ՉԽՈՉԸՆԴՈՏԵԼ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ…
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնա-խընդրին շուրջ հանդիպումներ ունենալ ՄԱԿ-ի մօտ։ Եռանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Ճէյմս Ուորլիք (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Փիէռ Անտրիու (Ֆրանսա), նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ յառաջիկայ շրջանին Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոնին առընթեր կը ծրագրեն հանդիպումներ ունենալ նաեւ Ուաշինկթընի մէջ։ Անոնք Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ կը նախատեսեն խոր-հըրդակցութիւններ ունենալ խաղաղ կարգաւորման շուրջ։
Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն միջնորդներուն գործունէութիւնը թափ ստացած է լրջօրէն։ Անոնք Պերլինի մէջ տեսակցեցան ԵԱՀԿ-ի յաջորդ շրջանային նախագահ երկրի՝ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթէր Շթանմայէրի հետ։ Համախագահները աւելի վերջ անցան Վիեննա, ուր զեկոյց մը ներկայացուցին ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդին եւ Մինսքեան խմբակին համար։ ԵԱՀԿ-ի մօտ Անգլիոյ մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Շան Մըքլէոթ տեղեկացուց, թէ համանախագահները անհանգստացած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս քաղաքացիական բնակչութեան դէմ ծանր զինատեսակներու գործադրութեան վտանգէն։ Անոնք յոյս յայտնած են Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ շուտափոյթ հանդիպում մը կազմակերպելու ուղղութեամբ։
Միեւնոյն ժամանակ, Մինսքեան խմբակի համանախագահները յայտարարեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային ձեւաչափը փոխելու փորձերը կը խոչընդոտեն կարգաւորման գործընթացի յառաջընթացը։ Անդրադառնալով Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մօտ այս հակամարտութեան վերաբերեալ քննարկուող բանաձեւին՝ միջնորդները յայտարարեցին հետեւեալը. «Հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար առաջարկներ կը հնչեն նոր բանակցային ձեւաչափերու եւ աշխատանքային խումբերու ստեղծման մասին։ Մենք կը կարծենք, որ Մինսքեան խմբակը միջնորդական առաքելութեան բացառիկ փորձառութիւն ունի։ Մինսքեան խմբակի ձեւաչափը ընդունելի է կողմերուն համար ու կը վայելէ ԵԱՀԿ-ի անդամ բոլոր երկիրներուն լիարժէք վստահութիւնը։ Հաշուի առնելով բանակցութիւններու զգայնութիւնը՝ ձեւաչափ փոխելու փորձերը կամ զուգահեռ դրութիւններու ստեղծումը, կրնան խախտել բանակցային գործընթացը եւ խոչընդոտել կարգաւորման յառաջընթացը»։
Միջնորդները երէկ իրենց կողմէ հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան մէջ միեւնոյն ժամանակ ընդգծեցին, թէ պատրաստ են համագործակցելու միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ, որոնք հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն հակամարտութեան արդար եւ կայուն կարգաւորման հասնելու ուղղութեամբ։ «Մենք ի գիտութիւն կ՚ընդունինք ԵԽԽՎ-ի ուշադրութիւնը ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման նկատմամբ։ Մենք կը բաժնենք մտահոգութիւնը, որ տեղ գտած է բանաձեւին մէջ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմաններուն, ինչպէս նաեւ շփման գծի երկայնքով լարուածութեան աճին վերաբերեալ։ Մենք խոր ափսոսանք կը յայտնենք մարդկային