ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Գայթակղութիւն» կը նշանակէ՝ չար օրինակ ըլլալ, մեղքի առիթ տալ։ Ան կը նշանակէ նաեւ՝ խայտառակութիւն։
«Գայթակղութիւն» բառը Սուրբ Գիրքի մէջ գործածուած է ընդհանրապէս «չար օրինակ հանդիսանալ» եւ «ուրիշի մը մեղք գործելուն առիթ ընծայել» իմաստներով։
Եւ դարձեալ, Սուրբ Գիրքի մէջ, գայթակղութիւնը ինքնին համարուած է «մեղք»՝ ուրիշներու մեղաւոր ըլլալու միջոց կամ առիթ ըլլալուն համար։ Այս իմաստով գայթակղութիւնը կրկնակի մեղք մըն է՝ մեղքի պատճառ հանդիսացող, մեղք ստեղծող «մեղք» մը, ըսենք՝ շատ մը մեղքերու «մա՛յր»ը, ստեղծիչը։ Եւ այս իսկ պատճառով ալ խստօրէն դատապարտուած է անիկա։
«Գայթակղութեան պատճառ մի՛ ըլլաք՝ ո՛չ հրեաներուն, ո՛չ հեթանոսներուն եւ ոչ ալ Աստուծոյ Եկեղեցիին», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ եւ գայթակղութեան առիթ տալը կ՚արգիլէ առանց խտրութեան, ամէն մարդոց նկատմամբ. (Ա ԿՈՐՆԹ. Ժ 32)։ Իսկ Յիսուս կ՚ըսէ, թէ հա՛րկ է, որ գայ գայթակղութիւնը այս աշխարհի վրայ. «Գայթակղութիւններ անպայմա՛ն պիտի պատահին, բայց վա՜յ այն մարդուն՝ որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ՚իյնան» (ՄԱՏԹ. Ժ 7)։ Ուստի գայթակղութիւններ անպակաս են այս աշխարհի վրայ։ Բայց Քրիստոսի վրայ չգայթակղիլը երանութի՜ւն է եւ զօրութիւն. «Երանի՜ անոր որ իմ պատճառով իր հաւատքը չի կորսնցներ» (ՄԱՏԹ. ԺԱ 6)։ Ուրեմն, որքան որ դժուար է հեռու մնալ գայթակղութիւններէ, բայց ասիկա բոլորովին անկարելի չէ՛։ Ուրեմն մարդ պէտք է նկարագրով զօրաւոր ըլլայ եւ զգոյշ գայթակղութիւններու դէմ, թէ՛ չգայթակղելու եւ թէ չգայթակղեցնելու համար ուրիշները։ Եւ ասոր համար ալ պայքարելու, հոգեւոր պայքար մղելու հաստատակամութիւն ունենալու է մարդ։ Յաճախ կ՚ըսենք՝ կարեւորը դժուար եղած բան մը գլուխ հանելն է, կարենալ իրականացնել բան մը՝ որ դժուար եւ նոյնիսկ անկարելի կը թուի։ Արդարեւ դիւրինը կատարել սովորակա՛ն է։
«Եթէ աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ՝ հանէ եւ նետէ՛ զայն, քանի որ նախընտրելի է որ անդամներէդ մէկը կորսնցնես, քան թէ ամբողջ մարմինով դժոխք նետուիս։
«Եթէ աջ ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ եւ նետէ՛ զայն, քանի որ նախընտրելի է որ անդամներէդ մէկը կորսնցնես, քան թէ ամբողջ մարմինով դժոխք նետուիս» (ՄԱՏԹ. ԺԶ 29-30)։ Այս տողերը, արեւելեան չափազանցութեամբ, ցոյց կու տան, թէ զոհողութիւններ ընել, որպէսզի գայթակղութիւններէ հեռու մնայ մարդ, նախընտրելի է՝ քան անոնց պատճառաւ տուժել։
Նախընտրելի է նաեւ՝ յաւէտ ուրանան մարդիկ իրենց անձը, քան թէ գայթակղութեան պատճառ ըլլան ուրիշներուն. «Աւելի ճիշդ է՝ ո՛չ միս ուտել, ո՛չ գինի խմել, ոչ ալ ուրիշ որեւէ բան ընել՝ որով եղբայրդ կը գլորի կամ կը գայթաղղի կամ կը տկարանայ։ Այս մասին քու համոզումդ՝ քու եւ Աստուծոյ միջեւ թող մնայ։ Երանի՜ անոր որ ինքզինք դատապարտութեան չ՚ենթարկեր այնպիսի բաներով՝ որով իր ընկերոջ փորձութեան պատճառ կ՚ըլլայ» (ՀՌՈՄ. ԺԴ 21-22)։ Արդարեւ մարդիկ կան, որ հաճոյք կ՚առնեն մէկ ուրիշը փորձութեան մատնելէ կամ գայթակղեցնելէ։ Անոնք կերպով մը ուրիշին միջոցով կամ ուրիշը շահագործելով յանցանք կը գործեն եւ անոնց գործած յանցանքը կրկնապատիկ յանցանք է, քանի որ թէ՛ ուրիշին յանցանքին կը մասնակցին եւ թէ ուրիշը յանցանքի մղելով, այսինքն գայթակղեցնելով՝ յանցանք գործած կ՚ըլլան։
