ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՄԱԿԱՐԳ

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին հան­դէս ե­կաւ տնօ­րի­նու­թիւ­նով մը՝ որ­պէս­զի իր երկ­րին եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նա­գիր մը ստո­րագ­րուի Կով­կա­սի հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան միա­ցեալ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մա­կարգ մը ստեղ­ծուի։ Ռուս ղե­կա­վա­րին այս կար­գադ­րու­թիւ­նը այ­սօր պաշ­տօ­նա­պէս հրա­պա­րա­կուե­ցաւ Մոս­կուա­յի հա­մա­պա­տաս­խան լծակ­նե­րուն կող­մէ։

Փու­թի­նի ըն­թացք տուած փաս­տա­թուղ­թին մէջ կը նա­խա­տե­սուի ըն­դու­նիլ Ռու­սաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ռա­ջար­կը՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հետ Կով­կա­սի հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան միա­ցեալ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մա­կար­գի մը ստեղծ­ման հա­մա­ձայ­նագ­րին ստո­րագ­րու­մը։ Յանձ­նա­րա­րուած է Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն՝ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րել հայ­կա­կան կող­մին հետ եւ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թեան հաս­նե­լէ վերջ Ռու­սաս­տա­նի ա­նու­նով ստո­րագ­րել վե­րո­յի­շեալ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը՝ թոյ­լատ­րե­լով ա­նոր նա­խագ­ծին մէջ կա­տա­րել կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցած փո­փո­խու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք սկզբուն­քա­յին բնոյթ չեն կրեր։

Ռու­սա­կան աղ­բիւր­նե­րը ա­ւե­լի ա­ռաջ տե­ղե­կա­ցու­ցած էին, որ ԱՊՀ-ի եր­կիր­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րու խոր­հուր­դին ա­ռըն­թեր Հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցե­րու հա­մա­կար­գող կո­մի­տէին մօտ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած էր այս հար­ցը։ ԱՊՀ-ա­կան եր­կիր­նե­րու Հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան միա­ցեալ հա­մա­կար­գի հար­ցին մէջ զար­գաց­ման գե­րա­կայ ուղ­ղու­թիւ­նը հե­տա­գայ հա­մար­կու­մը դար­ձած է տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին սկզբուն­քով։ Այ­սինքն՝ Հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան միաս­նա­կան կամ միա­ւո­րուած տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մա­կար­գե­րու ստեղ­ծու­մը՝ հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան Ա­րե­ւե­լաեւ­րո­պա­կան, Կով­կա­սեան եւ Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ տա­րած­քաշր­ջան­նե­րէն ներս։ 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2015