ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը մէկտեղուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնէութեան հետ։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ այս հաւաքոյթը կազմակերպուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 16-րդ տարեդարձին առթիւ։
Հանդիպումը սկսաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի ողջոյնի խօսքով։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ շնորհաւորեց Ամենայն Հայոց Հայրապետը, մասնաւորապէս անդրադառնալով իր գահակալութեան տարիներուն ընթացքին հոգեւոր-եկեղեցական կեանքէն ներս արձանագրուած յաջողութիւններուն։ Պաշտօնէութեան անունով շնորհաւորութեան խօսք մը արտասանեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տպարանի տնօրէն Յարութիւն Կիւմիւշեան։ Այս վերջինը ըսաւ.
«Վեհափառ Տէր, այսօր այստեղ հաւաքուած են մարդիկ, որոնց կեանքին զգալի մէկ ժամանակահատուածը միահիւսուած է Մայր Աթոռի ընթացքին հետ ու մենք մշտապէս կը տեսնենք, որ դուք ինչպիսի ներշնչանքով, անկոտրում կամքով ու անխոնջ աշխատանքով կ՚ուղղորդէք մեր Սուրբ Եկեղեցին։ Ձեր նուիրումն ու եռանդը մեզ կ՚ոգեշնչեն Վեհափառ Տէր, եւ մենք ալ մեր հերթին, կը փորձենք թէկուզ եւ չնչին կերպով նպաստել այս եկեղեցաշէն ու ազգանուէր գործին, զոր կ՚իրականացնէք տարիներէ ի վեր։
«Գաղտնիք չէ, որ որքա՜ն կարեւոր ծրագրեր կեանքի կոչած էք թէ՛ հոգեւոր-կրթական ոլորտին մէջ, թէ՛ եկեղեցական կեանքէն ներս, թէ՛ քոյր եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւններու գծով եւ որքան հիմնարար հարցեր լուծած էք մեր եկեղեցւոյ ամրապնդման ու զօրացման համար թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ հայրենիքի մէջ։ Վստահաբար, պատմութիւնը Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետը պիտի կոչէ՝ որպէս եկեղեցաշէն եւ ազգանուէր կաթողիկոս, որովհետեւ տակաւին ժամանակի ընթացքին վեր պիտի խոյանան եւ պտուղ պիտի տան այն ծրագրերը, որոնց սերմերը արդէն ցանուած են այսօր»։ Յարութիւն Կիւմիւշեան մաղթեց, որ Աստուած ուժ եւ զօրութիւն տայ Նորին Սրբութեան՝ այս դժուարին ժամանակներուն մէջ քրիստոնէութեան ջահը վառ պահելու եւ իր իմաստութեամբ ու անսասան նուիրումով երկար տարիներ առաջնորդելու համար հայ ժողովուրդը։
Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը օրհնութեան խօսք մը արտասանեց Մայր Աթոռի աշխատակիցներուն համար։ Ան ուրախութիւն յայտնեց սոյն հանդիպման կապակցութեամբ ու գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ Մայր Աթոռի աշխատակիցները, երբեմն նաեւ մեծ զոհողութիւններու գնով, սիրով եւ յանձնառութեան ոգիով իրենց ծառայութիւնը կը բերեն հայոց հոգեւոր կեդրոնին՝ գիտակցելով, որ Մայր Աթոռը հայոց ազգի տունն է, պատիւը եւ դէմքը։
«Մեր ակնկալութիւնն է, որ մեր պաշտօնէութիւնը շարունակէ նոյն նախանձախնդրութեամբ ու նուիրումով իր ծառայութիւնը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի փառքին ու պայծառութեան համար։ Կը փափաքինք բարձր գնահատանքի արժանացնել բոլորիդ աշխատանքը. նուիրեալ հոգիով ու սրտով դուք ծառայութիւն կը մատուցէք։ Այն ինչ որ կ՚իրագործուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ամբողջ աշխատակազմի ձեռքբերումն է։ Հաւաքական, մեր բոլորիս համատեղ աշխատանքի արդիւնքն է այն, ինչ որ մենք կ՚արձանագրենք որպէս յաջողութիւն։ Իւրաքանչիւր աշխատակից իր նուիրեալ ջանքերով կ՚ապահովէ այս հաստատութեան յառաջընթացը եւ մենք մեծապէս ուրախ ենք ու բարձրօրէն կը գնահատենք», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։
Հանդիպումը աւարտին հասաւ Նորին Սրբութեան «Պահպանիչ» աղօթքով։