ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ՝ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջերս հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը նշուե­ցաւ Թարգ­ման­չաց տօ­նը։ Վար­ժա­րա­նի ա­ռա­ջին չոր­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կեր­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան հան­դէ­սի մը, ո­րու ըն­թաց­քին տղա­քը հան­դէս ե­կան ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, եր­գե­րով ու թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րով։ Ա­նոնք լսե­ցին նաեւ թա­ղի Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեա­նի խօս­քը։ Նոյն շար­ժա­ռի­թով միջ­նա­կար­գի դա­սա­րան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ մաս­նա­ւոր հան­դէս մը։ Ներ­կայ էին տնօ­րէ­նու­հի Ժա­նէթ Ներ­կիզ, վաս­տա­կա­ւոր կրթա­կան մշակ Շիր­վան Եըլ­տըզ, ու­սուց­չա­կան կազ­մէն դէմ­քեր, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։ Հան­դի­սա­վար­ներն էին Լու­քաս Էօզ­պերք եւ Լե­տա Ա­սուր­լուօղ­լու։ Զա­նա­զան ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րէ վերջ տղա­քը խմբերգ­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին՝ ե­րաժշ­տու­թեան ու­սուց­չու­հի Ա­նի­թա Գուր­տօղ­լուի մա­կա­նին ներ­քեւ։ Օ­րուան յայ­տագ­րին մաս կազ­մե­ցին նաեւ պա­րեր։ Ա­ւար­տին տնօ­րէ­նու­հի Ժա­նէթ Ներ­կիզ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Թարգ­ման­չաց տօ­նին կա­պակ­ցու­թեամբ ու շեշ­տեց, որ մայ­րե­նի լե­զուին կա­րե­ւո­րու­թեան պէտք է ի սրտէ հա­մո­զուած ըլ­լան բո­լո­րը։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը պատ­րաս­տուած էր ու­սուց­չու­հի­ներ՝ Լեռ­նա Գա­րա­գիւ­թիւ­քի, Նա­յի­րի Խա­չի­կօղ­լուի, Սիւ­զան Ա­չը­քի եւ Սե­լին Տե­միր­ճիի ջան­քե­րով։ 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015