ԵՐԵՒԱՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳ՝ ԿՐԱՍՆՈՏԱՐԻ ՄԷՋ

Կրաս­նո­տա­րի հայ­կա­կան կեան­քը տա­րուէ տա­րի կ՚աշ­խու­ժա­նայ եւ կ՚ո­րա­կա­ւո­րուի՝ ի հե­ճուկս աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ոչ այն­քան բա­րեն­պաստ մի­տում­նե­րու: Մերթ ցաւ կը զգաս, գի­տակ­ցե­լով, որ ա­տի­կա մա­սամբ Մայր հայ­րե­նի­քէն շա­րու­նա­կուող ար­տա­գաղ­թի հա­շուին է, մերթ ալ կը մխի­թա­րուիս, որ հայ­րե­նա­սի­րա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը ան­վի­ճե­լի վե­րելք կ՚ապ­րին, եւ վե­րա­դարձ­նե­րու բեր­քա­ռատ ժա­մը եր­բե­ւէ կ՚այ­ցե­լէ Ա­ւե­տեաց եր­կիր:

«Վար­դա­նեան»  կրթամ­շա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի հիմ­նադր­մամբ Հա­րա­ւա­յին Ռու­սաս­տա­նի Հա­յոց Թե­մը խթա­նեց ոչ միայն հայ­կա­կան կրթու­թեան եւ մշա­կոյ­թի զար­գա­ցու­մը, այ­լեւ նոր լից­քեր հա­ղոր­դեց ե­րի­տա­սար­դա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան այ­լե­ւայլ ծրա­գր­ե­րու:  Ի­րենց գո­յու­թեան 12-րդ եւ 9-րդ տա­րին ապ­րող «Նա­րեկ» եր­գի-պա­րի խում­բը եւ «Ար­մատ» դպրո­ցը  այս կա­մար­նե­րուն տակ միա­հիւ­սե­ցին եր­կու հայ­կա­կան պատ­մու­թիւն, ո­րոնք հարս­տա­ցան ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­մար­ձակ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու ե­րանգ­նե­րով ու բոյ­րե­րով:

Հոկ­տեմ­բեր ամ­սուան ողջ ըն­թաց­քին «Վար­դա­նեան» կեդ­րո­նին մէջ գոր­ծող ե­րեք կա­ռոյց­նե­րը կազ­մա­կեր­պե­ցին տար­բեր ձեռ­նարկ­ներ՝ քա­ղա­քա­մայր Ե­րե­ւա­նի 2797-ա­մեա­կին նուի­րուած, ո­րոնք ամ­փո­փուե­ցան մեծ տօ­նա­կան հա­մեր­գով:

Կեդ­րո­նի համ­բաւը ար­դէն տա­րա­ծուած է Ռու­սաս­տա­նի Հա­յոց Թե­մի ողջ տա­րած­քին մէջ եւ տար­բեր բնա­կա­վայ­րե­րէ ցան­կու­թիւն կը յայտ­նեն այ­ցե­լե­լու եւ ըմ­բոշխ­նե­լու այս­տեղ թե­ւա­ծող հայ­կա­կան շունչն ու տրա­մադ­րու­թիւ­նը: Ման­կա­վարժ Լու­սի­նէ Ներ­սի­սեան, չնա­յած ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին, հաս­ցու­ցած է հիմ­նադ­րել եւ զար­գաց­նել Ե­սեն­տու­կի  Ս. Հռիփ­սի­մէ ե­կե­ղեց­ւոյ «Զար­թօնք» կի­րակ­նօ­րեայ դպրո­ցը, իր  խումբ մը սա­նե­րուն հետ ող­ջու­նե­լու  ե­կած էր ձեռ­նար­կը: Պայ­ծառ ու խո­րունկ աչ­քե­րով այս պա­տա­նի­ներն ու ե­րա­խա­նե­րը Կրաս­նո­տա­րի հան­դի­սա­տե­սին ա­նակն­կա­լի բե­րին ի­րենց ա­նափ խան­դա­վա­ռու­թեամբ, նուի­րուա­ծու­թեամբ եւ շնորհ­քով:

Չնաշ­խար­հիկ Ե­րե­ւա­նին նուի­րուած անկրկ­նե­լի եր­գերն ու բա­նաս­տեղ­ծա­կան խոս­տո­վա­նու­թիւն­նե­րը բազ­մա­թիւ յու­զիչ եւ լու­սա­ւոր պա­հեր պար­գե­ւե­ցին ունկն­դիր­նե­րուն եւ հա­մո­զե­ցին, որ այն հե­ռա­ւոր, փոք­րիկ գե­ղա­զարդ եր­կի­րը՝ իր գու­նա­գեղ մայ­րա­քա­ղա­քով, կը սպա­սէ բո­լո­րին, կա­րօտ ու­նի բո­լո­րին, կը ցա­ւի ա­մէն  հե­ռա­ցո­ղի հա­մար եւ կը հրճուի ա­մէն վե­րա­դար­ձով:

ԵՐԱԶԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 13, 2015