ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Փիէռ Անտրիու (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ երէկ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին շուրջ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւններ ունեցան Պերլինի մէջ։ Եռանախագահները այս շրջագծով հանդիպում մը ունեցան Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի հետ։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ տարեսկիզբի դրութեամբ Գերմանիա պիտի ստանձնէ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ճէյմս Ուորլիք տեղեկացուց, թէ Շթայնմայէրի հետ քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու խնդիրը։ Ան ուրախութիւն յայտնեց Պերլինի մէջ գերմանացի նախարարին հետ տեսակցելու եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման շուրջ քննարկումներ ծաւալելու հնարաւորութեան կապակցութեամբ։
Մինչ այդ, Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ռիչըրտ Միլս յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շրջագծով լարուածութեան առկայ մակարդակը անընդունելի է։ Ան համոզուած է, թէ այս հակամարտութեան կարգաւորումը կը պահանջէ քաղաքական կամք երկու կողմերէն։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ընթացքին Ռիչըրտ Միլս ընդգծեց, որ հիմնախնդրի միակ լուծումը խաղաղ բանակցային ճանապարհն է, ինչ որ պիտի ապահովէ բոլորին անվտանգութիւնը։ «Միջնորդները կ՚աշխատին ապահովելու այնպիսի հարթակ մը, որ քաղաքական կամքի գոյութեան պարագային հնարաւորութիւն պիտի տայ յառաջ շարժուելու։ Իմ երկրի կառավարութիւնը եւ բոլոր մասնակիցները իսկապէս մտահոգուած են բռնութիւններու բարձրացումով։ Լարուածութեան եւ բռնութիւններու ներկայ մակարդակը անընդունելի է ու չի կրնար շարունակուիլ», ըսաւ ամերիկացի դեսպանը լրագրողներուն հետ զրուցելու ընթացքին։
Բաց աստի, Ռիչըրտ Միլս ընդգծեց, որ ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման պաշտօնական ու ժողովրդական դիւանագիտութեան ոլորտներէն ներս՝ այս խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ տեղաշարժեր ապահովելու նպատակով։ Ան ցաւալի նկատեց, որ տակաւին չէ լուծուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը, նաեւ փակ կը մնայ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը։ Ըստ իրեն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի պարագային ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի գործընթացի շրջանակներէն ներս խաղաղ բանակցային կարգաւորման հասնելու ուղղութեամբ հակամարտ կողմերուն օգնելու իր յանձնառութեան։
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն անդրադառնալով՝ Ռիչըրտ Միլս երկու կողմերուն յորդորեց բաց մնալ հաշտեցման եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերուն համար, որովհետեւ սա պիտի նպաստէ կայունութեան ու բարեկեցութեան տարածքաշրջանէ ներս եւ օգուտներ պիտի բերէ երկու երկիրներուն։ «Նախքան Երեւան ուղեւորուիլս, Նախագահ Օպամա եւ Պետական քարտուղար Քերի ինծի փոխանցեցին հետեւեալ պատգամը. Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ ԱՄՆ-ի կառավարութեան գլխաւոր նպատակն է՝ ժողովրդավար, բարեկեցիկ, անվտանգ ու հարեւաններուն հետ խաղաղ գոյակցող Հայաստան մը», ըսաւ Միլս։