զոհերուն, ներառեալ քաղաքացիական անձերու մահուան դէպքերուն կապակցութեամբ», նշած են միջնորդները՝ համաձայնելով, որ հակամարտութիւնը տեւած է շատ երկար։ Ուստի, կողմերը պէտք է անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկեն՝ խաղաղ կարգաւորումը արագացնելու համար։ Վիեննայի մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ միջնորդները վերահաստատեցին, որ կարգաւորումը պէտք է հիմնուած ըլլայ կողմերու փոխադարձ համաձայնութեան վրայ, ինչ որ շեշտուած է Ֆրանսայի, Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի նախագահներու համատեղ յայտարարութեան մէջ եւ կը վայելէ միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը։ Համանախագահները ընդծեցին, որ ԵԱՀԿ-ի կողմէ հաստատուած իրենց լիազօրութեան շրջանակներէն ներս իրենք պիտի շարունակեն աջակցիլ հակամարտ կողմերուն։ Ըստ իրենց լիազօրութեան՝ անոնց խնդիրն է նպաստել հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, մասնաւորապէս, խթանել բանակցութիւնները՝ համապարփակ կարգաւորման հասնելու համար։ «Մենք որոշակի պաշտօններու նշանակուած դատաւորներ չենք եւ ոչ ալ փաստաբաններ», նշուած է միջնորդներու յայտարարութեան մէջ։
ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՄՈՍԿՈՒԱ ԱՅՑԸ
Միջնորդներու այս համատեղ յայտարարութեան զուգահեռ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան Մոսկուայի մէջ յայտարարեց, որ Արցախ երբեք պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի մաս։ «Ռեկնում» լրատու գործակալութեան մօտ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ան ըսաւ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի պետութիւններու կողմէ ճանաչումը կախում ունի ժամանակէ եւ քրտնաջան աշխատանքէ։ Ըստ Սահակեանի, Արցախ կը ձգտի կայուն եւ սերտ յարաբերութիւններ ունենալ այն բոլոր երկիրներուն հետ, ուր կ՚ապրի հայոց սփիւռքը։ Խօսելով շփման գծի վրայ տիրող իրավիճակին շուրջ՝ Բակօ Սահակեան ընդգծեց, որ ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի՝ Լեռնային Ղարաբաղ կը փորձէ ամէն ինչ ընել, որպէսզի լարուածութիւնը նուազի եւ միջազգային միջնորդներուն ջանքերը խթանուին։ Բակօ Սահակեան կրկնեց նաեւ, որ առանց բանակցային գործընթացին Լեռնային Ղարաբաղի ուղղակի մասնակցութեան՝ հնարաւոր չէ կարգաւորել այս հիմնախնդիրը։ Ըստ իրեն, միջազգային հանրութիւնը պէտք է ընդունի այս բանը եւ բանակցութիւններուն Արցախի միանալէն յետոյ միայն հնարաւոր է կարգաւորման գործընթացէն ներս յառաջընթաց արձանագրել։
Հարկ է նշել, որ Սահակեանի յայտարարութիւններու բովանդակութեան առընթեր երեւոյթն ալ ինքնին յատկանշական էր, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ մը առաջին անգամ մամլոյ ասուլիսով հանդէս եկաւ Ռուսաստանի մայրաքաղաքին մէջ։ Ան շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղ աշխարհի ամենաապահով, արագ զարգացող եւ ժողովրդավարական պետութիւնն է, հակառակ, որ չէ ճանչցուած միւս պետութիւններուն կողմէ։
Բակօ Սահակեանի Մոսկուայի մամլոյ ասուլիսի երեւոյթը «Ազատութիւն» ռատիօկայանին համար մեկնաբանեցին Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Արզումանեան եւ Դամասկոսի մօտ նախկին դեսպան Դաւիթ Յովհաննիսեան։ Անոնք յատկապէս ծանրացած են Սահակեանի ասուլիսին ընթացքին օրակարգի վրայ եկած՝ Ստեփանակերտի օդակայանի օգտագործման նիւթին վերաբերեալ արտայայտութիւններուն վրայ։ Ալեքսանտր Արզումանեանի կարծիքով՝ Արցախի օդակայանը կարեւոր է Ռուսաստանի համար եւ այժմ այս խնդիրը օրակարգի վրայ բերելով Մոսկուա կը փորձարկէ այդ մէկը օգտագործելու գաղափարը։