Առաքեալը կը պատուիրէ հեռու մնալ եւ փախչիլ գայթակղեցնող մարդոցմէ. «Կը խնդրեմ, եղբայրնե՛ր, որ զգուշանաք անոնցմէ՝ որոնք երկպառակութիւններու եւ գայթակղութիւններու պատճառ կ՚ըլլան՝ շեղելով այն վարդապետութենէն որ դուք սորվեցաք» (ՀՌՈՄ. ԺԶ 17)։ Նաեւ կը պատուիրուի յանդիմանել զանոնք. «Մի՛ ընէք, տղա՛քս, քանզի աղէկ չեն այն լուրերը, որոնք ես կը լսեմ, դուք Տէրոջը ժողովուրդը կը մոլորեցնէք» (Ա ԹԱԳ. Բ 24)։ Եւ դարձեալ. «Ահարոն ըսաւ.- Թող իր Տիրոջս բարկութիւնը չբորբոքի. դուն կը ճանչնաս այս ժողովուրդը, որ չարին հակամէտ է» (ԵԼԻՑ ԼԲ 22)։ Ըստ Պօղոս առաքեալի, մանաւանդ իշխանութիւն ունեցող պաշտօնեաներ պէտք է, որ զգայուն ըլլան գայթակղութեան պատճառ ըլլալէ. «Որեւէ բանով պատճառ մի՛ ըլլաք որ Աստուծոյ գործը խափանուի կամ վարկաբեկուի» (Ա ԿՈՐՆԹ. Զ 3)։ Ուստի իշխանութիւն ունեցող պաշտօնեաներ, աշխարհական կամ հոգեւորական, կրկնապատիկ պատասխանատու կ՚ըլլան ուրիշը գայթակղեցնելու յանցանքէն։
Սուրբ Գիրքը կը սահմանէ գայթակղութեան պատճառ եղողներու պատիժը։ «Որովհետեւ անոնց կուռքերուն առջեւ ծառայութիւն ըրին ու Իսրայէլի տանը գայթակղութեան ու անօրէնութեան պատճառ եղան, անոր համար անոնց վրայ իմ ձեռքս վերցուցի» (ԵԶԵԿԻԷԼ ԽԴ 12)։ Գայթակղութեան պատճառ եղողներ պիտի զրկուին աստուածային խնամքէն եւ հոգատարութենէն։ «Բայց դուք ճամբայէն խոտորեցաք. շատերը օրէնքին մէջ գայթակղեցուցիք, Ղեւիին ուխտը աւրեցիք, կ՚ըսէ զօրքերու Տէրը։ Ուստի ես ալ ձեզ բոլոր ժողովուրդին առջեւ անարգեցի ու ցածցուցի, քանի որ դուք իմ ճամբաներս չպահեցիք, Օրէնքին մէջ աչառութիւն ըրիք» (ՄԱՂԱՔԵԱՅ Բ 8-9)։ Իսկ Յիսուս կ՚ըսէ. «Ով որ ինծի հաւատացող այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէ, աւելի լա՛ւ կ՚ըլլայ, որ գայթակղեցնողին վիզին մեծ երկանաքար անցուի ու ծովուն խորքը ձգուի՝ ընկղմելու համար» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 6)։ Կը հասկցուի, որ գայթակղութեան պատճառ եղողին պատիժը՝ մահուան դատապարտութի՛ւն է…։
Եւ իրապէ՛ս ուրիշին յանցանք գործելուն պատճառ ըլլալ եւ այս իմաստով օրինակ ըլլալու պատիժը շատ ծանր է, քանի որ ան ամբողջ ընկերութեան վնաս հասցնող արարք մըն է, «ընկերային յանցանք» մըն է։ Եւ ընկերային յանցանքները կը բազմապատկուին թէ՛ որպէս յանցանք եւ թէ որպէս յանցանք գործողներու, յանցաւորներու թիւը։ Գայթակղութիւնը, այս իմաստով կը նմանի վարակիչ հիւանդութեան մը՝ որ հետզհետէ կը տարածուի եւ համաճարակ հիւանդութեան մը կը վերածուի։ «Օրինակ» ըլլալ՝ իրապէս պատասխանատուութիւն կը պահանջէ, քանի որ ան կը հետաքրքրէ ամբողջ ընկերութիւն մը, հաւաքականութիւն մը։
Գայթակղութիւնը, ուրեմն մեծ չարութիւն է։
«Չարութիւն ընելու համար բազմութեան մէջ՝ այդ բազմութեան մի՛ հետեւիր ու դատաստանի ատեն իրաւունքը ծռելու համար շատերուն կողմը խոտորելով՝ մի՛ խօսիր» (ԵԼԻՑ ԻԳ 2)։
Մեր կեանքի ընթացիկ պայմաններուն մէջ, յաճախ անզգալաբար ու անգիտակցաբար օրինակ կ՚ըլլանք մեր շուրջիններուն, ուրեմն ուշադիր պէ՛տք է ըլլալ, եւ մանաւանդ հասարակութեան առջեւ եղող երեւելի անձեր բծախնդիր ըլլալու են միշտ՝ լա՛ւ օրինակ ըլլալու համար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 12, 2015, Իսթանպուլ