Ի լրումն այս բոլորին, Ռիչըրտ Միլս նշեց, որ Ուաշինկթըն լարուածութեան թուլացում կ՚ակնկալէ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի յառաջիկայ հաւանական հանդիպումէն։ Ծանօթ է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները ներկայիս աշխատանք կը տանին նախագահներու նոր այցելութիւն մը կազմակերպելու ուղղութեամբ։ Միջնորդները մօտաւոր անցեալին տեղեկացուցած էին, թէ նախագահները փափաք յայտնած են մինչեւ տարեվերջ հանդիպելու եւ Լեռնայի Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ քննարկումներ ունենալու համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռիչըրտ Միլս այս առաւօտ Երեւանի մէջ ուրախալի փաստ եւ դրական քայլ համարեց՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն կողմէ յայտնուած փափաքը՝ մինչեւ տարեվերջ հանդիպելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս առկայ իրավիճակը քննարկելու, լուծումներ փնտռելու ուղղութեամբ։ Ամերիկեան կողմին ակնկալութիւնն է, որ նախագահները լիարժէք քննարկեն այն հարցերը, որոնք անհրաժեշտ են յատկապէս շփման գծին վրայ լարուածութիւնը թուլացնելու համար։ Դեսպան Միլսի խօսքերով, ամերիկեան կողմը կը յուսայ նաեւ, թէ անոնք պիտի ընդունին այն առաջարկները, զորս պիտի ներկայացնեն համանախագահները ու պատրաստակամութիւն պիտի յայտնեն զանոնք քննարկելու։
Ռիչըրտ Միլսի այս յայտարարութիւններուն զուգահեռ Հայաստանի վերլուծաբաններն ալ կը հետեւին մինչեւ տարեվերջ նախատեսուած նախագահներու նոր հանդիպման նախապատրաստական գործընթացին։ Քաղաքագէտ Ռիչըրտ Կիրակոսեան համոզուած է, թէ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հաւանական նոր հանդիպումը էական փոփոխութիւններ պիտի չապահովէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կիրակոսեան թէեւ գործնականին մէջ շատ քիչ ակնկալութիւններ ունի այդ հաւանական տեսակցութենէն, սակայն անոր կազմակերպումը շատ կարեւոր քայլ մը կրնայ ըլլալ։ Արդարեւ, հերթական անգամ պիտի փաստուի, որ Հայաստան կողմնակից է երկխօսութեան եւ ամէն ջանք կը գործադրէ խաղաղ բանակցութիւններուն համար, ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի, որ կ՚օգտագործէ իր բանակը ու հարցի կարգաւորման առընչութեամբ ունի ռազմական դիրքորոշումներ։ Ըստ իրեն, հայկական կողմը թէեւ չի կրնար ակնկալել, բայց կրնայ յուսալ, որ նախագահներու հաւանական հանդիպումը հնարաւորութիւն մըն է լարուածութիւնը նուազեցնելու համար եւ փորձելու բանակցութիւններ վարել դիւանագիտական լեզուով։
Իր մօտեցումով, անկարելի է ակնկալել, որ նման հանդիպումները կրնան կողմերը աւելի մօտեցնել համաձայնագիր ստորագրելու։ «Ինչ որ ալ տեղի ունենայ այդ հանդիպման ժամանակ, որքան որ ալ հանդիպումը ըլլայ արդիւնաւէտ ու յաջող, ակնյայտ է, որ հակամարտութեան երեք կողմերն ալ՝ Հայաստան, Ատրպէյճան ու Լեռնային Ղարաբաղ ազատ են առաջարկելու իրենց տեսակէտները։ Ատրպէյճան այս առումով առաւելապաշտ տեսակէտներ ունի ու շատ բան կը պահանջէ։ Հետեւաբար, չենք կրնար ակնկալել որեւէ էական իսկական գործընթաց», ըսաւ Կիրակոսեան ու շեշտեց, թէ ներկայ դրութեամբ իրավիճակը վտանգաւոր է, որովհետեւ հրադադարի խախտումներու եւ կրակոցներու հետեւանքով մարդիկ կը մահանան։ «Սա լարուածութեան շատ վտանգաւոր մակարդակ մըն է եւ այս իսկ պատճառով շատ կարեւոր է, որպէսզի շարունակուի դիւանագիտութիւնը եւ հարցի կարգաւորումը ընթանայ բանակցութիւններու միջոցաւ», համոզուած է Ռիչըրտ Կիրակոսեան։
ՍԷՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ՝ ՀԱԿԱԴԻՐ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի նախընթաց օր Երեւան կատարած այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուած ռուս նախարարի շփումներու հաւանական արդիւնքներուն շուրջ ուշագրաւ մեկնաբանութիւններ լոյս կը տեսնեն հայկական լրատուամիջոցներուն մօտ, ռուսական լրատուամիջոցներէն կատարուած մէջբերումներով հանդերձ։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դառնան ռուսական «Քոմերսանտ» հեղինակաւոր թերթի հաղորդումները, որոնց լոյսին տակ հայկական աղբիւրներն ալ կ՚ընեն այն հետեւութիւնը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ Մոսկուա կը բանայ փակագիծները։ Հայաստանեան տպագիր մամուլէն կարգ մը թերթեր վերջին օրերուն կը մատնանշեն, թէ ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ քուլիսներու մէջ նոր գործընթաց մը կ՚ընթանայ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ։ Իշխանական շրջանակներէ ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Ռուսաստան կը փորձէ համոզել Հայաստանը՝ Ատրպէյճանի յանձնելու համար քանի մը շրջան եւ յոյս ունի, որ այս քայլին շնորհիւ պիտի կարենայ ապահովել Ատրպէյճանի համաձայնութիւնը՝ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամակցութեան ուղղութեամբ։ Կարճ խօսքով, Ռուսաստան Ատրպէյճանին կը խոստանայ Լեռնային Ղարաբաղի յարակից քանի մը շրջան, եթէ Ատրպէյճան համաձայնի անդամակցիլ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան։ Ռուսական «Քոմերսանտ» թերթը, յենլով բանակցութիւններուն մօտ կանգնած իր աղբիւրներուն՝ գրեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն շրջագծով այժմ կը քննարկուի կարգաւորման տարբերակ մը, ըստ որու, հայկական կողմը պէտք է վերադարձնէ Լեռնային Ղարաբաղի յարակից տարածքներուն մեծամասնութիւնը, բացառութեամբ Լաչինի միջանցքն ու թերեւս շրջան մը եւս եւ այս բանին փոխարէն Պաքու թէեւ պաշտօնապէս պիտի չճանչնայ Ստեփանակերտի անկախութիւնը, սակայն պիտի պարտաւորուի խնդիրը կարգաւորելու խաղաղ բանակցութիւններով։ Ըստ նոյն աղբիւրներու պնդումներուն, տարածքաշրջանէ ներս կայունթիւնը երաշխաւորելու համար կրնան տեղակայուիլ նաեւ ՄԱԿ-ի կամ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) խաղաղապահները։
Իրականութեան մէջ, վերոյիշեալ լրասփիւռներու հաւաստի աղբիրներու տեղեկութիւններով, Ռուսաստան յամենայնդէպս հայկական կողմը տեղեակ պահած է տարածքաշրջանէն ներս իր զինեալ ուժերը տեղակայելու մտադրութեան մասին եւ այս ամբողջին մէջ խօսք չէ եղած ՄԱԿ-ի խաղաղապահներուն շուրջ։ Իսկ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան քանի մը շաբաթ առաջ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 70-րդ նստաշրջանի բացման ժամանակ խօսած էր ՆԱԹՕ-ի խաղաղապահներու մասին։ Նիւ Եորքի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի հետ հանդիպման ժամանակ Սերժ Սարգսեան քննարկած էր հակամարտութեան գօտիէն ներս խաղաղապահներու տեղակայման հարցը։ Բնականաբար, Ուաշինկթըն պաշտօնապէս չի համակերպիր ռուս խաղաղապահներու տեղակայման։