«Ռեկնում» գործակալութեան տնօրէն Մոտեսթ Քոլերոյի հարցման պատասխանելով՝ Բակօ Սահակեան Մոսկուայի մէջ յայտնած էր, որ հնարաւոր կը նկատէ Ստեփանակերտի օդակայանի օգտագործման յանձնուելէ վերջ Լեռնային Ղարաբաղի միանալը՝ Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքէ ներս հակաահաբեկչական համախոհութեան գործողութիւններուն։ Ան ըսած էր, թէ Ստեփանակերտ պատրաստ է հակաահաբեկչական գործողութիւններուն մասնակցելու հարցը քննարկել՝ օդակայանի օգտագործումէն վերջ։ Ուշագրաւ կը համարուի նաեւ այն մանրամասնութիւնը, թէ Քոլերօ իր հարցը բանաձեւելու ժամանակ չէ օգտագործած «Սուրիա» անունը ու չէ յստակացուցած, թէ իր խօսքը կը վերաբերի ռուսակա՞ն, թէ ոչ արեւմտեան համախոհութեան։
Ալեքսանտր Արզումանեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հետ զրուցելու ընթացքին ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, թէ Քոլերօ ռուսական իշխանութիւններուն մօտ անձնաւորութիւն մըն է եւ իր գործակալութիւնը կը հնչեցնէ իշխանական տեսակէտներ։ Ըստ իր ենթադրութիւններուն, սա թերեւս գաղափարի փորձարկում մըն է եւ սա անշուշտ կարեւոր է, որովհետեւ տարածքաշրջանը կը գտնուի Հայաստանի անմիջական հարեւանութեամբ։ Արզումանեան շարունակեց. «Հասկնալի է, որ Ռուսաստան կը փափաքի օգտագործել Հայաստանի իր ռազմակայանը, կամ երկրի օդակայաններէն մին, բայց, ըստ երեւոյթին նաեւ կը գիտակցի, թէ ինչպիսի՛ բարդ վիճակի մը մէջ կրնայ յայտնուիլ Հայաստան, եթէ դիմէ այդպիսի անխոհեմ քայլի մը։ Ուստի, կը քննարկուի հաւանաբար Ղարաբաղի՝ աւելի չէզոք տարբերակը, ինչ որ այս պահուն ամբողջութեամբ կը համընկնի Ղարաբաղի մօտեցումներուն հետ։ Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման եւ միջազգային առարկայ դառնալու պարագային սա բնականոն մօտեցում մըն է։ Եւ Ղարաբաղ գինը կ՚ըսէ»։
Իր կարգին, Դաւիթ Յովհաննիսեանն ալ յայտնեց, որ Մոսկուայի մէջ Բակօ Սահակեանի հետ ասուլիս մը կազմակերպելով՝ Ռուսաստան ճնշում կը գործադրէ Ատրպէյճանի վրայ։ Ան համոզուած է, թէ Սուրիոյ առընչութեամբ Ռուսաստանի տեսակէտէ հազիւ թէ հետաքրքրական ըլլայ Ստեփանակերտի օդակայանը։ Այս պայմաններուն ներքեւ, Յովհաննիսեանի մօտեցումով, ասուլիսի առաջին նպատակն է ճնշում գործադրել Ատրպէյճանի վրայ։ Եւ երկրորդը՝ բանակցային գործընթացը իմաստազրկուած է առանց Լեռնային Ղարաբաղի։ Յովհաննիսեան հաւանական կը համարէ, որ Ռուսաստան համաձայն է Լեռնային Ղարաբաղի բանակցային գործընթաց վերադարձին, որպէսզի յաւելեալ հնարաւորութիւններ ունենայ բանակցային գործընթացին վրայ ներազդելու իմաստով։
Ի լրումն այս բոլորին, Բակօ Սահակեանի մասնակցած «Արցախի օրեր Մոսկուայի մէջ» ծրագրի շրջանակներէն ներս երէկ ալ Մոսկուայի մէջ զեկուցումով մը հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան։ «Լեռնային Ղարաբաղ. նոր մարտահրաւէրներ եւ նոր հնարաւորութիւններ» նիւթով կազմակերպուած կլոր սեղանին ընթացքին բացման խօսքը արտասանեց Կարէն Միրզոյեան, նոյնպէս «Ռեկնում»ի համար։
ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի Երեւան կատարած այցելութեան արձագանգներն ալ կը շարունակուին։ Ինչպէս ծանօթ է, ռուսական թէ հայկական շարք մը լրատուամիջոցներ վերջին օրերուն պնդած էին, թէ Մոսկուա Երեւանին կ՚առաջարկէ ազատել Լեռնային Ղարաբաղի յարակից շրջանները, բացառութեամբ Լաչինի։ Այս արձագանգներու մթնոլորտին մէջ, պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ նախընթաց օր Երեւանի մէջ ժողով մը գումարած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ։ Սոյն ժողովին վերաբերեալ հաղորդումներուն մէջ որեւէ ակնարկութիւն չկայ այս նիւթին։
Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ վերջին օրերուն խօսեցան այս կապակցութեամբ։ Անոնցմէ մին եղաւ իշխանութեան գլուխ գտնուող Հանրապետական կուսակցութեան բանբերը՝ Հայաստանի Խորհրդարանի փոխ-նախագահ Եդուարդ Շարմազանով, որ նշեց, թէ նոր գործընթաց մը գոյութիւն չունի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։
Իր կարգին, Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեանն ալ յայտնեց, որ չի կարծեր, թէ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Լաւրովի հանդիպման ժամանակ անդրադարձ կատարուած ըլլայ տարածքներ յանձնելու հարցին։ «Առհասարակ գոյութիւն ունին Մինսքեան խմբակի համանախահներու առաջարկներ՝ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար։ Սկզբունքներու մասին առանձին խօսիլ, քննարկել անընդունելի է ոչ միայն մեզի, այլ նաեւ համանախագահներուն համար։ Այդ հանդիպման ընթացքին առհասարակ քննարկում եղած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման շուրջ, բայց չեմ կարծեր, որ նման հարցի մը անդրադարձ եղած ըլլայ», ըսաւ Նազարեան՝ շեշտելով, որ ինք ներկայ չէ գտնուած Նալպանտեան-Լաւրով զրոյցին։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը բացառեն, որ Մոսկուա կրնայ նման բացայայտ ու միակողմանի ճնշում մը գործադրել Երեւանի վրայ։
Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարարներէն Շաւարշ Քոչարեանն ալ երէկ յայտնեց, որ Ատրպէյճան սադրիչ գործողութիւններով վերստին կ՚ապացուցանէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչումը այընտրանք չունի։
ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Վերջին պնդումները երէկ արձագանգ գտան նաեւ Մոսկուայի մէջ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մեկնաբանեց Սէրկէյ Լաւրովի Հայաստան այցելութեան շուրջ ծագած խօսակցութիւնները։ Ռուս բանբերը դիտել տուաւ, թէ Սէրկէյ Լաւրով Երեւանի իր շփումներուն մասին մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է իր հայ պաշտօնակցին հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։ «Ես այդ յայտարարութեան ժամանակ ըսուածէն աւելին չեմ կրնար ըսել։ Կը կարծեմ, որ կարիք չկայ իրավիճակը սրելու։ Տեղեկատուութիւն ստանալու համար դիմեցէք առաջին աղբիւրին՝ նախարարի յայտարարութեան, որ տեղադրուած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջին վրայ։ Կրնամ ըսել, որ Ռուսաստան ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ սերտ կապեր կը պահպանէ ինչպէս հայկական, այնպէս ալ ատրպէյճանական կողմին հետ։ Կարգաւորման հարցին մէջ մեր դիրքորոշումը անփոփոխ է։ Մենք սա բազմիցս վերահաստատած ենք։ Կը յուսամ, որ մեր որդեգրած դիրքորոշումը պիտի հանգստացնէ Հայաստանի լրատուամիջոցները», ըսաւ Զախարովա։
«Մենք չենք առներ քայլեր, որոնք կրնան վնասել երկու կողմերուն», նշեց ռուս բանբերը։
