ՊԱՐՏԱԴՐԱՆՔ ՉԿԱՅ…
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու TRT-էն յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ նոր սահմանադրութեան եւ նախագահական դրութեան հաստատման նիւթերուն շուրջ։ Ան համոզուած է, թէ ազատական, համամարդկային արժէքներուն համահունչ սահմանադրութիւն մը պէտք է պատրաստել։ «Պարոն նախագահի եւ իմ յարաբերութեան բնոյթին բերումով դրութիւնը ընթացքի մէջ է։ Առաջին կէտը այս մէկը չէ։ Նախ լարուածութիւնը պէտք է նուազի եւ պէտք է ամէն ինչի մասին խօսիլ կարելի դառնայ։ Մենք համոզուած ենք լաւ սահմանուած նախագահական դրութեան մը ուղղութեամբ, սակայն մեր առաջին նախապատուութիւնը լարուածութեան նուազումն է։ Խնդիրը պէտք չէ նկատել որպէս Հանրապետութեան նախագահութեան կառոյցի ուժը աւելցնելու ձեւով։ Պետութեան եւ ժողովրդավարութեան տեսակէտէ վերակառուցման մը կարիքը գոյութիւն ունի։ Պէտք է վիճաբանիլ պաղարիւնութեամբ։ Պետութիւնը պէտք է վերակառուցուի։ Նոր սահմանադրութիւնը կ՚ընդլայնէ մեր հորիզոնը։ Պէտք է խօսինք այն մասին, թէ պետութեան փոխարէն ինչպէս մարդակեդրոն սահմանադրութիւն մը կրնանք յառաջ քշել», ըսաւ Տավուտօղլու։
Ըստ վարչապետին, երկրի բոլոր խաւերուն հետ երկխօսութիւն մը հաստատելով կը ծրագրեն բեւեռացումները նուազեցնել։ Միջին ու երկարաժամկէտ կառուցուածքային բարեփոխումներու գործընթացի մը ձեռնարկելով համապատասխան աշխատանքը վեց ամսուան ընթացքին աւարտել կը ծրագրէ վարչապետը։ Բաց աստի, նախընտրական խոստումները յարգելու համար ան նոյնպէս կը նախատեսէ ծրագրեր մշակել՝ երեք-վեց ամիսէն սկսեալ մինչեւ մէկ-չորս տարուան ժամանակահատուածներով։ Այս գործընթացին մէջ պիտի ընդգրկուին երկրի բոլոր քաղաքացիները։ Վարչապետը պատրաստակամ է բոլորը լսելու, ներառեալ ամենահակադիր տեսակէտները։ Հասարակութեան հոգեբանութիւնը հաշուի առնելով՝ վարչապետը յայտնեց, թէ պիտի չարտօնեն, որ լարուածութիւնը բարձրանայ եւ բեւեռացման ոճը տիրէ երկրէն ներս։ Ոեւէ մէկը խտրականութեան պիտի չենթարկուի իր գաղափարախօսութեան, ազգութեան կամ դաւանանքին բերումով։
Ահմէտ Տավուտօղլուի համոզմամբ, նախագահական կամ խորհրդարանական դրութիւնները կ՚ենթադրեն վարչամեքենաներ։ Երկուքի պարագային ալ կան թէ՛ ազատական եւ թէ մենատիրական օրինակներ։ Հետեւաբար, կարեւորը քաղաքական փիլիսոփայութիւնն է։ Իրենց մօտեցումով՝ ներկայ դրութիւնը պէտք է եղափոխուի դէպի նախագահական, սակայն իրենք այս ուղղութեամբ որեւէ պարտադրանք չեն նախատեսեր։ Ամէն ինչ անպայման ընդհանուր համաձայնութիւնով մը պիտի ապահովուի։ «Մեր տեսանկիւնով՝ ուժերու տարանջատման հիման վրայ նախագահական դրութիւն մը պէտք է ըլլայ։ Սակայն այս մէկը այսօրուան օրակարգը չէ», ըսաւ Ահմէտ Տավուտօղլու եւ աւելցուց, թէ Թուրքիա վերջին տարիներուն բաւական յոգնած է։ Այս պատճառով լարուածութեան բոլոր պատճառները պէտք է նուազեցուին եւ բեւեռացումներէ հեռանալով պէտք է երթալ դէպի սիրոյ հասարակութիւն։ Տավուտօղլու յիշեցուց նաեւ, թէ այս պահու դրութեամբ ԱՔ կուսակցութիւնը խորհրդարանէն ներս