«Քոմերսանտ»ի պնդումներով, թէ՛ Հայաստան եւ թէ Ատրպէյճան պատրաստակամութիւն չեն յայտնած Ռուսաստանի կողմէ առաջարկուած յիշեալ լուրջ փոխզիջումներուն ընթացք տալու ուղղութեամբ։ Պաքուի մէջ կը շարունակեն պնդել, թէ առաւելագոյնը, որ կրնան ընել՝ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավարութեան ճանաչումն է Ատրպէյճանի կազմէն ներս։ Երեւանի մէջ եւս կը հրաժարին խօսիլ տարածքային զիջումներու մասին՝ ընդգծելով, որ նման ծրագիր մը չի քննարկուիր։ Աւելի՛ն, յիշեալ ռուսական թերթին հետ զրուցելու ժամանակ հայկական աղբիւրը պնդած է, թէ կարգաւորման փորձերը դատապարտուած են ձախողման, որովհետեւ տակաւին բանակցութիւններուն չի մասնակցիր Լեռնային Ղարաբաղ որպէս ինքնուրոյն դերակատար։ Բնականաբար, Պաքու բացարձակապէս դէմ է Լեռնային Ղարաբաղի ներգրաւման։ Ազէրի դիւանագիտական աղբիւր մը պնդած է, որ փակուղային առկայ իրավիճակին մէջ խիստ հաւանական է, որ առկայ լարուածութիւնը որեւէ պահու մէջ կրնայ վերածուիլ լայնածաւալ հակամարտութեան։ Ատրպէյճանական նոյն աղբիւրը պնդած է նաեւ, որ կրնան նոյնիսկ գործի դրուիլ Նախիջեւանի մէջ տեղակայուած Ատրպէյճանի զինուորական ստորաբաժանումները։
Հարաւային Կովկասի հարցերով զբաղող Քրեմլինի պաշտօնատարներէն մին, որ զրուցած է «Քոմերսանտ»ի հետ, յայտնած է, թէ ազէրի քաղաքական գործիչներու յայտարարութիւններու պարագային հաշուի պէտք է առնել նաեւ ներքին լսարանի բաղկացուցիչը։ «Իրականութեան մէջ անոնք կը վախնան պատերազմէն ու կը վախնան հայերէն։ 1990-ականներու սկիզբին հակամարտութեան մէջ պարտութիւնը անոնց համար բաւական ցաւագին էր», նշած է Քրեմլինի պաշտօնեան։ Ըստ իրեն, Պաքուի մարտավարութիւնը ուժեղ հռետորաբանութեան միջոցաւ բանակցային դիրքերը բարելաւելու ուղղուած է։ Ատրպէյճանի նպատակներէն մին ալ այն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի սառեցեալ հակամարտութիւնը սովորական չդառնայ յաչս միջազգային հանրութեան։ Այդ նպատակով ալ ժամանակ առ ժամանակ կ՚ապասառեցնէ հակամարտութիւնը եւ այս իսկ պատճառով բախումները չեն դադրիր հայ-ազէրի շփման գծին վրայ։ Այսպէսով աշխարհին պատգամ կ՚ուղղուի, թէ պատերազմը տակաւին կը շարունակուի, թէկուզ փոքր թափով։ Քրելմինի պաշտօնեան «Քոմերսանտ»ին յայտնած է, որ Ատրպէյճան կը ձգտի այսպէսով հակամարտութեան մոռացութեան մատնուիլը կանխել եւ լուծման որոնումները կենդանի պահել։
Ի լրումն այս բոլորին, Հայաստանի մէջ զանազան մեկնաբաններ ալ վերջին օրերուն նշեցին, թէ Սէրկէյ Լաւրովի Երեւանի մէջ վարած բանակցութիւններու օրակարգին վրայ այս անգամ առաջնահերթ տեղ չէ զբաղեցուցած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ ռուս նախարարը պարզապէս վերահաստատած է Մոսկուայի պաշտօնական դիրքորոշումը, իսկ իր ուշադրութեան առարկայ հիմնական նիւթը եղած է Մերձաւոր Արեւելքը, ուր Ռուսաստան ներկայիս կը ձգտի ամրապնդել իր դիրքերը։
Հարկ է նշել, որ Սէրկէյ Լաւրով շուրջ երկու ամիս առաջ այցելութիւն մըն ալ տուած էր Պաքու։ Երեւան կատարած իր վերջին այցելութիւնը կը համարուի այդ մէկուն շարունակութիւնը։
Միւս կողմէ, «Քոմերսանտ»ի վերոյիշեալ հրապարակումները արձագանգ գտած են նաեւ թրքական կարգ մը թերթերու մօտ։