ՑԻՓՐԱՍ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԹՈՒՐՔԻԱ
Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս յառաջիկայ շաբթուան մէջ պիտի այցելէ Թուրքիա։ Նոյեմբերի 17-ին ան պիտի հիւրընկալուի Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ պիտի տեսակցի Ցիփրաս, որ առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ պիտի բերէ գաղթականներու խնդիրը։ Ծանօթ է, որ Յունաստանի վարչապետը միջոցէ մը ի վեր այս նիւթին վերաբերեալ քննադատութիւններ կը բարձրաձայնէ Թուրքիոյ հասցէին։ Բաց աստի, օրակարգի վրայ պիտի գան Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները, Կիպրոսի հիմնախնդիրն ու երկկողմանի յարաբերութիւններուն ընթացքը։
Ցիփրաս եւ Տավուտօղլու Նոյեմբերի 17-ի երեկոյեան միասնաբար պիտի դիտեն նաեւ երկու երկիրներու ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն բարեկամական խաղը, որ տեղի պիտի ունենայ Իսթանպուլի մէջ։