Ռուսական մամուլին մօտ լոյս տեսած պնդումները մեկնաբանեց նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ֆրանսայի Երեւանի մօտ դեսպանը՝ Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ։ Ըստ իրեն, Ֆրանսա որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր ամէն ջանք կը ներդնէ հակամարտութիւնը խաղաղ բանակցային տարբերակով մը լուծելու համար։ Կիւմրիի մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին ան ըսաւ, թէ բանակցութիւններուն մէջ նուազ հաւանական է կողմերէն ոեւէ մէկուն համար անընդունելի մօտեցման որդեգրումը։
Ֆրանսացի դեսպանը մեկնաբանեց նաեւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան վերնախաւէն հնչող այն կարծիքները, ըստ որոնց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը արդիւնաւէտ չէ, իսկ Ֆրանսա՝ որպէս համանախագահ երկիր անկողմնակալ չէ։ «Նախ ես համաձայն չեմ, որ այդ երկրին մէջ բոլորը կը բաժնեն սոյն կարծիքը։ Եւ, ի միջի այլոց, Մինսքեան խմբակը օժտուած է ԵԱՀԿ-ի իւրայատուկ լիազօրութեամբ, որ կու տայ գործելու այդ իրաւասութիւնը։ Այսօրուան դրութեամբ, որքան որ ես տեղեակ եմ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ձեւաչափը ենթակայ չէ փոփոխութեան։ Իւրաքանչիւր անձ ազատ է մտածելու այնպէս, ինչպէս որ կ՚ուզէ։ Այսօր մենք տակաւին շշուկներու փուլին մէջ ենք», ըսաւ ֆրանսացի դեսպանը։
Միջնորդներու այս տրամադրութիւնով հանդերձ, Պաքուէն երէկ հերթական անգամ մեղադրանքներ հասցէագրուեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին՝ հայամէտ դիրքորոշում ունենալու համար։ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական ժողովին մօտ ապրուած վերջին իրադարձութիւնները ներկայիս տուն կու տան Պաքուի անհանգստութեան։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիքմէթ Հաճիեւի խօսքերով, քսան տարիէ ի վեր շարունակուող ապարդիւն գործունէութեան հետեւանքով միջնորդները կորսնցուցած են իրենց նկատմամբ տածուած վստահութիւնը թէ՛ միջազգային հանրութեան եւ թէ ատըր-պէյճանական հասարակութեան առջեւ։
ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ԵՐԿՈՒ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ԶՈՀՈՒԱԾ
Հայ-ազէրի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ գործադրուած բոլոր ջանքերով հանդերձ, Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին անընդհատ՝ մարդկային կորուստներով ու ծանր հետեւանքներով հանդերձ։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, թէ Նոյեմբերի 12-ի երեկոյեան ժամերուն Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով սահմանի վրայ զոհուած է երկու հայ զինուոր։ Նահատակներն են՝ Վահէ Վանոյեան (1995) եւ Միքայէլ Թորոսեան (1996)։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս դէպքին արձագանգելով հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու մէջ շեշտուեցաւ, թէ Ատրպէյճան կ՚անտեսէ միջնորդներու յորդորները եւ կ՚ոտնահարէ միջազգային իրաւունքի չափանիշները։ Նախարարութիւնը խստագոյնս դատապարտեց Ատրպէյճանի այս հերթական գործողութիւնը, որ կը կրէ ահաբեկչական բնոյթ։ Յայտարարութեան մէջ ուշադրութիւն հրաւիրուեցաւ, որ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը հերթական անգամ կը սրէ իրավիճակը եւ շփման գծին վրայ իրադրութեան ապակայունացման ուղղեալ քայլերը կը խտանան օրէ օր։