ունի 317 երեսփոխան, ինչ որ բաւարար չէ հանրաքուէի մը ձեռնարկելու համար։ Հետեւաբար, ամէն ինչ անպայման ընդհանուր համաձայնութիւնով պիտի ըլլայ։ Նոր սահմանադրութեան մէջ, ըստ իրեն, պէտք է վստահութիւնը զգալի ըլլայ ժողովուրդին նկատմամբ։ Նախագահական դրութիւնը այս տեսանկիւնէն պէտք է քննարկել։ Տավուտօղլու ըսաւ, որ թէ՛ հանրապետութեան նախագահը եւ թէ ինքը չունին որեւէ անձնական հաշիւ։ Իրենց մօտեցումը կ՚ենթադրէ լաւ սահմանուած նախագահական դրութիւն մը։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Վարչապետ Տավուտօղլու խօսեցաւ նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի նիւթին շուրջ։ Ըստ իրեն, «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ի եւ ՓՔՔ-ի դէմ տրուած պայքարները իրարմէ տարբերութիւն չունին։ Թուրքիա երբեք հանդուրժողութիւն չէ ցուցաբերած որեւէ ահաբեկչական կազմակերպութեան պարագային ու պիտի չցուցաբերէ նաեւ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ին համար։ Թուրքիա՝ ուրկէ որ ալ գայ, իրեն ուղղուած բոլոր սպառնալիքներուն դէմ կը փոխադարձէ համահաւասար վերաբերմունքով։ Բայց եւ այնպէս, ըստ վարչապետին, եթէ համարկեալ ռազմավարութիւն մը գոյութիւն ունենայ, ՄԱԿ-ի նման բոլոր երկիրներու դերակատարութիւնով մթնոլորտ մը ստեղծուի, թրքական կողմն ալ կը ստանձնէ իրեն վիճակած դերը։ Ան շեշտեց, որ այս պարագան կը վերաբերի բոլորի զոհողութեան պարագային։
«G-20-Ը ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԾԱՆՐՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՐԹԱԿ ՄԸՆ Է, ՍԱԿԱՅՆ ԵՐԲ Ի ՄԻ ՀԱՒԱՔՈՒԻ ԱՅՍՔԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐ, ԿԸ ԽՕՍՈՒԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ»
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու վերջին յայտարարութիւններուն մէջ անդրադարձաւ նաեւ G-20-ի մօտալուտ գագաթաժողովին, որ շաբաթավերջին պիտի սկսի Անթալիոյ մէջ։ Ըստ իրեն, այս գագաթաժողովը կը զուգադիպի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ համաշխարհային տնտեսութիւնը կը սահմանափակուի, երիտասարդներու գործազրկութեան խնդիրը գագաթնակէտին կը հասնի, իսկ առեւտուրի ցուցանիշները չեն հասնիր ցանկալի մակարդակի։ Տավուտօղլու ընդգծեց, որ G-20-ը քաղաքականէ աւելի տնտեսական ծանրութիւնով հարթակ մըն է։ «Բայց եւ այնպէս, երբ այսքան ղեկավար ի մի կը հաւաքուի, բնականաբար պիտի խօսուի քաղաքականութեան մասին», ընդգծեց վարչապետը։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԴԷՊԻ ՊԱՔՈՒ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Կը նախատեսուի, որ այս ուղեւորութիւնը իրականանայ մինչեւ ամսավերջ՝ նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն վերջ։ Սա պիտի ըլլայ Ահմէտ Տավուտօղլուի արտասահմանեան առաջին այցելութիւնը՝ իր գլխաւորելիք նախարարաց խորհուրդի կազմուելէն անմիջապէս վերջ։ Ան Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ բանակցութիւններ պիտի վարէ՝ բազմաբնոյթ խնդիրներու շուրջ։