­յու­թիւն ու­նի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Իս­րա­յէ­լի մի­ջեւ։ Ըստ Օ­պա­մա­յի, կող­մե­րու հա­մա­տեղ օ­րա­կար­գին վրայ կը գտնուի Պա­ղես­տի­նի եւ Իս­րա­յէ­լի մի­ջեւ լա­րուա­ծու­թեան նուա­զե­ցումն ու խա­ղա­ղու­թեան ճա­նա­պար­հին վե­րա­դառ­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Պա­ղես­տին­ցի­նե­րու օ­րի­նա­կան փա­փաք­նե­րուն քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թա­ցով մը դի­մագ­րաւ­ման կա­րե­լիու­թիւն­ներն ալ նոյն­պէս ա­ռար­կայ են ԱՄՆ-ի եւ Իս­րա­յէ­լի ու­շադ­րու­թեան։

Իր կար­գին, Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու ընդգ­ծեց, թէ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի վեր­ջին խռո­վու­թիւն­ներն ու ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քե­րը կու գան վե­րա­հաս­տա­տել Իս­րա­յէ­լի եւ ԱՄՆ-ի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ «Կ՚ու­զեմ բա­ցա­յայ­տօ­րէն յայտ­նել, թէ չենք հրա­ժա­րած մեր խա­ղա­ղու­թեան յոյ­սէն։ Եր­բեք պի­տի չլքենք խա­ղա­ղու­թեան նկատ­մամբ մեր յոյ­սը։ Բաց աս­տի, եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­մար եր­կու պե­տու­թիւ­նով, զի­նա­զեր­ծուած եւ հրէա­կան պե­տու­թիւ­նը ճանչ­ցող Պա­ղես­տի­նի պե­տու­թեան մը ուղ­ղու­թեամբ հա­ւա­տա­րիմ կը մնամ մեր խա­ղա­ղու­թեան տես­լա­կա­նին», ը­սաւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու։

Միւս կող­մէ, Օ­պա­մա-Նե­թա­նի­յա­հու տե­սակ­ցու­թեան զու­գա­հեռ Սպի­տակ տան հան­դի­պա­կաց ճե­մա­պար­տէ­զին մէջ խումբ մը ցու­ցա­րար­ներ պար­զե­ցին Պա­ղես­տի­նի դրօ­շակ­ներ եւ պա­հան­ջե­ցին ա­զա­տու­թիւն։ Ցու­ցա­րար­նե­րը երթ մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին նաեւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի փո­ղոց­նե­րուն մէջ եւ ար­ձա­կուե­ցան ա­ռանց ո­րե­ւէ դէպ­քի։

Իր կարգին, Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ գահակա-լը՝ Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքը կոչ ուղղեց ԱՄՆ-ին, որպէսզի դադրի գանձատրելէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններն ու ծայրայեղ խմբաւորումները, որոնք սուրիացիները կը ստիպեն խոյս տալ դէպի Եւրոպա։

Միւս կողմէ, Օպամա հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ՝ առաջնահերթօրէն քննարկելով Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները եւ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ծայրայեղ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ գործողութիւնները։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2015